Արխիւ
Քորոնաժահրով պայմանաւորուած կացութիւնը՝ նոր կրթական շրջանի սկիզբի սեմին:
Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու թիւը միշտ վերելք կ՚արձանագրէ իսկապէս մտահոգիչ թափով:
Հարցազրոյց. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը կանգնած են գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ»:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի յարձակումը ձախողեցաւ եւ յօդս ցնդեցաւ իր ռազմական գերակայութեան առասպելը:
Լիբանանահայութեան դիմագրաւած առկայ ծանր մարտահրաւէրի մթնոլորտին մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կարեւոր որոշում մը առած է՝ խրախուսելու համար երիտասարդութեան ուսումնառութիւնը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ասորի համայնքին վերաբերեալ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, AN փաստավաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Մեծ գրականագէտի հսկայական ժառանգութիւնը միասնական մատուցումով:
Կարեւոր նախաձեռնութիւն. Երեւանի մէջ առնուեցաւ ամբողջական Յակոբ Օշականի առաջին քայլը:
Մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ շաբաթավերջին միացուցին իրենց կեանքը՝ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ընտանիքին եւ ընկերային շրջանակներուն։ Այսպէս, Ճուլիա Սաղըրեանի եւ Վարդան Յովհաննէսեանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Անցուկը մոռցուկ. պոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ» գիրքը։ Բժիշկ, բանասէր Վահրամ Թորգոմեանի յուշագրութեան հիման վրայ պատրաստուած է այս հատորը, որու հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան։
Ծանօթ է, թէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։
Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 սեպտեմբեր 2020, Խաչվերացի տաղաւարի Բարեկենդանի կիրակիին՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Տնտեսական ու ելեւմտական ծանր պայմաններէն ու քորոնաժահրի հետզհետէ ահագնացող համաճարակէն ետք, 4 օգոստոսին Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը ստացաւ երրորդ ծանր հարուածը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահ դրուած 2750 թոն ամոնիում նիթրաթի պայթումը քանդեց Մայրիներու երկրի մայրաքաղաքին շուրջ 40 առ հարիւրը եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոր արուարձաններուն, ներառեալ՝ հայկական թաղամասերը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է Ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ։ Ուկանտայի Bwindi խիտ անտառային ազգային զբօսայգին կը գտնուի Քոնկոյի սահմանին վրայ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ատենը պիտի գար, որ Սովետական կարգերու չորրորդ տասնամեակէն ետք, դէպի Հայաստանի անկախութեան բարեպատեհ ճանապարհին, գրաւեալ եւ փակեալ վանքերը հետզհետէ եւ ամբողջովին պիտի դառնային կրկին սեփականութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, թօթափելով միանգամընդմիշտ իրենց վրայէն պետութեան հակակշիռը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի պայթումէն անցած են գրեթէ երեք շաբաթներ։ Մինչ քաղաքի վիրաւոր շրջանները կը փորձեն ձեւով մը բուժել իրենց վէրքերը, անդին քաղաքական կարեւոր զարգացումներ կ՚արձանագրուին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակին մէջ ապրիլը, գոյատեւելը մեր բնութեան «պարտադրանք»ն է։ Ժամանակի ընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ անձայն՝ գրեթէ անզգալիօրէն, մարդ յաճախ չի հասկնար, չի զգար, թէ օրեր, ամիսներ, տարիներ ինչպէս անցած են…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Friedrich Nietzsche (1844-1900). իր այս տողերով յատկապէ՛ս կը մատնանշէ բարեկամութեան մէջ անկեղծութեան, ուղղամտութեան, ճշմարտախօսութեան եւ հաւատարմութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեա՛ն հիմնականութիւնը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ մեր բոլորին ուժը կախում ունի սահմանափակումներու նկատմամբ հնազանդութենէ։ «Ժահրը ի վերջոյ պիտի պարտուի», ըսաւ նախարարը։
Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլի աջակցութեամբ վերանորոգուեցաւ Օշականի եկեղեցւոյ որմնանկարը:
«Փառք հայ գրի եւ դպրութեան» անմահական գործը վերագտած՝ իր անկրկնելի հմայնքն ու պատմական մեծ արժէքը:
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի շուրջ։ Ամիսներէ ի վեր ամուլ բանակցութիւններ կը վարեն կողմերը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի եւ Սուրիոյ գծով յատուկ դեսպան Ճոէլ Ռէյպէօռն յառաջիկայ օրերուն ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Զուիցերիա եւ Թուրքիա։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 92 հազար 227 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1203 նոր վարակեալ։
«Մենք կրնանք յաջող ըլլալ, եթէ ներդաշնակ ըլլանք այսօրուայ աշխարհին հետ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այս շրջանին կը հիւրընկալէ մտաւորականներ: