ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ կը ծրագրուի եռակողմանի հանդիպում մը իր, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի եւ Կովկասի Մահմետականներու վարչութեան պետ եւ Ատրպէյճանի Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի մասնակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Շէյխիւլիսլամ Փաշազատէ նախընթաց օր հարցազրոյց մը տալով խօսած էր նման ձեւաչափով եռակողմանի հանդիպման մը հաւանականութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս կապակցութեամբ շօշափած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կարծիքը։ Նորին Սրբութիւնը ըսած է հետեւեալը.
«Գիտէք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սկզբնաւորման առաջին օրէն ի վեր մեր երջանկայիշատակ նախորդները, ապա եւ մենք, միջնորդութեամբ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքներուն, պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած ենք Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի հետ՝ համատեղ ջանքերով նպաստելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Մեր գահակալութեան շրջանին տեղի ունեցած են այդպիսի հինգ հանդիպումներ։ Ներկայիս, միջնորդութեամբ Քիրիլ Պատրիարքի, այո՛, կը ծրագրուի նաեւ եռակողմանի հանդիպում մը։ Հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակ չէ. կողմերու միջեւ աշխատանքներ կը տարուին թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ»։
Յիշեալ հարցազրոյցին մէջ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ անդրադարձած էր նաեւ հայկական կողմի ջանքերով Շուշիի մզկիթի վերականգնման իրողութեան։ Ան պնդած էր, որ հայերը այս բաները կ՚ընեն սադրիչ նպատակներով։ Ընդվզելով հայոց այս քայլին դէմ՝ Փաշազատէ տեղեկացուցած էր, որ հարցը օրակարգի վրայ պիտի բերէ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ-ական երկիրներու Միջկրօնական խորհուրդի նիստին ժամանակ։ Թէ ինչպէս կը վերաբերուի Հայ Եկեղեցին այս մօտեցման։ Ի պատասխան, Վեհափառ Հայրապետը նշած է, թէ պատմական փաստ է, որ ազէրի կողմը կ՚ոչնչացնէ հայկական հետք պարունակող որեւէ յուշարձան ու սրբավայր։ Որպէս օրինակ ան յիշեցուցած է հայոց հաւատքի վկայ Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերու կործանումը, Պաքուի հայկական եկեղեցւոյ՝ գրապահոցի վերածումը, Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներու ու վանքերու աւերումը։ Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի այս ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ ընդգծած է պատմական փաստը, թէ Արցախի իշխանութիւնները կը պահպանեն ու կը վերականգնեն Արցախի հողին վրայ գտնուող իրենց պատմական ժառանգութիւնը, նաեւ այլ կրօններու պատկանող սրբավայրերն ու յուշարձանները։ «Անշուշտ, Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ ազատ է բարձրացնել որեւէ խնդիր, ինչը եւ յաճախ կ՚ընէ՝ տուրք տալով նաեւ Ատրպէյճանի քարոզչամեքենայի պահանջներուն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Շուշի մզկիթի վերականգնման վերաբերեալ գոհունակութիւն արտայայտելու փոխարէն Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ դրսեւորուած ընդվզումը եւ անոր հիմնաւորումը մեզի համար անընկալելի են։ Արդար եւ ազնիւ պիտի ըլլար այդ մէկը արտայայտել սեփական երկրի տարածքէն ներս գտնուող հայկական սրբավայրերու եւ յուշարձաններու դէմ բարբարոսութիւններու առընչութեամբ»։