Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ԿՈՅՍ՝ նշանակ է կռապաշտութենէ զերծ հաւատարիմ ծառաներու. (ՅԱՅՏ. ԺԴ 4)։
ԿՐԱԿ կը նշանակէ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը. (ԵՐԵՄ. ԻԳ 29). դարձեալ, բան մը զտելու միջոց. (ԶԱՔ. ԺԳ 9), (ՄԱՂ. Գ 2)։ Կը նշանակէ նաեւ հալածանք. (Ա ՊԵՏ. Ա 7), եւ պատիժ կամ տանջանք. (ՄԱՐԿ. Թ 44)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութիւնը իրականութեան մէջ կրթութեան մէջ մասնիկն է (պարտի՛ ըլլալ). կը հաւատանք, որ դպրոցական աշակերտներուն համար կեանքի պայքարին մասին գիտութիւն ստանալը շատ աւելին կ՚արժէ, քան թուաբանութեան կամ աշխարհագրութեան դասընթացք մը. թէ՛ ընտանեկան եւ թէ դպրոցական կրթութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մանուկին վրայ եւ հետեւաբար կարելի չէ անկէ դուրս ձգել կեանքի պայքարի գաղափարը, որպէսզի անոնց մէջ կամաց կամաց կազմուի ապագայ երիտասարդը.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութիւնը երկինքէն տեղացող մանանայ մը չէ, ոչ ալ հողին տակը պահուած «գանձ» մըն է. յաջողութիւնը մարդուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ եւ անոր ամենէն հաստատուն սիւներէն մէկը համոզումն է. մարդ իր ուժերէն բացի պէտք է հաւատայ իր գաղափարներուն ու համոզումներուն. յաճախ մարդկային տկարութեամբ երբ փոքր դժուարութեան հանդիպինք, կը յուսահատինք, սակայն կը յաղթէ ան, որ հաստատ ու հաւատարիմ կը մնայ իր համոզումներուն։
Յայտնի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան, որ վերջին օրերուն քաղաքս այցելեց, այսօր արդէն հրաժեշտ առաւ Իսթանպուլէն։ Իլտա Սիմոնեան, որ երկար տարիներէ ի վեր Հոլանտայի մէջ կ՚ապրի շաբաթավերջին Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ հանդէս եկած էր՝ Կոմիտասին ձօնուած համերգով մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ փոխ-ատենապետ Նուպար Մանավեանը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս շրջանին կը պատրաստուի՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորութիւններ կը ստանայ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ, Անգարայի եւ Երեւանի ղեկավարութիւններն ալ շնորհաւորած են Տանըլտ Թրամփը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ժընեւի համալսարանի հայկական ուսմանց 50-ամեայ յոբելեանը պիտի նշուի յառաջիկայ շաբթուան մէջ։ Այսպէս, նոյեմբերի 13-ին, Ժընեւի համալսարանին մէջ, այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է կլոր սեղան մը՝ «Պատմութիւն, սիներժի եւ մարտահրաւէրներ» խորագրին ներքեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու կապակցութեամբ սպասումներ:
Երեւանի դիմագրաւած «Զանգեզուրի միջանցք»ի սպառնալիքին շուրջ համակարծիք պիտի մնա՞ն Ուաշինկթընն ու Թեհրանը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի կ՚ունենան նորաօծ սրբազաններու ուխտի սուրբ պատարագները. «Մեր ժողովուրդի ուրախութիւնը մեր ուրախութիւնն է»:
Արժանթինի թեմակալ առաջնորդ Տ. Առէն Եպիսկոպոս Շահէնեան. «Սերունդները լեզուն պահպանելու խնդիր ունին, ուստի, մեր ընելիքներն ու պատասխանատուութիւնը շատ մեծ են»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս արաբերէն գրութեան մը հանդիպեցայ, որ կը կրէր այս վերնագիրը. «Զգուշացէ՛ք հաշմանդամ մեծցնելէ ձեր տուներէն ներս»:
Առաջին տպաւորութիւնս զարմանքն էր, բայց գրութիւնը կարդալէ ետք յստակացաւ վերնագիրին իմաստը, մանաւանդ որ ես ալ ծնող ըլլալով, շատ յաճախ գրութեան մէջ յիշատակուած կէտերէն մէկը կամ միւսը կը գործադրեմ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ԳԱՒԱԹ՝ կը նշանակէ հրապուրիչ ցանկութիւն. (ՅԱՅՏ. ԺԷ 4). դարձեալ, կռապաշտական արարողութիւններ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 20), եւ դարձեալ, մէկուն բաժինը. (ՅԱՅՏ. ԺԴ 10, ԺԸ 6)։
Մոսկուայի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Գուրգէն Արսէնեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ համապատասխան արարողութիւնը, որու ընթացքին Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհրդատու Եուրի Ուշաքով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պիշքէքի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովը։
Հայազգի աշխարհահռչակ գիտնականը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ՝ իր հասած մեծ վարժարանին մէջ:
Տարօն Աճէմօղլու Նոպելի մրցանակը նուաճելէ վերջ առաջին Թուրքիա այցելութեան այցելեց Կալաթասարայ լիսէն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որու հիման վրայ Տանըլտ Թրամփ վերստին կը ստանձնէ երկրին ղեկը։ Համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ գրող Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալի1 «Բարկութեան աշուն» գիրքը կարդացա՞ծ ես:
Ո՛չ, չեմ կարդացած եւ պիտի չկարդամ, նոյնիսկ պիտի չդպնամ այդ գիրքին, որովհետեւ մեծ գրողը՝ Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալը վերափոխուեցաւ վաճառականի մը՝ ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ իբրեւ նշանակութիւն եւ այլաբանութիւն գործածուած բառեր կը ներկայացնենք ստորեւ, որոնք պիտի նպաստեն Սուրբ Գիրքի ընթերցումի դիւրութեամբ մեկնաբանութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութիւնը արտաքինէն աւելի ներքին բան մըն է. մարդ նախ պէտք է ինքն իր անձին հետ հաշտ ու խաղաղ պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի յաջողի յստակ տեսնել իր դէմը. հետեւաբար, յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը ներքին պատրաստուածութիւնն է. օրինակի համար, մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ երիտասարդներ իրենց զիրենք «յաջող» կամ «անյաջող» նկատելու համար իրենց ստացած աշխատավարձերը որպէս չափանիշ կ՚ընդունին. հաւատացէ՛ք, որ 200 ստացողը 100 ստացողէն աւելի յաջող անձ մը չէ, որովհետեւ աշխատանքի մէջ կարեւոր է կեդրոնացումը եւ հաստատակամութիւնը. օրինակի համար, 200 ստացողը կրնայ անտարբեր վերաբերմունք մը ունենալ աշխատանքի նկատմամբ, սակայն 100 ստացողը բողոքելու փոխարէն կրնայ սորվիլ կեդրոնացումը տալ գործին, սորվիլ ու շատ աւելի յառաջանալ՝ քան երկրորդը:
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով Երեւանի համաժողովի ընթացքին, վերջերս ելոյթ ունենալով Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնող անձը, որ իր արտայայտութիւններուն մէջ միշտ կը ջանայ ինքնատիպ երեւիլ, զինեալ ուժերու նիւթով ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է։