Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի ծաւալուն աշխատանքային օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար տարուած ջանքերը:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան զուգահեռ արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը։ Համաձայնութեան գործադրութեան իւրաքանչիւր փուլին նոր բարդութիւններ կը յառաջանան հայկական կողմին տեսակէտէ։ Երէկ, Հայաստանէն խումբ մը երեսփոխաններ ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճանի զինուորականներ ներխուժած են Սոթքի ոսկիի հանքը։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգանակութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վաղը պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ 2015-ին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով այս տօնը հռչակուած էր Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Աշուն է հիմա։
Ծառերը ահա ձմրան բարկ բուքին ահէն սրտդողած
Անորոշութեամբ յղի օրերու ելեւէջներուն անձայն յանձնուած
Երազներ են վառ
Բայց աւաղ բեկուած․․․
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կը սիրենք կեանքը, եթէ կրցանք դէպի իրեն ուղի մը գտնել.
Երկու նահատակներու միջեւ կը պարենք,
Ուր մանուշակով կամ արմաւով մինարէներ կը բարձրացնենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն բնաւ փորձա՞ծ էք ունկնդրել թռչունի մը երգը։ Թռչունի մը երգը ունկնդրողներու համար կը բաւէ մարդկային ունայն մեծամտութիւնը փշրուած զգալ։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը դաշտի վրայ կը գործադրուի փուլ առ փուլ։ Երէկ, Քարվաճառի շրջանը վերջնականօրէն անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերն ու շաբաթները կ՚ուզեմ արագ թերթել: Թերթերու արանքներու մէջ կը փնտռեմ իմ Արցախի ճակատագիրը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ հրապարակագիր, մանկավարժ, վիպասան եւ լրագրող Մատթէոս Մամուրեանի ծննդեան 190-ամեակի յոբելենական տարին է 2020 թուականը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. արդարացումը ո՞ւրկէ կու գայ:
-Եսասիրութենէն: Արդարացումը կը վռնտէ Աստուծոյ շնորհքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կեանքի նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն եւ տառապանքներէն կը գանգատինք. կեանքի մէջ չկայ պահ մը, որ անոնց հետ կերպով մը չդիմաւորուինք։ Այս զգացումները շատ սովորական է դարձած, քանի որ կեանքի ուրախ օրերը աւելի քիչ են, քան նեղութիւններով լեցուն օրերը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Խումբ մը ծերակուտականներ պատրաստած էին նախագիծ մը, որով կ՚առաջարկուէր ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։
Փաշինեան անհրաժեշտ կը համարէ Արցախի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի վերականգնումը:
Նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։
Ցաւով տեղեկացանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լուսանկարիչ եւ գեղարուեստական գործիչ Զաւէն Սարգսեան։ Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէնն էր ան, որ 73 տարեկան հասակին հեռացած է կեանքէ։ Իր կորուստը ստեղծած է մեծ ցաւ։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներու յաղթահարման անյետաձգելի գործին ձեռնարկելու համար կարելի չ՚ըլլար քաղաքական նոր կլիմայ մը ստեղծել:
Հայաստանի ներքին տագնապը պատճառ կը դառնայ ժամանակի մսխումի: Կառավարութեան կազմի փոփոխութիւնները անհեռանկար: Յայտնի գործիչներ հացադուլի սկսան:
Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ, որ վերջին օրերուն իրերայաջորդ կապ հաստատեց նաեւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Մոսկուա Երեւանի եւ Պաքուի հետ կը շօշափէ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաարգելափակման եւ տնտեսական համագործակցութեան վերաբելեալ հարցեր: