Արխիւ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կը մասնակցի ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Հայ Երուսաղէմը այս օրերուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ուրախութիւնը կ՚ապրի։ Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ, տարեմուտի այս փուլին ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտը առիթ կը դառնայ, որ սաղիմահայութիւնը տոգորուի լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, նաեւ ամրապնդուի վճռականութեան մէջ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն Երեւանով եւ Պաքուով։
Էսատի անկումէն վերջ առաջին պաշտօնական այցելութիւն. Թուրքիա եւ Սուրիա պատմութիւն մը գրի առին։
Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ խտացեալ աշխատանք։ Յունուարի 20-ին պիտի վերաբացուի Հալէպի թրքական հիւպատոսարանը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը։
Նաիրի Պետրոսեան շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, նաեւ Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան տարեդարձը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լոյս տեսած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի պարբերական հրատարակութիւններէն ամենաերկարամեան՝ «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը, որ լոյս կը տեսնէ 1947 թուականին: Այս հրատարակութիւնը միայն անունով օրացոյց է, զայն գիրքի մը բովանդակութեան չափ հարուստ նիւթ կը պարունակէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս արաբերէնով հրապարակումի մը հանդիպեցայ, որ կը կրէր «Երեխաներու առողջ դաստիարակութիւն» խորագիրը:
Գրութիւնը իր մէջ կը պարունակէր ինն ամփոփ կէտեր, ուր կը նշուէր, թէ ինչպէս կարելի է, աւելի ճիշդ, ծնողներ ինչպէս պէտք է վարուին իրենց երեխաներուն հետ, այլ խօսքով, ինչպէս պէտք է դաստիարակեն զանոնք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութեան մէջ իսրայէլացիներու նահապետներ վրանաբնակ էին։ Վրանը ջրհեղեղէն առաջ հնարուեցաւ. (ԾՆՆԴ. Դ 20), եւ ի բնէ շատ յարմար էր հովուական կեանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդէն չեմ գիտեր քանի տասնամեակէ ի վեր կը լսենք նոյն յանկերգը. «Նահանջի մէջ է ազգային արժէքները». բոլորիս համար ալ պարզ էր, տակաւին աւելի քան յիսնամեակ մը առաջ, որ օտարութեան մէջ մեծ է հաւանականութիւնը կորսնցնելու ազգային արժէքներ եւ անոնց պակասը օտարին արժէքներով լրացնելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հարցում. 2022 թուականը որպէս սփիւռքի տարի, ի՞նչ տարբերութիւն ունեցաւ 2021-էն. եւ կամ 2023-ը սփիւռքի նուիրուած տարին բոլորելով ի՞նչ յառաջդիմութիւն արձանագրեց:
Այս հարցադրումները կը կատարենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ եթէ 2024 թուականը այն է, ինչ որ 2021-ը կամ 2023-ը, ապա ինչո՞ւ համար իւրաքանչիւր տարի նուիրել բանի մը՝ երբ զգալի փոփոխութիւն մը պիտի չտեսնենք:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս, Գալիֆորնիոյ մէջ ծագած հրդեհները կը շարունակեն միջազգային անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին արձագանգեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառման մէջ համերաշխութիւն յայտնեց Գալիֆորնիա նահանգի անտառային հրդեհներէն տուժածներուն՝ ներառեալ տեղւոյն բնակիչ ամերիկահայերուն։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավարին հետ։
Թուրքիոյ հրեայ համայնքը կը սգայ իր ութսունհինգամեայ հոգեւոր առաջնորդին տխուր կորուստը:
Ռաւ Իսհաք Հալեւա տասնամեակներու ծառայութեան տեւողութեան ճանչցուած էր՝ որպէս ժողովրդական մարդ: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան փոխանցեց վշտակցութիւնները: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցական մը ուղարկեց րաբունապետարան:
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն զգալի յառաջընթաց ապրեցան, երէկ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեցին։ Այսպէս, Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը։
Պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները երէկ կարեւոր ժողովի մը մասնակցեցան՝ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութենէն ներս։ Այս ժողովը նախատեսուած էր քաղաքիս բոլոր փոքրամասնական վարժարաններու ղեկավարներուն համար եւ, հասկնալիօրէն, մասնակիցներու շարքին գերակշիռ էին հայկական վարժարաններու տնօրէնները։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պէտք է սիրես երկինքը, որպէսզի անձրեւէ:
Եւ ծառերը՝ որպէսզի ծաղկին:
Եւ արուստագէտը՝ որպէսզի ստեղծագործէ:
Եւ չբեր կինը՝ որպէսզի ծննդաբերէ:
Եւ բանակները՝ որպէսզի յաղթեն:
Եւ ժողովուրդները՝ որպէսզի հաւատան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լերան քարոզը». (ՄԱՏԹ. Ե 1-14), իրապէս ուղեցոյց մըն է մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ որ կը լուսաւորէ ճամբան եւ կ՚առաջնորդէ մեծ կատարելութեան՝ որ է Լոյս եւ Ճշմարտութի՛ւն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Չինաստանի «Պոյա» գիտահետազօտական կեդրոնի պատուոյ նախագահ Ռուի-Ցի Լիյուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին՝ Փեքինի մէջ տեղակայուած կեդրոնի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։
Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հիւրընկալուեցան Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոքի կողմէ՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրագործման եւ խաղաղութեան հաստատման պարագային՝ Շիրակի մարզէն ներս նախատեսուած «Չոր նաւահանգիստ» ծրագիրը կրնայ դառնալ տարածաշրջանային բեռնափոխադրութեան լրջագոյն հանգոյց մը։