Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Վարդավառի տօնը։ Տաղաւարի հրճուանքը այս տարի արտասովոր բնոյթ ունէր, որովհետեւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ մեր եկեղեցիներէն ներս տօնակատարութիւն տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուածէն ներս վերջին օրերուն Պաքուի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ Թուրքիոյ ընդհանուրէն ներս նոր վարակեալներու թիւը թէեւ մնաց հազարի շեմէն վար, սակայն օր մը առաջուան բաղդատմամբ բարձրացաւ եօթով։ Առողջապահութեան նախարարը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տաւուշի ռազմական զարգացումները, կարծես թէ մտան մայրամուտ։ Սա անշուշտ միայն փափաք չէ, այլ հիմնուած է վերջին երեք-չորս օրերուն սահմանին տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին տուեալներու վրայ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

ՌՈՊԷՐ ՏԷՐ ՄԵՐԿԵՐԵԱՆ

Ինչպէս միշտ, լեզուն որպէս կենդանի երեւոյթ շարունակ զարգացման մէջ է:
Լեզուի զարգացման անմիջական, ամենէն շօշափելի համակարգը նորաբանութիւններով բառապաշարի համալրումն է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

ԱՔՍԷԼ ՃԱՒԱՔ

Ես Պօղոս, հաւանաբար ձեր բոլորին ծանօթ երիտասարդ մը չեմ։ Դպրոցի մէջ միջակ նիշերովս, աղջիկներու նկատմամբ ազնիւ վարմունքներովս եւ բնագիտութեան հանդէպ եռանդովս կը ճանչնան զիս:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի վրայ բազմաթիւներ ունին բնածին ձիրքեր, ունակութիւններ. ինչպէս՝ երգել, պարել, գրել, նուագել… Տաղանդաւոր մարդը կը ստեղծագործէ արդիւնաւէտօրէն եւ իր կատարած գործին մէջ առաւել արագ կը վարպետանայ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Խոր սրտաբեկութեամբ տեղեկացանք, թէ մեր համայնքի հանրածանօթ դէմքերէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր հոգին աւանդած էր Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ:
Հոգելոյս Վարդ Շիկահեր, իրեն շատ սիրելի Մաքրուհեան վարժարանի հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած յուշամատեանի մէջ գրի առած սրտի խօսքին մէջ մէջբերելով իմաստասէրի մը բառերը, կը գրէր. «Յիշողութիւնը, կորուսեալ ժամանակի որոնումն է, փնտռտուքն է»։

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ պարագային նոր վարակեալներու թիւը օրերէ ի վեր կ՚ընթանայ հազարի շեմէն վար։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շաբաթավերջին ընդհանուր առմամբ շարունակուեցաւ յարաբերական անդորրը:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, հրադադարի դրութեան համար վերահսկելի դիտարկման միջազգային համակարգ մը պէտք է ստեղծուի:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

Երբ դագաղ մը դրուի եկեղեցւոյ մէջ եւ կը հաւաքուին մարդիկ շուրջբոլորը, կը նմանի դատաստանի մը, ուր կեանքի մը արժեւորումը կը կատարուի: Ո՞վ էր հանգուցեալը, ինչպիսի՞ կեանք վարած էր նա. ինչպէ՞ս հպած էր ուրիշներուն եւ ի՞նչ հետքեր թողած շուրջիններուն վրայ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նորոգ հանգուցեալ մտաւորականի յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Վարդ Շիկահերի մասին - Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Ներկայ էր նաեւ Զեքիեան Գերապայծառ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք. «Ի՜նչ գեղեցիկ էր անցեալը, հիմա ամէն ինչ փոխուած է, ո՜ւր են այն հին օրերը…» եւ կամ այս նախադասութեան նման խօսքեր, որոնք անցեալի նկատմամբ կարօտի մը արտայայտութիւններն են։ Մարդոց մեծամասնութիւնը այս կերպով կ՚արտայայտուի, երբ դժգոհութիւն մը, նեղութիւն մը ունի իր ներկայ կեանքին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը, որ կը յիշուի նաեւ «Վարդավառ» անունով, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է, որ այս տարի կը նշուի յուլիս 19-ին։
Պայծառակերպութիւնը կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է ե՛ւ Աստուած։ 

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Առօրեայ մեր ապրումներուն մէջ անուրանալի է վկայութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ կը փնտռենք վստահելի կռուան մը դրական առումով լուսաւորուելու համար։ Սուրբ Գիրքը՝ իր պարունակութեամբ բոլորիս կը ներկայանայ որպէս հոգեւոր վկայութեան ակ։

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կիրակի, 19 յուլիս 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան յիշատակի տօնը, որ Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար հինգ տօներէն մէկն է: Պայծառակերպութեան տօնը մեր ժողովուրդին բառապաշարին մէջ ծանօթ է նաեւ Վարդավառ անունով:

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քիչ առաջ, արեւամուտին, մեր թաղի խաղաղ ու հանդարտ երեկոն պահ մը խանգարուեցաւ: Պատուհանէս դուրս՝ տեսայ, որ ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ճիշդ մեր տան առջեւ, պատուհաններուն վրայ բաներ մը գրուած էին, իսկ պատուհանէն դուրս կը ծածանէին քանի մը գունաւոր փուչիկներ:

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցեալ կիրակի օր Հայաստանի Տաւուշ շրջանի սահմանային հատուածի ռազմական զարգացումը կը շարունակէ զբաղեցնել հայկական ընդհանուր օրակարգի առաջին դիրքը։
Անշուշտ մէկ կողմ դնելով անվտանգութեան ու մեծ պատերազմի բռնկման վտանգները, միջադէպ-զարգացումը կը զատորոշուի մի քանի կարեւոր հանգամանքներով։

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները՝ քորոնժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 41 հազար 215 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 926 նոր վարակեալ։

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ տեղի ունեցած վերջին բախումներուն լոյսին տակ ստեղծուած մտահոգութիւնները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։

Էջեր