Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ շատ անգամ կը մտածեն, որ նպատակներուն քիչ քիչ մօտենալը երբեք չմօտենալէն լաւ է. իրականութեան մէջ տեսականօրէն ճիշդ ըլլալ կը թուի, սակայն մասնագէտներ կը յայտնեն, որ ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը կիսատ կատարուած գործն է. շատ պարզ մարդկային օրինակով ըսենք այսպէս. դպրոցէն ետք իր ամբողջ ժամանակը դասին տրամադրո՞ղը շատ աւելի լաւ կրնայ սորվիլ ու յաջողիլ, թէ ան՝ որ դպրոցէն ետք բանուորութիւն կ՚ընէ ու ժամանակ չ՚ունենար դասերը սորվելու. վստահաբար առաջինը. նոյնն է նաեւ յաջողութեան պարագային։
Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ յայտնեց, որ «Արմսաթ-1» արբանեակի տիեզերք ուղարկման նպատակը չէ եղած երկրի բոլոր խնդիրներուն լուծումը։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնին կոչուեցաւ Արմինէ Աֆէեան, որ կը յաջորդէ Արման Ջիլաւեանին։ Այս վերջինը կազմակերպութիւնը ղեկավարած էր հիմնադրման հաստատման առաջին տասնամեակին։
Պաքուէ ներս արդէն ընթացքի մէջ է COP-29 կլիմայի գագաթաժողովը, որ կը համախմբէ ՄԱԿ-ի համապատասխան շրջանակային պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու ղեկավարները։
Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղեալ քաղաքական գործընթացը վերակենդանացնելու համար ջանքեր:
Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները կը շփուին Աստանայի ձեւաչափին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ տեսակցեցաւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարիա Սթեներկարտի հետ՝ դէպի Սթոքհոլմ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ուքրայնայի իրավիճակը։
Էրտողան անբաւարար կը նկատէ մահմետական երկիրներու հակազդեցութիւնը Իսրայէլի դէմ:
Հանրապետութեան նախագահը Ռիատի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ:
ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովին զուգահեռ՝ հրապարակուեցան գործադիր խորհուրդներու նոր կազմերը:
Սեմ Սիմոնեանի պաշտօնամուտի փուլին աշխարհատարած կազմակերպութիւնը կը համախմբէ ազդու ազգային գործիչներ:
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք՝ մահուան 86-րդ տարելիցին առթիւ։ 10 Նոյեմբերի հերթական ոգեկոչումը վերածուեցաւ Մեծն Աթաթիւրքի նկատմամբ վերանորոգ համատարած սիրոյ՝ հերթական դրսեւորման։
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեր այս գողտրիկ սրբավայրի արարողութիւններուն՝ մինչ իսկապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած էր։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կոչ՝ արդար խաղաղութեան հաստատման համար:
«COP-29» գագաթաժողովին զուգահեռ՝ Վեհափառ Հայրապետը վերստին արծարծեց՝ Պաքուի հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հարցը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը սրբազան օծուելէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Խաչատրեան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ուխտի Սուրբ Պատարագէն վերջ, այս հինգշաբթի պիտի պատարագէ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ո՞րն է ժամանակակից մարդու ամենամեծ խնդիրը եւ ի՞նչ պէտք է ընենք անոնցմէ ազատելու եւ երջանիկ ըլլալու համար:
Իրականութեան մէջ, երբ հեռուէն դիտարկենք, ամէն ինչ կարծէք թէ բնականոն հունի մը մէջ է. բոլորս կ՚ապրինք, լաւ թէ վատ եւ կը մտածենք աշխատանքի/դպրոցի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անկեղծութիւնը մարդկային կեանքին անհրաժեշտ եւ հաստատ վարքը եւ արտայայտութեան կերպն է, որ անսուտ, ճշմարիտ ընթացքով կը ձգտի ճշմարտութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խօսեցանք հեռանկարներու, երազներու եւ նպատակներու մասին. խօսեցանք հաստատամտութեան եւ ակնթարթի մէջ յաջողելու փոխարէն երկարաժամկէտ յաջողութեան մասին, սակայն այս բոլորը կատարելութեան ո՛ր վիճակին մէջ ալ գտնուին, կը կարօտին մէկ բանի՝ ժամանակի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ռոպէր Քոփթաշի «İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Unufak» վէպի արդէն երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է։ Սա Ռոպէր Քոփթաշի առաջին վէպն է, որ գրասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայոց Եկեղեցին չէ մասնակցած Քաղկեդոնի ժողովին եւ Բաբգէն Կաթողիկոսի ժողովէն սկսեալ չէ ընդունած զայն եւ Լեւոնի Տոմարը՝ հետեւեալ գլխաւոր պատճառներով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կարճ ժամանակուան մէջ եկող «յաջողութիւն»ը բախտ է, մինչ երկարաժամկէտ ու յամառ աշխատութեան վրայ հիմնուած յաջողութիւնը կամքի ուժի արդիւնքն է. շատեր ունին այն համոզումը, որ յաջողութիւնը քիչերու տրուած մենաշնորհ մըն է եւ մեծաւ մասամբ այս համոզումը ունին այն մարդիկ, որոնց մօտ կը պակսի կամքի ուժը.