Արխիւ
Չինաստանի մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ ածած է։ Այսպէս, Չինաստանի Սուցիան քաղաքին մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ մը ածած է։
Աշխարհի ամենափոքր Ռուպիկի խորանարդը ստեղծուած է Ճաբոնի մէջ: Ալիմինիումէ Ռուպիկի խորանարդը կը կշռէ միայն 2 կրամ:
Ճաբոնցի նկարիչը տերեւները կը վերածէ արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործերու։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ Instagram-ի մէջ հանդէս կու գայ Lito Leaf art անունով, տերեւներու միջոցով արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործեր կը ստեղծէ։
Սպանացի լուսանկարիչը բացայայտած է շքեղ լուսանկարներ ստանալու գաղտնիքները։ Այսպէս, լուսանկարները, որոնց ստեղծման համար առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ բարդ հնարքներ անհրաժեշտ են, յաճախ կարելի է ստանալ առանց դժուարին փորձագիտական միջոցներու ու յատուկ սրահի:
Հնդկաստանի քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ, անկախութեան շարժման ղեկավար, փաստաբան, լրագրող, փիլիսոփայ, ինքնակենսագիր, ակնարկագիր, խմբագիր, իրաւաբան, յուշագրող Մոհանտաս Քարամչանտ Կանտի ծնած է 2 հոկտեմբեր 1869 թուականին Փորպանտար՝ Հնդկաստան։ Հայրն է Քարամչանտ Կանտի, իսկ մայրը՝ Փութլիպաի Կանտի։
Հոկտեմբեր 2-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի (1901-1973), որուն անունն ու գործը անմահութիւն նուաճեցին՝ իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի Երգի ու պարի պետական համոյթին։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Արցախի ճակատի առկայ սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուին Իսրայէլի կողմէ զէնքի մատակարարումները Ատրպէյճանի համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կարեւոր ժողով մը:
Նահատակներու եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքները առարկայ կը դառնան մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Առկայ պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ անոնք ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը այլ լուծում չունի՝ քան խաղաղ կարգաւորումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի լայնածաւալ բախումներու մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ գիշեր բոլոր ուղղութիւններով ընթացան սաստիկ մարտերը, որոնք այս օրուան սկիզբին ալ շարունակուեցան՝ միշտ ծանր հետեւանքներով:
Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի հաղորդումներով՝ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակողական գործողութեան օդային ղեկավարումը յանձնած է Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն:
Անգարա անդրդուելի կը մնայ Պաքուի կողմին, որու պնդումով՝ հայկական կործանիչները անկում կրած են լեռ բախուելով: Ալիեւ կրակը դադրեցնելու նախապայմանը կը համարէ Հայաստանի ետ քաշուիլը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Մարդուն ամենէն մեծ հիւանդութիւնը իր ունեցած կարծիքն է, թէ ինք ինչ որ հիւնադութեամբ կը տառապի: Այս մտածումը անոր ցաւ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ ու զինք նեղուածութեան կը մատնէ, որով ուտելիքի համը կը կորսնցնէ եւ քունն ալ կը կորսնցնէ, ու կը սկսի դեղեր առնել, որով հիւանդ կը դառնայ, ինք՝ որ լաւ ու առողջ էր:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚ըսեն, թէ մարդ իր կեանքի հոլովոյթին կրնայ տեսնել երկու պատերազմ: Իմ կեանքի գարունին ես արդէն երրորդ պատերազմն է, որ կ՚ապրիմ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020-ը յոբելեանական է հայ ընկերային գործիչ, ուսուցչուհի, հրապարակագիր, գրագէտ եւ թարգմանիչ՝ Արշակուհի Թէոդիկին համար: Լրացաւ անոր ծննդեան 145-ամեակը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կանգուն կեցի՛ր բայց դուն հոդ.
«Հոգիդ ծուխ թող ծիւրի
«Սիրով դուն միշտ կեանքդ հեւքոտ
«Որ տան մուխը չի մարի…»։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարուած արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։
ԵՐԱՄ
Քանի մը օր անց Պամի ճամբուն վրան էր Զանան։
Առաւօտ կանուխ նստեր էր Շէյխի կարգադրած բեռնակառքը, վարորդին կողքին, եւ հետեւեր էր Երեւանի, յետոյ ամբողջ Հայաստանի իր աչքին առջեւ սահիլ երթալուն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախեան ազատամարտի ամենաթէժ շրջանին ծնած է իմ հերոսը՝ ինձմէ տարի մը պզտիկ:
Մայրս կարծես զատողութիւն կը դնէր մեր միջեւ՝ մշտապէս պաշտպանելով փոքրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն»ը շատ կերպեր եւ շատ աստիճաններ ունի, բայց եթէ ուշի ուշով անոր հիմը քննելու ըլլանք, պիտի տեսնենք որ միակ եւ սքանչելի՜ իրողութեան մը վրայ հաստատուած է այն. այս իրողութիւնն է մարդուս «ազատ կամք»ը։