Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանիքը ընկերային կեանքին առաջին վայրն է, որովհետեւ ան նաեւ առաջին տեղն է, ուր մարդ ինքզինք ուրիշին դիմաց դիրքորոշել, զայն մտիկ ընել, անոր բաժնեկցիլ, համբերել, յարգել, օգնել, կենակցիլ կը սորվի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրեթէ ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն ժամանակաշրջան ատած է իր եկեղեցականները եւ անոնց հակառակ՝ համակրանք ունեցած է օտար եկեղեցականներու հանդէպ։ Այս հիւանդութիւնը միայն հայ ազգին մօտ չէ, որ գոյութիւն ունի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ այս օրերուն կը հիւրընկալեն Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորն ու Քամիլլա թագուհին, որոնք պետական այցելութեամբ կը գտնուին Ուաշինկթընի մէջ։
Երէկ, Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ընդունեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Սառա Մէօլին։ Այս ձեւաչափով հանդիպում մը վերջին անգամ տեղի ունեցած էր վաթսուն տարի առաջ:
Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցաւ Ապպաս Արաղչիի հետ՝ իր կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովը։
Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան. «TRIPP-ը չի սահմանափակուիր միայն Ատրպէյճանի բուն մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ապահովելով»:
«Հայաստան շահագրգռուած է տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու բացմամբ՝ Կեդրոնական Ասիան կապելով Եւրոպայի հետ՝ փոխադարձ օգուտներու ապահովմամբ»:
«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Արատի (1913-1990) մասին գիրք մը, որու հեղինակն է արուեստաբան Ինճի Այտըն։
Հայց. Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու եղբայրական կապերուն հերթական դրսեւրումը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալեց Տ.Տ. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը, որու հետ ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ Գումգաբուի մէջ:
Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը։ Այսպէս, «Պէրպէրեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ha Kurtuluş, Ha Kınalı» խաղը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լոնտոնի սրտին մէջ՝ Պաքինկըմի պալատի սահմաններուն ներքեւ գտնուող Թագաւորական պատկերասրահին մէջ բացուած բացառիկ ցուցահանդէսը նուիրուած է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ծննդեան 100-ամեակին։
Շաբաթավերջին, Ուքրայնայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցան վեց համաձայնագրեր, որոնք հետամուտ են ամրապնդել երկու երկիրներու համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ: Երկօրեայ շփումներու ծիրէն ներս Միրզոյեան կը հիւրընկալուի Ֆրասնայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի կողմէ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
27 ապրիլը խորհրդահայ գրականութեան մէջ, Համօ Սահեանի ծննդեան օրէն երկու շաբաթ ետք, նշանաւորուած է ծննդեան տարեդարձով Յովհաննէս Շիրազի (Օննիկ Կարապետեան՝ աւազանի անունով, Ալեքսանտրապոլ, այժմ՝ Կիւմրի, 27 ապրիլ 1914 - Երեւան, 14 մարտ 1984):
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եթէ դուք տեղեակ չէք, թէ շաբաթ, ապրիլի 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ «խորոված փարթի» անունով «ֆէսթիվալ» մը կազմակերպուած էր, եթէ ձեր հեռաձայնի լուրերուն ու «ռիլ»երուն մէջ չհանդիպեցաք հրապարակին մէջ հաւաքուած, երգող, պարող, ուրախացող հո՜ծ բազմութեան տեսանիւթերուն, ուրեմն, երկու հաւանականութիւն.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծովային պաղ պատերազմ. այս պահուն խաղաղութիւն միայն այնքանով, որ բախումները չեն վերսկսիր:
Միացեալ Նահանգներ-Իրան առկայ փակուղին ստեղծած է խորապէս խոցելի վիճակ մը, երբ կը փորձեն ժամանակ գնել:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային յարաբերութիւնները այնպիսի խորք ու բազմաշերտ կառուցուածք ունին, որ զանոնք պարզ բանաձեւերով բացատրելը գրեթէ անհնար կը դառնայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յանկարծահաս վտանգներու պահուն քաջութիւնը չկորսնցնել, մահուան իրական վտանգի ատեն պաղարիւնութիւնը պահել, ամէն մահկանացուի գործ չէ՛։ Վախը բնազդ մըն է, որ կ՚երեւի ջղային խառնուածք ունեցողներու մէջ աննուաճելի կը դառնայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէնը աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ ամենէն լաւն ու արժէքաւորն է: Մենք մեծ ժողովուրդ ենք, ստեղծագործ ժողովուրդ ենք. թիւի շատութեան մի՛ հաւատաք, մրջիւններն ալ շատ են…
Շաբաթավերջին, Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ» նորակազմ մանկապատանեկան երգչախումբի անդրանիկ համերգը, ինչ որ համայնքային շրջանակներէ ներս արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան: Հարկ է նշել, որ «Ապագայ»ն կազմուած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի աշակերտներէն:
Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պաղի եւ ընկերներու գործի գլուխ գալուն զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական մրցում մը։ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մարզական աւանդութիւններուն մէջ լուրջ դեր ունեցած երկու ակումբներու՝ Թաքսիմի եւ Պէյօղլուսփորի վեթերանները հանդէս եկան բարեկամական մրցումով մը։