Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ ներկայութիւնը օրէնքի մը՝ որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտական է հնազանդիլ։ Այս ձայնը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու «բարի»ն եւ զգուշանալու «չար»էն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մտերմութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ահաւասիկ 1,000 եւ ահաւասի՛կ 1... Անիի աւերակուած եկեղեցիները չենք հաշուեր, ո՛չ ալ արաբական մշակոյթին մէջ յայտնի Շահրազատի հազար ու մէկ գիշերները կը մտաբերենք. պարզապէս ետեւ նայելով կ՚ուզենք արժեւորել արգասիքը մեր ցանքին:
Հարկ է պատշաճը հատուցել այն ջանքերուն, ինչ որ արդէն վեցերորդ ամիսն է՝ Հայաստանի լաւ ապագային համար կը գործէ «Տաւուշը՝ յանուն Հայաստանի» շարժման առաջնորդը: Բագրատ սրբազանի մասին տեսակէտները կրնան տարբեր ըլլալ՝ ծայրայեղ դրականէն մինչեւ ծայրայեղ բացասական՝ նոյնիսկ կծու վիրաւորանքով լի պիտակաւորումներ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ան հայաստանեան նիրհուն քաղաքական դաշտ բերաւ ո՛չ միայն գարնանային շունչ ու թարմութիւն, այլեւ` ինքնավստահութիւն, հոգեւոր լիցքեր եւ պայքարի ոգի:
Անմահ արուեստագէտ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ՝ «Ժամանակէ եւ տարածութենէ անդին» խորագրին ներքեւ կարեւոր ծրագիր:
Թուրքիա եւ Անգլիա. Եւրոպայի երկու ծայրամասերու ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ: Նախարարներու ժամադրութիւն:
Եւրոպան, Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմն ու Սուտանի մտահոգութիւնները Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ ուշադրութեան առարկայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի յարձակումները կը շարունակուին Լիբանանի դէմ ու կը խլեն զոհեր, կան հազարաւոր վիրաւորներ, նաեւ իրենց երկրին մէջ փախստական, գաղթական դարձածներ։
Էլչին Էմիրպէյով COP29 գագաթաժողովին ընդառաջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ ծաւալեց:
Ատրպէյճան Անգլիոյ հետ կ՚արծարծէ Հայաստանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարները:
Հունգարիոյ վարչապետը Վրաստան այցելեց՝ յետընտրական լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:
Պրիւքսէլն ու Մոսկուան տարբեր յաճախականութեան վրայ են՝ Թիֆլիզէ ներս ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւններու պարագային:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի երկրի տնտեսութեան աճի ներուժը մեծնայ։ Ան համոզուած է, թէ վաղ թէ ուշ Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի զարգանայ՝ սեփական հնարաւորութիւններուն համապատասխան։
29 Հոկտեմբերը այս տարի եւս մեծ համախմբում ապահովեց Հանրապետութեան հիմնարար արժէքներուն շուրջ:
Անգարայի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը ներկայացնելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նոյն նպատակով յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Թուրքիայէն լրագրողներու այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Հայաստան։
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքարանի Տեղեկատուութեան եւ հրատարակչութեան բաժանմունքներու պատասխանատու Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան այսօր կը մեկնի Վենետիկ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով կը ճամբորդէ դէպի Հայաստան, ուր իր կեցութիւնը կը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։
ՀՐԱՆԴ Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Այս առաւօտ,
դիակս գտան`
գլուխս խոնարհած ստեղնաշարին համակարգիչիս։
Հարուածէն՝ ճակտիս արեան հոսք մը մեղմ
տառերուն անզարդ երանգ էր տուած...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած թէժ պատերազմը կը շարունակուի՝ սեպտեմբերի 23-էն ի վեր։ Զոհերուն թիւը գերազանցած է երկու հազար հինգ հարիւրը, կան աւելի քան տասն հազար վիրաւորեալներ եւ շուրջ մէկ միլիոն լիբանանցիներ գաղթական դարձած են՝ իրենց իսկ երկրին մէջ։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ան որ առաջին անգամ տարածաշրջան կ՚այցելէ եւ կը լսէ, թէ ինչպէս արաբական մամուլը իր բարկութիւնը կը թափէ ալ-Սատաթին վրայ, եւ կը թուարկէ ողբերգութիւններն ու դժբախտութիւնները, որոնք պատահեցան արաբական աշխարհին ալ-Սատաթի նախաձեռնութեան պատճառով, կը կարծէ, թէ այս աշխարհը դրախտ էր անկէ առաջ եւ իրմէ ետք դժոխքի վերածուեցաւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բաբգէն Կաթողիկոս. (490-515)։ Ծնած է Վանանդ գաւառի Ոթմուս գիւղը. աշակերտած է Յովհան Մանդակունիի՝ որուն յաջորդը եղաւ։ Վահան Մամիկոնեանի մարզպանութեան օրով կաթողիկոս է եղած, այնպիսի ատեն մը, երբ Հայաստան բաւական խաղաղ շրջան մը կը բոլորէր. հետեւաբար միջոց եղած էր եկեղեցական-դաւանական խնդիրներու մասին մտածելու եւ այս հարցերով զբաղելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս բոլորին մէջ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սեփական շահ ունէ՞ր. զինք հիւանդութեան չափ մտահոգող այս հարցը համազգային հարց մը պէտք չէ՞ ըլլար. այդ թուականներուն հայկական վարժարաններու մասին դրական արձագանգ չէին տար մտաւորականները։
2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ, որ նոյնիսկ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն կ՚ամաչնան «յեղափոխութիւն» անուանել, հանրային-քաղաքական կեանքի գլխաւոր դերակատարները, այսպէս կոչուած, «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայուցիչները դարձած էին։
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքմամբ։ Իր խօսքով՝ սա կը համապատասխանէ ամբողջ ԱՊՀ-ի շահերուն՝ ներառեալ տուեալ երկու երկիրները։