Արխիւ
Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միշտ լարուածութիւն. ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքը «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման ցուցարարներուն դէմ պաշտպանութեան տակ առաւ այս առաւօտեան նիստէն առաջ:
Քոնստանդին Զատուլին. «Փաշինեանի իշխանութեան իւրաքանչիւր օրը Կովկասի եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ նուաստացում է Ռուսաստանի համար»:
Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին երէկ այցելեց Հէյպելի կղզիի յունաց վանքը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մէջ։ Տասնամեակներէ ի վեր փակ է այս վանքը եւ անոր վերաբացումը միշտ օրակարգի վրայ է՝ հաշուի առնելով, որ առարկայ է միջազգային հետաքրքրութեան։
Թուրքիա վերահաստատեց իր խրախուսանքը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ի նպաստ:
«Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայ մթնոլորտի էական փոփոխութիւն, բայց սա չի նշանակեր, թէ կը մնայ միայն խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը»:
Ցաւով տեղեկացանք, թէ ոստիկանական ուժերը ինչպէս խոչընդոտած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շքախումբի մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր, 28 Մայիսի նուիրական օրը, երբ Հայոց Հայրապետն ու հոգեւորականաց դասը կ՚այցելէին համազգային նուիրական յուշակոթող՝ աղօթելու մեր հայրենիքի բարօրութեան, հայրենեաց պաշտպան հայորդեաց յիշատակը պանծացնելու համար։
Հայաստանի մէջ 28 Մայիսի՝ Հանրապետութեան տօնի երէկուան արարողութիւններուն ժամանակ ոստիկանութիւնը խոչընդոտեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր, ուր նոյնաժամանակ կը գտնուէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու պետական աւագանիէն դէմքեր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կրկնեց իր զօրակցութիւնը ի նպաստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին. «Մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես հայրենիքի քանդումին»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան, որ այս օրերուն իր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի, երէկ հիւրընկալուեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ էին «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ շարք մը համակիրները։
Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Մարալ Այվազ հերթական անգամ համախմբեց իր համակիրներն ու հայ երգի սիրահարները, որոնք խանդավառ ապրումներ ունեցան։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Լիբանանցի պատասխանատուն, որ պարտականութիւն ունէր Լիբանանի մէջ ազգային հաշտութիւն իրականացնելու, իր ձեռքերը ոգեւորուած իրարու շփելով դուրս եկաւ [այդ պարտականութիւնը] իրեն յանձնարարած բարձր պաշտօնեային գրասենեակէն, յոյս ունենալով իր պարտականութիւնը յաջողցնելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քարը գլորուած է, գերեզմանը՝ բաց, դիակը՝ անհետացած… այնտեղ նստած է երիտասարդ մը՝ որ «տարօրինակ» եւ անիմանալի խօսքեր կ՚ըսէ… եւ սքանչելի՜ է այդ երիտասարդին կերպարը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մերօրեայ հայը անցեալին հայերէն ինչո՞վ կը տարբերի. այս մէկը լուրջ վերլուծութեան խնդիր է, սակայն աւելի քան պարզ է, որ մերօրեայ հայը աւելի նուազ հայ է՝ քան անցեալի հայը. սակայն զաւեշտալի ճշմարտութեամբ մը, մերօրեայ հայը շա՛տ աւելի հայ է՝ քան վաղուան հայը:
Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը ընդհանուր նպատակ. Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ միշտ կը ջանան խրախուսել հաշտութիւնը:
Ռուսաստան Հայաստանի հետ առեւտուրի գծով հարց չունի եւ Ատրպէյճանի աջակցութիւնը կ՚ակնկալէ՝ Ղարաբաղի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու համար:
Հայաստանի հիւսիսին շաբաթավերջին պատահած ջրհեղեղի հետեւանքները մեղմացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։ Կառավարութիւնը 300 միլիոն դրամ յատկացուցած է հեղեղներէն տուժած համայնքներու եւ շրջաններու հրատապ խնդիրներու լուծման նպատակով։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ալեկոծումները կը շարունակուին, ինչ որ կը պայմանաւորէ նաեւ 28 Մայիսի՝ Հանրապետութեան տօնի մթնոլորտը։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը, թէեւ բազմամարդ հանրահաւաքներ կազմակերպել չյաջողելով հարցականի տակ կը թողու իր ներուժը, սակայն իշխանափոխութեան հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը ամէն տարի կը կատարուի Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ վերջին օրերուն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա, այսօր կը վերադառնայ Թուրքիա։ Ան այցելութեան օրերուն մասնակցեցաւ զանազան եկեղեցական արարողութիւններու եւ տեսակցեցաւ՝ իր այցելած շրջաններու՝ մանաւանդ նախկին թրքահայ հաւատացեալներուն հետ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով։ Նիստի աւարտին ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Էքրէմ Իմամօղլուն շնորհաւորեց՝ վերընտրութեան առթիւ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի գիտական շրջանակներէն ներս հայ մամուլին նուիրուած քանի մը գիտաժողովներ եղած են: Զանազան տարիներու Երեւանի մէջ գիտաժողովներ իրականացուած են՝ նուիրուած հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, Մխիթարեան Միաբանութեան «Բազմավէպ»ին եւ աւանդական մամուլի այլ անուններու:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Եթէ պարզ ձեւակերպենք համամարդկային արդարութեան հասկացողութիւնը կամ նուազագոյնը անոր պատկերացման ընթացքը միջին չուղղորդուած, ազդեցութեան դաշտի մարդու մը կամ հաւաքականութեան մը մօտ, սա մարդկութեան բարօրութեան հասնիլն ու համերաշխութիւնն է՝ առանց խորանալու այդ նպատակին հասնելու ձեւաբնոյթներու մէջ: