Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ։ Բօթը լայն արձագանգ գտած ու խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական վերջին ընտրութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթը ծախսուած, աւելի ճիշդը մսխուած աստղաբաշխական գումարներն են (անշուշտ խօսքը յայտարարուած ծախսերուն մասին է…): Թէ որքանո՞վ արդարացուած են այդ վատնուած գումարները՝ միշտ վիճելի, ոմանց համար անընդունելի պիտի մնայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները բռնակալութեան եւ բռնակալական համակարգերու հասարակական ազդեցութիւններու եւ գործարկման մասին։
Բռնակալութիւնը կը ծագի այն վայրերէն, ուր ընկերատնտեսական պայմանները թոյլ են. այստեղ կրնանք որպէս օրինակ բերել Եւրոպան Առաջին աշխարհամարտէն յետոյ եւ Ճաբոնը՝ Երկրորդ աշխարհամարտէն վերջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդպէս կ՚ըլլայ:
Այդ օր, մինչեւ ուշ երեկոյ, երկար ժամեր ուտելէ, խմելէ, խօսելէ, երգելէ, կենացներ «բացագանչելէ» ու մաղթանքներ փոխանակելէ ետք, երբ վերջապէս տարեդարձիդ առթիւ տանդ մէջ խմբուած հարազատներդ ու հիւրերդ ճամբելէ ետք, հակառակ անոր որ երեւոյթը շատ գեղեցիկ ալ էր, բայց եւ այնպէս, վերջապէս առանձնանալու կարիքը կը զգաս:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Վաղը երեկոյեան CRR-ի մէջ տեղի կ՚ունենայ յոբելենական համերգ մը՝ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունին, որ այս օրերուն կը գտնուի քաղաքս։ Շահան Արծրունի այս անգամ բարենպատակ ծրագրի մը համար Իսթանպուլ կ՚այցելէ եւ, ինչպէս միշտ, կեցութեան առիթը ծառայացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը ողջունելու։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս օրերուն իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ բարձրաստիճան հիւրեր։ Այսպէս, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի նորանշանակ պատասխանատու Տամի Պէն Խայիմ երէկ այցելեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Այս կորուստը ցաւ ստեղծած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ մինչ Պատրիարքական Աթոռը անմիջապէս տեղեակ պահած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Արի Աղպապեան ծնած է Լոս Անճելըս։ Ան մեծ քրոջս որդին է։ Արին կարելիութիւն չունեցաւ հայկական դպրոց յաճախելու, բայց ծնողքին հետեւողական եւ բծախնդիր հոգածութեան տակ ան սորվեցաւ մայրենին։ Արիին հետ Լոս Անճելըս նստած սուրճ կը խմէինք եւ կը զրուցէինք՝ եթէ հայերէնով բայց նաեւ ատեն-ատեն անգլերէնով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կիրակի, 17 նոյեմբեր 2024-ին ընտանիքիս հետ առիթ ունեցայ ներկայ գտնուելու «ԿՈՄԻՏԱՍ՝ ԵՐԱԺԻՇՏ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ» խորագիրը կրողը նախագիծին ութերորդ համերգին:
Այս նախագիծին գաղափարը ունեցած եւ զայն կեանքի կոչած է երաժիշտ, երգահան, երգիչ՝ Վահան Արծրունին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտրութիւններէն առաջ, քաղաքական գործիչ մը, քաղաքացիները սիրաշահելու նպատակով, կ՚որոշէ հոգեբուժարան մը՝ «խենթանոց» մը այցելել։ Շրջագայութեան ընթացքին կը կանգնի տարեց «խենթ»ի մը առջեւ եւ կը բարեւէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Առաքինութիւններու դիմաց պէտք է նկատի ունենալ նաեւ մոլութիւնները, որովհետեւ այնպէս ինչպէս առաքինութիւնները յաջողութեան, նոյնպէս մոլութիւնները ձախողութեան կ՚առաջնորդեն մարդը:
Հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ աշխուժօրէն կ՚աշխատի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ երկու երկիրները աշխուժօրէն կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ ՔՊ-ականներուն («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան) հարցնես, ապա 2018-2023 թուականներուն Արցախի հետ կապուած ամէն ինչ հոյակապ էր, այդ հայկական պետութիւնն ու անոր բնակիչները ոչ մէկ խնդիր ունէին, Փաշինեանի խումբի հմուտ ղեկավարութեամբ կը փթթէին ու կը բարգաւաճէին։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կ՚այցելէ Հնդկաստան. պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ:
Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Նարենտրա Մոտի քննարկեցին Փարիզ-Նիւ Տելհի համագործակցութեան հեռանկարները:
Արարատ Միրզոյեան եւ Աննալենա Պերպոք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի վիճակին շուրջ:
Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վրայ տարուած աշխատանքը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին:
Պաքուի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները միշտ արծարծուած կը պահեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը Պաքուի կողմէ կը համարուի բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն վերջ կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին գտնուած է։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս-Եփրեմ Բ. Պատրիարքին հետ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթշանէի վանքին մէջ։
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան յառաջիկային մասնաւոր վարդապետական աստիճան պիտի ստանայ։ Ան «Կրօնական հանդէսներ եւ «Հայ խօսնակ» ամսաթերթը իր նիւթերով» խորագրեալ աւարտաճառ մը յանձնած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։