Արխիւ
Son günlerde toplumumuz içerisinde ve sosyal medyada dolaşan, toplum ihtiyacına binayen kendimize görev edinerek üstlendiğimiz bir proje hakkında çıkan söylentilere cevaben bildiririz;
“Asgayin kordz bekletilmez!” düşüncesiyle 7 Şubat 2024 tarihinde geliştirmeye başladığımız Nvera (bağış toplama) yazılımını 20 Şubat 2024 tarihinde emekçilerimiz ile sürdürülebilir ve güvenilirliğini en kolay şekilde denetlenmesini sağlayan, kullanımı kolay, dolayısıyla hataya en az sebebiyet verecek şekilde inşa edip ürün haline getirdik.
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ համախմբեց Պէշիկթաշի ընտանիքի զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչները։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը տարուան բոլոր օրերուն համար կը ներկայացնէ հոգեւոր խորհդածութիւններ, որոնք մտածելու կը մղեն ընթերցողը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերաբանութեան մէջ ընկերային փճացում սահմանումը կ՚օգտագործուի՝ նկարագրելու համար համայնքային միջավայրի մէջ ընկերային կեանքի փոփոխութիւնը, փլուզումը։ Ընկերային փճացումը կը վերաբերի արմատական վերափոխման, որու ժամանակ կ՚անհետանան ժամանակակից հասարակութեան հին որոշակիութիւնները եւ ի յայտ կու գան նոր սովորութիւններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլոր մարդիկը պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն մէջ, որոնք կը հային Աստուծոյ եւ Եկեղեւոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Այս պարտականութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդոց բնութենէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողք-զաւակ յարաբերութեան ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը կը նկատենք զաւակին տաղանդը յայտնաբերելու կարեւորութիւնը։ Այսօրուան մանուկը, բացայայտ թէ ծածուկ, ակամայ ձեւով երեւան կը հանէ իր նախասիրութիւնները եւ շատ անգամ փոքր տարիքէն մշակուած տաղանդ մը կրնայ մեծապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ անոնց ապագայ կեանքին վրայ.
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան։ Ան հասարակական գետնի վրայ գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ իր հետեւողական աշխատանքը կ՚առընչուէր նաեւ քաղաքականութեան հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։
Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի օրերուն գործնականօրէն հաստատուեցաւ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր ղեկավարութիւնը տարբեր ուղղութեամբ պիտի հունաւորէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կարգաւորումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան երկրի խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր խմբակցութեան՝ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդն է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը՝ Իսրայէլ եւ Սուրբ տեղեր:
Մարքօ Ռուպիօ Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ միաբաններու կողմէ:
Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնք առիթ դարձան հոգեւոր հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Զելենսքի-Վենս հանդիպում՝ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի շրջանակներէն ներս:
Հաքան Ֆիտան եւ Մարքօ Ռուպիօ անդրադարձան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին, նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի կացութեան:
Ճաբոնի կայսեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, երկրի հիւպատոսարանին նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի համալիրէն ներս։
Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Տեառնընդառաջի առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գերագին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք մըն է։ Մենք «Աստուծոյ կ՚ընծայենք մեր մարմինները՝ իբր զոհեր կենդանի, սուրբ, հաճելի». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 1), մեզմով կազմուած Քրիստոսի Մարմինին եւ Անոր Ս. Պատարագի հաղորդութեան մէջ։ Ո՛չ միայն քրիստոնեայ կեանքին, այլ նաեւ բարոյական կեանքն ալ իր ակունքը եւ գագաթնակէտը կը գտնէ զոհաբերութեան մէջ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Արդի պատմութեան յատկանիշներէն կրնանք համարել դաշնակցութիւն եւ դաշնակից պետութիւններ կազմելու հասկացողութիւնը, հակառակ անոր, որ անցեալին օրինակներ կան պետական դաշնակցութիւններէն, բայց, անոնք ներկայի չափ հաստատուն ու լիակատար կայացումով չեն եղած:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ բազմաթիւ են իրենց հետքն ու ստորագրութիւնը թողած գործիչներ. ինչպէս՝ նախագահներ, վարչապետներ, կուսակցապետեր եւ կրօնական առաջնորդներ։ Բոլոր համայնքներէն սերած, տարբեր կրօնական եւ գաղափարական մօտեցումներով գօտեպնդուած անունները բազմաթիւ են ու այս տուեալը պայմանաւորուած է Լիբանանի համայնքային երկիր մը ըլլալու եւ տարբեր կրօնական բաղկացուցիչներ ունենալու իրաւ հանգամանքով։