Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

24 Ապրիլի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։ Պետական աւագանիի անդամները յուշահամալիրին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին առջեւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

Türkiye Ermenileri Patriği Sayın Sahak Maşalyan,
Ermeni Toplumunun Kıymetli Mensupları,
Değerli Vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla selamlıyorum.
Birinci Dünya Savaşı’nın zorlu şartlarında hayatlarını kaybeden OsmanlıErmenilerini bu yıl da saygıyla anıyor, torunlarına bir kez daha taziyelerimi iletiyorum.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

Մինչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին սրբադասած է 1915-ի նահատակները, ամէն տարի 24 Ապրիլին կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ ալ այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին թէ՛ 1915-ի բոլոր զոհերը հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան եւ թէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութիւնը խնդրուեցաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Ապրիլի 28-29-ին տեղի պիտի ունենան իր շփումները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին այս շաբաթավերջին հրաժեշտ պիտի տայ նորոգ վախճանեան Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ պիտի մասնակցի Քահանայապետի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, ապրիլի 26-ին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման հիմնական փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը բնորոշուի առկայ մարտահրաւէրներու դէմ անխախտ կամքով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Գումգաբուի մէջ երէկ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած աւանդական այցելութիւններուն առթիւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ կրթական համակարգը երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար բարեփոխել. պատճառը ծայր աստիճան այլանդակուած վիճակն է։ Վարչայիններու ձախողումը բազմապատկուած է մասնագէտի հովեր ստացած միջակութիւններու գործած աւերներով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք արաբերէնէ թարգմանաբար փունջ մը մտածումներ, եգիպտացի գրող, փիլիսոփայ եւ բժիշկ՝ Մուսթաֆա Մահմուտէն: 
* Մեր ձեռքին հասած ամէն բան զգուշութեամբ եւ քննադատող միտքով կարդանք: Այնքան շատ թոյն կը ներարկուի մեզի, որու նպատակը մեր կորուստն է:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ եւ անոր ըսաւ.- Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես եւ պիտի չապրիս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին զանազան զգացումներ, որոնք իրենց տարբերութիւններով մարդուն կու տան ուրախութիւն կամ տխրութիւն, սակայն, կայ զգացում մը, որ անոնց մէջ ամենէն տարօրինակն ու հարցականը կը թուի ըլլալ. զգացում՝ որ անորոշութեան մէջէն կը ստեղծուի եւ այդ անորոշութեան կը մատնէ մարդը. զգացում՝ որ համամարդկային է՝ մտահոգութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ներկայիս ամէն բան անհասկնալի է եւ կը դժուարանանք շատ յաճախ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր հետ եւ մեր չորսդին:
Պատասխան.
Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան» (Առ 28.5):

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի երկու համարներ եթէ միասին կարդանք, պիտի տեսնեք, որ երջանիկ ըլլալու համար պէտք է միշտ աւելի ուրախ ըլլալ։
Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներու գրած իր առաջին նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք». (Ա ԹԵՍ. Ե 16)։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տակաւին մի քանի վայրկեաններ առաջ, երէկ, ամբողջ համացանցն ու լրատուական աղբիւրները փոխանցեցին, թէ 88 տարեկան հասակին մէջ մահացած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը։ Վստահաբար, շատերուն ծանօթ է, թէ վերջերս Հռոմը ինչպիսի հակահայ քայլերու դիմեց. քայլեր՝ որոնց մասին իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին մեր Սուրբ Աթոռները եւ հայու մշակոյթով մտահոգ փոքրամասնութիւնները.

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն շաբաթավերջին դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախաւորուած է Սիւնիքի մարզի Խոզնաւար բնակավայրը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

Ռուսաստան անմիջական կարեւորութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանի իրադրութեան վերափոխման հեռանկարներուն նկատմամբ:
Մոսկուա Երեւանէն կը տեղեկանայ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերջին մանրամասնութիւններուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

Կաթոլիկ եկեղեցին պաշտօնապէս սուգի մէջ. պատրաստութիւններ թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ 267-րդ հովուապետը ընտրելիք Քոնքլաւի գումարման համար:
Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի մարմինը վաղը այցելութեան կը բացուի Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս՝ վերջին յարգանքի համար: Վատիկանի մէջ իշխանութիւնը արդէն անցած է կարտինալներու: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցաւակից: Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս վշտակցութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգի հարցերը, սովորաբար, կը քննարկուին տօնական հաւաքոյթներու ընթացքին։ Սա տրամաբանականօրէն որքան որ ալ հիմնաւորուած չըլլայ՝ գործնականօրէն ձեւաւորուած նախընթաց է։ Զատիկին ալ եղաւ նոյնը։ Բարեբախտաբար, փոթորկալի մթնոլորտ չկար, սակայն, Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ։

Էջեր