Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին գիրքերէն մէկուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները» անուանուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը խորհրդածութիւններ ունի տարուայ բոլոր օրերուն համար։ Հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին մեծ շուքով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագը այս տարի եւս մագնիսացուց համայն հայութեան ուշադրութիւնը։ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ Մայր Տաճարին մէջ երկար ընդհատումէ մը վերջ դարձեալ հնչեց Ս. Յարութեան աւետիսը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար նշուած Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ, Մեռելոցի օրով, խոր սուգի մատնուեցաւ. ոչ եւս է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Ս. Զատիկը։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ներս կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկ, պատանի կամ երիտասարդ մարզիկները զիրար շնորհաւորեցին եւ տօնական ուրախութիւնը բաժնեցին աւանդական հաւկթամարտերով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զատկական ճոխ տօնակատարութիւններ։ Բոլոր դասարաններու տղաքը հաղորդ դարձան տօնական հրճուանքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սրահին մէջ մնայուն բնակիչներուն համար սարքուեցաւ Ս. Զատկի սեղան մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ:
Սուրբ Յարութեան տաղաւարը հոգեւոր հրճուանքի առիթ դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, քաղաքիս բոլոր եկեղեցիները հիւրընկալեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայոց գրաւոր արժէքներու միջազգային ճանաչման առումով հայութիւնը եւս կարեւոր նուաճում մը ունեցաւ։ Այսպէս, ապրիլի 10-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 221-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս անդամ երկիրներու միաձայն որոշմամբ՝ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի «Գիրք դատաստանի» («Դատաստանագիրք հայոց») աշխատութիւնը արձանագրուած է Աշխարհի յիշողութեան միջազգային յաշուամատեանին մէջ (Memory of the World Register)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

​«Իւրաքանչիւր դարաշրջանին մարդկութիւնը կը դառնայ նոյն խայծի զոհը. նոյն հնարքները կրկին ու կրկին կը խաղան, նոյն թակարդներուն դարձեալ կ՚իյնան: Ամբոխավարութիւնը եւ ազգայնականութեան գագաթները տակաւին դէպի իշխանութիւն եւ բռնակալութիւն լաւ ոտնահարուած ճանապարհներ են»։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։
Մահը աւարտն է երկրաւոր կեանքին։ Մահուան դիմաց՝ մարդկային գոյութեան առեղծուածը կը հասնի իր գագաթնակէտին։ Մարմնական մահը որոշ իմաստով բնական երեւոյթ է, սակայն հաւատքի աչքով՝ ան իրականին մէջ «մեղքին թոշակն է». (ՀՌՈՄ. Զ 23), (ԾՆՆԴ. Բ 17)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր այս յօդուածը կ՚ուզենք վերջացնել պարզ ու յստակ սահմանումով մը. սփիւռքի մէջ հայը օրէ օր կը կորսուի. վստահաբար, շատեր համակարծիք պիտի չըլլան ու առարկեն ըսելով՝ «կայ սերունդ մը», կաթիլ մը ջուրը համեմատելով ծով անտարբերութեան հետ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան ցնծագին աւետիսով եւ աստուածային շնորհներու հայցով կը բերենք ամէնքիդ Հայրապետական Մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վախու զգացումը ընդհանրապէս իր ազդեցութեամբ կու գայ ալեկոծել մարդկային կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ դէմ յանդիման կը մնայ անսպասելի իրողութեան մը հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025

Ահա՛ հասանք կրկին մեր եկեղեցական օրացոյցի զենիթին՝ Տէր Յիսուսի փառահեղ յարութեան դէպքին, որ այնքան էական է մեր հաւատքին համար, որ կու տայ արդարօրէն տարուայ բոլոր կիրակիներուն իր իմաստը:

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Աւագ շաբաթն է նորէն… 
Ծաղկազարդէն մէկ օր առաջ միայն կը սկսի զատկական արձակուրդնիս եւ մայր ու աղջիկ՝ երկուքս ուսուցչուհի, կ՚ուզենք մասնակցիլ եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ բացառիկ են, նաեւ պատրաստուիլ Զատիկին, որովհետեւ Խթման գիշերը մի՛շտ մեր տունը կը հաւաքուինք։

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Այս բառի մէջ է պահուած մեր կեցութեան հիմքը։ Յարութեան հաւատքը կ՚իմաստաւորէ հայու կեանքը։ Անդրադառնանք կամ ոչ, գիտակցինք կամ ոչ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Բ կաթողիկոսը, «մեր ապագայի վերաբերեալ վճիռը խաւարինն ու մահուանը չէ, այլ կեանքինն ու յարութեանը»։

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի՛». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։
Երեք հսկայական գամ կախուած պահեցին Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ։ Այս երեք գամը՝ երեք անտեսանելի գամը ամուր պահեցին մեր Փրկիչը անարգ խաչին վրայ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քրիստոնեայ աշխարհին համար Զատիկը հաւատքի, յարութեան եւ Տիրոջ յիշատակը ոգեկոչելու խորհուրդը կրող տօն է, սակայն հայ ժողովուրդին համար՝ մանաւանդ անցեալին, ունեցած է եւ ունի աւելի ազգային նշանակութիւն՝ քան հոգեւոր:

Էջեր