Արխիւ
Մոսկուայի մէջ հաւաք. «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ՝ համազօր է ազգային աղէտի»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ռուսահայ գործիչներու ներկայութեամբ կրկնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց Առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Մեսուտ Էօզտեմիրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ քահանայ հայրեր։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ հոգելոյս երեսփոխան Մարգար Էսաեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանաստեղծուհի եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Անոյշ Նագգաշեան ծնած է 1961 թուականին Կազա, Պաղեստին: 1967 թուականին ընտանեօք տեղափոխուած է Երուսաղէմ, ուր յաճախած է Սրբոց թարգմանչաց երկրորդական վարժարանը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական բառապաշարին մէջ «քափիթուլացիա» բառը, թէեւ լայն առումով օգտագործուած է, սակայն այսօր ունի նոր բովանդակութիւն եւ իմաստ՝ 10 նոյեմբեր 2020 թուականէն ի վեր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատմութեան ընթացքին միլիոնաւոր, գուցէ միլիառաւոր մարդիկ զոհ գացած է տարատեսակ համաճարակներու, բնական աղէտներու, կամ ուղղակի իրենց կողմէ յարուցուած պատճառներով։ Այն ժամանակներուն, երբ գիտութիւնը եւ փորձագիտութիւնը այսօրուայ բաղդատմամբ զարգացած չէր, հնարաւոր չէր կանխել այդ աղէտներու սարսափելի ու վրդովիչ հետեւանքները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ կան որ երկու վանկով ամէնուն սիրտը իրենց կը գրաւեն. իսկ ընդհակառակը քառասուն տարի խօսողներ ալ կան, որ ունկնդիր մը չեն կրցած գտնել։
Անշուշտ, ամէն մարդ խօսիլ կ՚ուզէ, շատ բնական է ասիկա, եւ կամ ըսենք, խօսիլ կը փորձէ, բայց քիչ մարդ կայ որ խօսելուն կերպը գիտէ։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Ամէն տարի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ կ՚ոգեկոչուի՝ օրուան յատուկ շարականներով եւ աղօթքներով, յիշատակը մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի 12 աշակերտներէն՝ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն, որոնք ի Հայաստան իրենց կատարած քարոզութեամբ եւ նահատակի լուսապսակին արժանանալով՝ հանդիսացան Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ խօսք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի կողքին կարեւորագոյն դեր ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ այս երկիրը միշտ համաչափ եւ հաւասարակշռուած քայլերով եւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 սեպտեմբեր 2020-ը մեր նոր ժամանակներու պատմութեան շրջադարձային թուականը դարձաւ: 27 սեպտեմբերին մեր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ, էջ մը որ շատերուս համար յուսադրական եւ փայլուն պիտի ըլլար, սակայն 9 եւ 10 նոյեմբերի օրերը եկան այդ էջը սեւցնելու եւ դարձնելու թերեւս մեր պատմութեան ամենէն վատ եւ տժգոյն ու ամօթալի ժամանակաշրջանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճշմարտութիւնները միշտ մեր գլխուն վրայ են, եւ ո՛չ թէ մեր ոտքերուն տակը. բարձրութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ ցած տեղեր։ Ուրեմն ճշմարտութիւնները աժանցնելու փորձութենէն զգուշանալո՛ւ է մարդ։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել՝ այս պատերազմէն յետոյ երկրի սահմաններու հետ կապուած ի՞նչ յստակ զարգացումներ կամ լուծումներ նախատեսուած են։
Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական շարժումով Հայաստանի համար նախատեսուած լայնածաւալ օժանդակութեան ամբողջին մէջ, երէկ, երկրորդ օդանաւ մը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։
Հայաստանի վարչապետը ժողովուրդին կոչ ուղղեց՝ չտարուիլ երկրի անապագայութեան քարոզէն:
Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա: Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ:
«Yolcu Tiyatro» խումբը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ յաջողութեամբ բեմադրեց եզակի ներկայացում մը:
Կոմիտասի ձօնուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ:
ՏՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Տխրայիշատակ 9 նոյեմբերը անկիւնադարձային թուական է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Արցախեան պատերազմի մեր վէրքերը չբուժուած, մեր նահատակ վեհ եղբայրներուն ու քոյրերուն սուգը չամբողջացուցած, սթափեցանք սահմռկեցուցիչ եւ անընդունելի պայմաններ ընդգրկող համաձայնագիրի մը լուրով:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ քննարկուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկ մը, որով կը նախատեսուէր երկրէն ներս բաւ համարել ռազմական դրութիւնը։ Այս նախագծի քննարկման ժամանակ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն՝ երկրի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ մտահոգիչ պատկերին համապատասխան։