Արխիւ
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Քորոնաժահրի տարածման ուսումնասիրութեամբ զբաղող գիտնականներ քանի մը օր առաջ հաստատած են, որ ոչ հարթ թուղթի մակերեսներ, ինչպէս՝ օրաթերթերունը, որ բաղդատած այլ թուղթի տեսակներու կամ այլ մակերեսներու՝ ողորկ կամ սահուն չէ, չի կրնար վայրկեաններէ աւելի այդ ժահրը կրել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ոչ ոք կը մտածէ վաղուան մասին եւ այդ մօտեցումը արդէն աւելի ու աւելի խոցելի կը դարձնէ մեր կեանքը։ Ապրումը՝ բացորոշ է, որ ամբողջ մարդկութիւնը անօգնական է ու տկար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ պայմաններով համաշխարհային օրակարգի առաջնակարգ խնդիրն է քորոնաժահրը եւ բոլոր հարթակներու վրայ կան անոր վերաբերեալ տուեալներ կամ տեղեկութիւններ։ Մարդկութիւնը կ՚առաջնորդուի մշակուած նոր կանոններով, որոնցմով կը կազմակերպուի առօրեան։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, ներկայ ամառնամուտին սահմանափակումներ հաստատուեցան Իշխանաց կղզիներ ելք ու մուտքի համար։ Մեր համայնքի մեծ թիւով անդամներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին այս իրադարձութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆրանսիզ Ուիլըրտ կ՚ըսէ, թէ՝ երկու ձեռքերու պէս են դրամագլուխը եւ աշխատանքը. եթէ մէկը պակսի, միւսն ալ չի կրնար կատարել իր դերը ընդհանրապէս, եւ եթէ մէկզմէկու հետ կռուին, զիրար կը չէզոքացնեն եւ կը վնասեն, իսկ եթէ իրարու օգնեն, մեծ գործեր կրնան արդիւնաւորել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին բոլոր փիլիսոփաներ դեգերեցին իրենց իմացական ոլորտներուն մէջ, երեւան բերելու «ճշմարտութիւն»ը։ Եւ այսօր ալ համայն մարդկութիւնը կը շարունակէ որոնել «ճշմարտութիւն»ը։
Արդարեւ, ճշմարտութեան որոնումը լոկ իմաստասիրական զբաղում մը չէ, քանի որ ան կը հետաքրքրէ համայն մարդկութիւնը՝ որքան որ շատեր անտարբեր գտնուին անոր հանդէպ եւ անիմաստ նկատեն ճշմարտութեան որոնումը, եւ նախընտրեն ապրիլ կեանք մը՝ աննպատակ եւ անիմաստ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու բնագիրը կարդալ ստորեւ։
Türkiye Ermenileri Patriği Sayın Sahak Maşalyan, Ermeni Toplumunun Çok Değerli Üyeleri, Sizleri sevgiyle, saygıyla selamlıyorum.
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ինչպիսի՞ աշխարհ մը կը սպասէ մեզի՝ պսակաւոր ժահրի փոթորիկէն ետք:
Արդէն իսկ բազմաթիւ նախատեսութիւններ կը կատարուին, սակայն ամբողջական պատկերը պիտի յստականայ, երբ փոթորիկը անցնի ու մարդիկ վերագտնեն իրենց բանականութիւնը, դուրս գալով իրական ու չափազանցեալ խուճապի կացութենէն:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակը կը շարունակէ գործել իր աւերը, որ առաւել նշանակալից քաղաքական հետեւանք պիտի ունենայ արեւմտեան, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրներու համար։
«Աներեւոյթ թշնամին» Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ իսկական ջարդ է, որ կը գործէ՝ օրական հնձելով բազմահազար քաղաքացիներու կեանքերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ քորոնայի այս տագնապալի օրերը անցնին, անկասկած որ միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցներու վերլուծաբաններ պիտանի «հաշուարկներ» պիտի կատարեն, ընդհանուր իրավիճակներուն եզրափակիչ գնահատականներ հնչեցնելու համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժամանակ առ ժամանակ դժբախտաբար «գիտոսիկ»ներու որոշ խումբ մը առանց հասկնալու կը սկսին դէմ խօսիլ Եկեղեցւոյ, անարգելով, փաստեր խեղաթիւրելով, մեղադրելով, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մեր եկեղեցական օրացոյցին համաձայն կը շարունակենք ապրիլ զատկական ուրախութիւնը։ Զգալ կը շարունակենք Քրիստոսի կենսանորոգ յարութեան աւետիսին կենսաբոյր զօրութիւնը։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր խօսքը Ապրիլի 24-ին՝ Մեծ Եղեռնի 105-րդ տխուր տարելիցին առթիւ:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Մենք ունինք քալելու ճամբաներ, հասնելիք կապոյտ հորիզոններ եւ կերտելիք փայլատեսիլ ապագայ մը»:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երէկ յարաբերաբար դրական տուեալներու արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ պարագային։
BBC-ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Հանս Քլուկէ երէկ Ժընեւի մէջ առցանց մամլոյ ասուլիս մը սարքեց։
«Հայաստանի համար ընդունելի չեն այն առաջարկները, որոնք փուլային կարգաւորում կ՚ենթադրեն»:
Լաւրովի յայտարարութիւնները յեղաշրջեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը:
Սփիւռքահայ յայտնի գիտնական, գործարար եւ ազգային բարերար Ասօ Դաւիթեան նախընթաց օր անակնկալօրէն կնքեց իր մահկանացուն։ Ան ամերիկահայութեան ամենակարկառուն դէմքերէն մին էր եւ հայկական սփիւռքի ամենաազդեցիկ գործիչներէն մին։
Նազիլլիի մէջ հանրային ճեմապարտէզի մը կառուցման ատեն հայկական գերեզմաններ ի յայտ եկան:
17-րդ դարէ մնացած հնութիւնները ուսումնասիրութեան կ՚ենթարկուին Այտընի թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ:
Ամբողջ աշխարհի մէջ հայութիւնը այսօր կը նշէ Մեծ Եղեռնի 105-րդ տարելիցը ու կը դիմէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան՝ խոկումով ու խնկարկութեամբ:
24 Ապրիլի պատգամը կը բիւրեղանայ դար մը վաղեմութեամբ հնչող զոհերու աղաղակով եւ անոնց անթառամ յիշատակին առջեւ մերօրեայ սերունդներու յարգանքի լռութեան, խաղաղութեան աղօթքի ընդմէջէն:
Հայաստանի պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թրքահայութեան խօսք ուղղեց Գումգաբուէն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համաճարակի սահմանափակումները այս տարի նոր պայմաններ պարտադրած են նաեւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Հասկնալիօրէն, այս տարի միջազգային հնչողութիւնը համազօր չ՚ըլլար սովորոկանին, որովհետեւ համաշխարհային օրակարգը գերեվարուած է հրատապ խնդրի մը կողմէ եւ աշխարհի երկիրները կը ջանան առաջին հերթին մարել իրենց սահմաններէն ներս համաճարակով ծագած հրդեհը։
Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Կրօնական ժողովոյ անդամներէն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, 22 ապրիլ 2020, չորեքշաբթի երեկոյեան, մասնակցեցաւ բանախօսութեան մը, որ կը կազմակերպուէր միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ հեռակայ դրութեամբ։