Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերակահու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Երանուհի Պալճը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Ալիս Պայրամ որոշած էր լքել տնօրէնուհիի պաշտօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի բոլոր ներհակութիւններուն դէմ կ՚ըմբոստանայ Աստուծոյ ներշնչած «Բարի հոգի»ն եւ կը հաւաքէ իր բարոյական բովանդակ ուժերը՝ մղելու համար «Բարի պայքա՛ր» մը։ Արդարեւ, չարը կարելի է պարտել միայն «բարի պայքա՛ր»ով։
Պայծառակերպութեան տաղաւարի շաբաթավերջի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տարի Վարդավառի տօնը արտասովոր խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ մեր համայնքէն ներս։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
--Բարեւ, ես եմ:
-Դուն ո՞վ ես:
-Երազկոտը...
Գիրքերու աշխարհով գինովցաց փոքրիկ աղջնակը այլեւս կը դժուարանար զանազանել դառն իրականութիւնը երեւակայականէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զանազան առիթներով գրուած է այն մասին, թէ մեծ եղաւ թիւը այն սուրիահայերուն, որոնք երկրին մէջ սկիզբ առած ու դեռ ալ մասամբ շարունակուող պատերազմին հետեւանքով լքեն իրենց ծննդավայրը եւ հեռանան դէպի ամենահեռաւոր ափեր։
Նոյն պարագան եղած էր Լիբանանի մէջ, երբ 70-ականներու սկիզբը հազարաւոր լիբանանահայեր ստիպուած կ՚ըլլային լքել Լիբանանը եւ ընդմիշտ հեռանալ...։
ԵՐԱՄ
-Ասոր վրայ կ՚աշխատինք, հիմնականին մէջ պատերու եւ առաստաղի ծեփման գործերն են... ի՞նչ գիտես ընել։
-Ոչինչ, պատասխանեց Զանան, քիչ մը ամչցած՝ աչքերը փախցնելով Վահանիններէն։
Փոլ Մաքքարթնի նոր մինի-ալպոմ կը ձայնագրէ Ռինկօ Սթարի հետ։ Այսպէս, Փոլ Մաքքարթնի պատմած է վերջերս Ռինկօ Սթարի հետ սթիւտիոյի մէջ կատարած աշխատանքի մասին։
ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով, 2100 թուականին Երկիր մոլորակի բնակչութիւնը կը նուազի 2 միլիառով։ Այսպէս, Երկիր մոլորակի բնակչութեան թուաքանակը իր առաւելակէտին՝ 9.73 միլիառի, կը հասնի 21-րդ դարու կէսերուն, իսկ այնուհետեւ կը սկսի անոր նուազման անշեղ գործընթացը, այնպէս որ 2100 թուականին այդ ցուցանիշը կը կազմէ 8.79 միլիառ:
Մահացած է Ողիմպիական արջուկի հեղինակը՝ Վիքթոր Չիժիքով։ Այսպէս, Ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշներէն մէկու՝ Միշա արջուկի հեղինակ, յայտնի խորհրդային եւ ռուսական նկարիչ-ծաղրանկարիչ, Ռուսաստանի ժողովրդական նկարիչ Վիքթոր Չիժիքով մահացած է 84 տարեկանին։
Ջրաօդերեւութաբանական կեդրոնէն չեն բացառած, որ 2020 թուականը ամենատաքը կը դառնայ պատմութեան մէջ։ Այսպէս, ընթացիկ տարին ամենատաքը կը դառնայ օդերեւութաբանական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Աշխարհի մէջ բնակչութեան մէկ երրորդը կը նշէ տղամարդոց եւ կանանց աշխատանքի հաւասար վարձատրման մասին։ Այսպէս, մոլորակի բնակիչներու աւելի քան մէկ երրորդը (34 տոկոս) կը նշէ, որ իրենց երկիրներուն մէջ տղամարդոց եւ կանանց աշխատանքը կը վարձատրուի հաւասարապէս, սակայն գրեթէ կէսը (45 տոկոս) համաձայն չէ այդ պնդումին:
Ֆրանսայի Նանթ քաղաքին մէջ շաբաթավերջին հրդեհ ծագած է Ս. Պօղոս-Պետրոս տաճարէն ներս։ Գոթական ոճով այս տաճարի հրդեհի մարման աշխատանքներուն մասնակցած է աւելի քան հարիւր հրշէջ։
«Ով կ՚ապրի լեռներու մէջ, մի քամիէ չի վախնար». Սիրուշոն ներկայացուցած է «Մհեր» երգի տեսահոլովակը։ Այսպէս, Սիրուշոն, որու «Արմատ» ձայնասկաւառակին մէջ հիմնականին ներառուած են ռազմահայրենասիրական ոգիով ու շունչով ստեղծագործութիւններ, սկաւառակին մէջ ներառուած «Մհեր» երգի հիման վրայ տեսահոլովակ ներկայացուցած է:
Քիեւի մէջ Փարաճանովի նուիրուած յուշ-երեկոյ տեղի ունեցած է։ Այսպէս, Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի հնագոյն Ս. Սոֆիա տաճար-թանգարանին մէջ համաշխարհային շարժանկարի մեծ վարպետ, աշխարհահռչակ բեմադրիչ, նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովի մահուան 30-րդ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ կազմակերպուած է:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ արդէն չէ մնացած խտացեալ խնամքի տակ գտնուող հիւանդ։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ Թուրքիոյ ընդհանուրէն ներս նոր վարակեալներու թիւը թէեւ մնաց հազարի շեմէն վար, սակայն օր մը առաջուան բաղդատմամբ բարձրացաւ եօթով։ Առողջապահութեան նախարարը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տաւուշի ռազմական զարգացումները, կարծես թէ մտան մայրամուտ։ Սա անշուշտ միայն փափաք չէ, այլ հիմնուած է վերջին երեք-չորս օրերուն սահմանին տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին տուեալներու վրայ։
Մոսկուա հերթական անգամ յոյս յայտնեց, թէ Երեւան եւ Պաքու արագ կը կարգաւորեն առկայ խնդիրները։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւանական լայնածաւալ հակամարտութեան մը ծագիլը կրնայ վերածուիլ աղէտի»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնավստահութիւնը հաւատքի խնդիր մըն է եւ ո՛չ թէ ապացոյցի։ Մարդ երբ գիտէ, որ վստահելի «Անձ» մը կայ իր քով, գիտէ, որ այդ վստահելի «Անձ»ը տուած է իրեն ինքնավստահութեան այդ մոգական ուժը, ան ապահով է, չի՛ մտահոգուիր եւ կը վստահի՛ այն «Անձ»ին՝ որ գիտէ, թէ պիտի հասնի իր նեղութեանը մէջ, պիտի հոգայ, պիտի խնամէ զինք։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Շաբաթ մը առաջ, 12 յուլիսին, Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան գօտիին՝ Տաւուշի սահմանին ուղղութեամբ ազերիական թափանցումի փորձը բարեբախտաբար չունեցաւ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին տարածքն ու հետեւանքները, թէեւ կարելի չէ անտեսել, որ վաղը-միւս օր նման փորձեր կրնան կրկնուիլ Տաւուշի դէմ կամ այլուր, նոյնինքն Արցախի դէմ: Ատրպէյճան չէ հրաժարած ռազմատենչ թմբկահարումէ: