Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին լուսաբանման աշխատանքներ:
Ըստ Վեհափառ Հայրապետին, զօրավիգ պէտք է ըլլալ պետական կառոյցներու գործողութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս կը նախատեսեն յառաջիկայ աշնան կազմակերպել 3+2 ձեւաչափով հանդիպում մը:
«Եթէ Ալիեւ կ՚ըսէ, որ Հայաստանի վարչապետը պէտք է ներկայացնէ Արցախը բանակցութիւններու մէջ, ապա ո՛չ միայն ես, նաեւ՝ ան կ՚ըսէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստան է»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութեան անայլայլելի եւ անխուսափելի օրէնքն է՝ ամէն ապրող, կենդանի էակ կը ծնի եւ տարիներու ընթացքին կը ծերանայ, կը կերպարանափոխուի։ Այս կը նշանակէ նաեւ՝ թարմութիւնը եւ կենսունակութիւնը հետզհետէ կորսնցնել։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի Harfler Ülkesine Yolculuk, որու հեղինակն է ռուս գրող Անտրէյ Պիթով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Ընկերային կայքէջ մը ցոյց տուած է, թէ ինչպէս տեսք կ՚ունենան Netflix-ի շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլային շոուներու այլ ծառայութիւններու սիրահարները քսան տարի վերջ, եթէ իրենց ամբողջ ժամանակը անցընեն ժապաւէններ եւ շարքեր դիտելով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Աշխարհի ամենաթանկարժէք ճատրակի հաւաքածոն վաճառքի հանուած է։ Աւստրալացի ոսկերիչ Քոլին Պըրն ստեղծած է ճատրակի՝ աշխարհի ամենաթանկարժէք խաղատախտակն ու խաղաքարերը, որոնք Luxury Launches կայքէջի պնդմամբ՝ կարելի է իսկական արուեստի գործ համարել:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Էլթըն Ճոնի նախկին կինը անկէ 3 միլիոն սթերլին պահանջած է։ Այսպէս, երաժիշտ Էլթըն Ճոնի նախկին կինը 3 միլիոն սթերլինի հայց ներկայացուցած է՝ պնդելով, որ ան խախտած է ամուսնալուծութեան համաձայնագիրը՝ զայն ներառելով իր յուշերուն եւ «Ռոքետմըն» կենսագրական շարժանկարին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Ճենիֆըր Լոփէզ պատմած է, թէ ով յօրինած է ՃէյԼօ մականունը։ Ամերիկացի դերասանուհի, երգչուհի, արտադրող եւ գործարար Ճենիֆըր Լոփէզ բացայայտած է իր՝ ՃէյԼօ (JLo) կեղծանուան հեղինակը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Հայ երեխաները կրնան մասնակցիլ Ճաբոնի մէջ կայանալիք միջազգային ցուցահանդէսին։ Այսպէս, յաջորդ տարուայ յուլիսի 6-օգոստոս 22 թուականներու միջեւ Ճաբոնի Քանակաւա կուսակալութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ «Kanagawa World Children’s Art Exhibition» ցուցահանդէսը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Սիմֆոնիք նուագախումբը առցանց կը ներկայացէ հոլիվուտեան սիրուած գծապատկերներու մեղեդիները։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը հրաւիրէ միանալու «ԴասA կալա-համերգ․ Hollywood Non-Stop» սիրուած եւ սպասուած համերգային ծրագրի առցանց ցուցադրութեան, որուն երաժշտասէրները կրնան հետեւիլ յուլիսի 30-ին՝ տեղական ժամով 20.00-ին, նուագախումբի «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջին վրայ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Արցախի մէջ կը սկսի «Stop COVID 19» ծրագրի երկրորդ փուլը։ Այսպէս, Արցախի Ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնամարզի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի համատեղ նախաձեռնութեամբ յուլիսի 27-ին «Ստեփանակերտ սերվիս» ընկերութեան պատկանող 17 երթուղայիններու մէջ սկսած է «Stop COVID 19» ծրագրի երկրորդ փուլը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Հայաստանի մարզերու եւ համայնքներու գրադարաններուն համար շուրջ վաթսուն աշխատակից վերապատրաստելու կարիք կայ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու եւ համայնքներու գրադարանավարներուն մասնագիտական նոր հմտութիւններ եւ գիտելիքներ փոխանցելու նպատակով «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանը յուլիսէն մինչեւ սեպտեմբեր կը կազմակերպէ «Գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացներ» ծրագիրը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր երգի տեսահոլովակը։ Այսպէս, յայտնի յունահայ երգչուհի, երգահան Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր «Dolla» երգի տեսահոլովակը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը կրնար ուղենշային իմաստ ստանալ այն առումով, որ գործող կառավարութեան օրով առաջին անգամն է, որ գերտէրութեան մը բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ժամանէ Լիբանան՝ ճգնաժամային պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, երեսուն օր վերջ առաջին անգամ, երէկ, Թուրքիոյ տարածքին համաճարակի զոհերու թիւը եղաւ 15։ Երկար ժամանակէ ի վեր երկրէն ներս իւրաքանչիւր օրուայ զոհերու թիւը այդ շեմէն աւելի բարձր էր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ԵՐԱՄ

Նորան հասեր էր զառիվարի աւարտին։
Դարձաւ աջ, ու հեռուն, մայթի միւս ծայրին, տեսաւ Անին, որ կու գար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Յունաց Պատրիարքը նախագահ Էրտողանին հեռաձայնելով շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Սիւմելայի պատմական վանքի, Թրապզոն, յետվերանորոգութեան այցելութեան վերաբացման բերումով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Հնդկաստանի արեւելքին աւելի քան 100 մարդ զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Այսպէս, Հնդկաստանի արեւեքին եւ հիւսիս-արեւելքին հեղեղներու պատճառով զոհուածներու թիւը աւելցած է տասնով ու հասած՝ 110-ի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

«Հաննա» փոթորիկը կործանած է Թրամփի պատի մէկ հատուածը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ։
Այսպէս, «Հաննա» փոթորկի հարուածը քանդած է այն պատի մէկ հատուածը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ կառուցուած էր անօրինական գաղթականները զսպելու համար:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը հրապարակեց «Խօսք առ» մրցանակին արդիւնքները։ Անցեալ ապրիլին այս մրցոյթը կազմակերպուած էր քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։

Էջեր