Արխիւ
Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն անդրադարձ:
Հայաստան կը ձգտի ընդլայնել իր ներգրաւուածութիւնը միջազգային եւ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններու մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Ան ամսավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ատրպէյճան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գերմանիա։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին՝ Պերլինի մէջ այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։
Սուրիոյ պարագային կատարած խիստ ազդարարութիւններուն զուգահեռ՝ Էրտողան երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ:
Ճէյմս Ճեֆրի հանդիպումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Հուլուսի Աքար եւ Հաքան Ֆիտան շուտով Մոսկուայ կ՚ուղեւորուին՝ բանակցութիւններ վարելու համար ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:
«Դէպի Աստուած ճանապարհը կ՚օգնէ բացայայտել սեփական ինքնութիւնը»:
Վեհափառը ազգի հեղինակութեան բարձրացման գործօն կը համարէ երիտասարդութեան նուաճումները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ օրուան տեւողութեան այցելեց Վոսփորի Ասիական ափի մեր եկեղեցիները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ «Մարթին Պոսեր» սեմինարի վերատեսուչ Փրոֆ. Թոմաս Քինքէրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի։ Յանուն համոյթի ընտանիքին, անոնք շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մուսթաֆա Տեմիրը, որ նախապէս երկար ատեն եղած էր Ֆաթիհի քաղաքապետ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Մուսթաֆա Տեմիր քաղաքավարական այցելութեան փութացած էր՝ անձամբ շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը։
Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Սա Մարալ Այվազի առաջին մենահամերգն էր, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան սկսաւ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Երէկուան դրութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը սկսաւ այցելել մեր եկեղեցիները։ Աւանդութիւն է, որ Պոլսոյ Աթոռի գահակալը պաշտօնի կոչուելէ վերջ հովուապետական այցելութիւններ կը շնորհէ այն եկեղեցիներուն, որոնք Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կը մնան։
ԵՐԱՄ
Այս օրուան պէս կը յիշեմ։
Աշնանային առաւօտ մըն էր։ Տասներկու տարեկան անմեղ աղջնակ, հօրս ձեռքը բռնած գացած էի դպրոց։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պարոն Արտաշէսի ճամբուն վրայ կը գտնուի դէպի երկինք խոյացող, շքեղագոյն շինութիւն մը, որ իր իւրայատուկ արտաքինով անտարբեր չի ձգեր անցորդները։ Անկարելի է սա բարձրայարկ սքանչատես կառոյցի քովէն անցնիլ ու չնկատել զայն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլոր մարդիկ ներառուած են Ադամին մեղքին մէջ. «Անհնազանդութեամբ մէկ մարդու՝ բազմութիւնը մեղաւոր եղաւ» (ՀՌՈՄ. Ե 19)։ Այստեղ «բազմութիւն» բառը պէտք է հասկնալ՝ «բոլոր մարդիկ»ը։
Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիր մը: Դասաւանդութիւնը կը վարէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան:
Հայաստանի եւ Յորդանանի համագործակցութեան առջեւ կ՚ուրուագծուին նոր հեռանկարներ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ ամենաբարձր արարողակարգով հիւրընկալեց Ապտուլլահ Բ. թագաւորը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։
«Եթէ մեր զինուորներուն դոյզն իսկ վտանգ մը հասնի, ապա պիտի հարուածենք վարչախումբի զօրքերը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ լուրջ ազդարարութիւններ ուղղեց Սուրիոյ:
Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքի՝ երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տարածքին վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, տարածքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան, որու համար Վատիկանի կողմէ առաքելական կառավարիչ նշանակուած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Երեւան, ուր Զուրաթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։