Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած միշտ Տէ՛րն է իր օրէնքներուն եւ կրնայ զանոնք ամէն վայրկեան կրկին վերահաստատել, փոխել կամ վերցնել։ Յաճախ բնութիւնը անհասկնալի միջոցներով կը վարէ, որպէսզի մարդ անդրադառնայ, թէ ամէն ինչ Անոր ենթակայ է եւ թէ Ան Ամենակարող է եւ պէտք է հպատակի Անոր կամքին՝ որ միշտ բարի՛ է։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ամրան ջերմութիւնը պարուրած է չորս դին, կեանքը կարծես սկսաւ դառնալ իր բնականոն ընթացքին, կամ համակերպում մը տեղի ունեցաւ եւ ժողովուրդը հացին ճամբան բռնել սկսաւ նոյնիսկ արեւուն ճառագայթներուն տակ դիմակներ կրելով: Իսկ դիմակները մարդիկ կը կրեն տուգանքէն զերծ մնալու եւ ոչ թէ իրենց իսկ կեանքը վտանգի չենթարկելու համար:
ԵՐԱՄ
Երկուշաբթի առտու կանուխ հնչեց Կապոյտ մզկիթի զանգը։
Զանան ուղղեց մէջքը, նստաւ անկողնին։
Փարիզի շարժանկարի սրահներէն մին հանդիսատեսներու միջեւ ընկերային հեռաւորութիւնը կը պահպանէ մինիոններու օգնութեամբ։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ աստիճանաբար կը ջնջեն կամ կը մեղմացնեն քորոնաժահրի համավարակի պատճառով սահմանուած սահմանափակումները:
Միացեալ Նահանգներու մէջ գտած են հսկայ գիշատիչ դլփինի մը կմախքը։
Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Քարոլայնա նահանգի հետազօտողները յայտնաբերած են Երկրի վրայ մօտաւորապէս 25 միլիոն տարի առաջ ապրած, ոչնչացուած նախապատմական դլփինի մը կմախքը:
48 հաթտոկ՝ 10 վայրկեանի մէջ… Ամերիկուհին արագ ուտելու նոր մրցանիշ սահմանած է ամէն տարի տեղի ունեցող մրցոյթի ընթացքին։
Մօտաւոր ապագային հնարաւոր կ՚ըլլայ կարդալ կենդանիներու միտքերը։
Ճաբոնցի մասնագէտներ կը մշակեն ելեկտրոնային սարքաւորում մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ խօսքի վերածելու ընտանի կենդանիներու միտքերը եւ զանոնք աւելի լաւ հասկնալու։
Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Սաքրամենթօ քաղաքի երկու տարեկան բնակիչը ուշադրութեան արժանացած է «սքէյթպորտինկ»ի իր ունակութիւններով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Մէյլ» պարբերականը։
Միացեալ Նահանգներու մէջ 3D տպիչի օգնութեամբ եզակի հեծանիւ ստեղծած են։ Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ Superstrata ընկերութիւնը ներկայացուցած է 3D տպագրութեան միջոցով ստեղծուած Ion ելեկտրական հեծանիւը:
Հեմսթըրները ոչնչացման վտանգի տակ են։ Հասարակ Cricetus cricetus հեմսթըրները յայտնուած են Բնապահպանութեան միջազգային միութեան՝ ոչնչացման եզրին գտնուող կենդանիներու ցանկին վրայ: Այս տեսակը շտապ պաշտպանութեան կարիք ունի:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ մտաւորականութեան վառ դէմքերէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք թողած անձնաւորութիւն մը եղած է ան։
Ֆրանսայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ պաշտօն ստանձնած է ֆրանսահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Ալեքսի Կէօվճեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Փարիզի 9-րդ թաղամասի վերընտրուած քաղաքապետուհի Տելֆին Պիւրքլիի ցանկով ինք եւս վերընտրուած Ալեքսի Կէօվճեան (CCAF-ի նախկին նախագահ), որ անցեալին քաղաքապետուհիի Ա. կցորդն էր, ներկայիս ընտրուած է Փարիզի քաղաքապետարանի խորհրդական։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ սա երրորդ օրն է, որ Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը հազարի շեմէն վար իջած է։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մինսք։ Ան այսօր կը մասնակցի Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին, որ տեղի կ՚ունենայ Սպիտակ Ռուսիոյ վարչապետ Ռոման Կոլովչենքոյի տանտիրութեամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ գիշերուան ժամերէն սկսեալ յարաբերական անդորր կը տիրէ եւ իրավիճակը բարեբախտաբար ընդհանրապէս հանգիստ է:
Պաքու սպառնաց Մեծամօրի աթոմակայանը թիրախաւորելով: Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի ժողովի ընթացքին բախումներուն շուրջ քննարկում տեղի ունեցաւ: Նախարար
Զօհրապ Մնացականեան տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ: Մոսկուայի ղեկավարութեան կողմէ անմիջական ուշադրութիւնը կը շարունակուի:
Հայաստանի բանակը գիշերուան ժամերուն կասեցուց Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատի ներթափանցման փորձը։ Հայկական ստորաբաժանումները խոցեցին հրասայլ մը եւ կրակային դիրքեր։
Միջազգային հանրութեան կողմէ երկխօսութեան կոչերը կը շարունակուին։ Ըստ Զօհրապ Մնացականեանի, Երեւան ունի պաշտպանուելու կարողութիւն, սակայն խաղաղ կարգաւորման գործընթացը այլընտրանք չունի։ Պաքուի իշխանութիւնները փակուղիի մատնուած ըլլալ կը թուին։ Այս առաւօտեան պայմաններով՝ մարտերը թուլացած են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյսը զօրութիւն մըն է՝ անոր միջոցով է, որ կեանքը կը գոյատեւէ եւ դարձեալ անոր միջոցով է, որ մարդ կրնայ պայքարիլ կեանքի զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն դէմ եւ ի վերջոյ յաղթութեամբ դո՛ւրս կու գայ ամէն փորձանքէ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երբ ես մանուկ էի, տոպրակները մեր տունին մէջ շատ տեղ չէին գրաւեր: Մեծ հօրս ծոցագրպանը մեր տան գանձարանն էր, ուր կը ժողվէին ընտանիքի եկամուտները, ուստի պատահական չէր, որ ան կ՚ընէր մեր բոլոր առեւտուրները:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցազրոյցը՝ Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի հետ: Զրուցած ենք հայութեան օրակարգէն ներս այս օրերուն քննարկման առարկայ կարգ մը նիւթերու շուրջ.
Հարցազրոյց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Պրն. Քալսահակեան, 2019 թուականի վերջին ամիսներուն համաշխարհային մամուլին մէջ սկսան լուրեր տարածուիլ, թէ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ գլուխ բարձրացուցած է նոր տեսակի վարակ մը՝ թագաժահր [քորոնա], որ սակայն շուտով սկսաւ տարածուիլ եւ այսօր երբ արդէն թեւակոխած ենք 2020 տարիին կէսը, այդ վարակը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ: