ՏԱՂԱՒԱՐ ԵՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց տարուայ հինգ տաղաւարներէն վերջինը՝ Խաչվերացի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ։ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ մատուցուեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի։ Տաղաւարի Ս. Պատարագին ժամանակ կատարուեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչ սրբազան հայրը քահանայ օծեց չորս սարկաւագներ, որոնք կը սպասարկեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս։ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ժամանակ նորընծաներուն մաղթեց Տիրոջ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ ուխտի մէջ հաստատուն, հաւատի մէջ անսասան եւ նուիրումի մէջ աննուազ մնալու համար։

Նորաօծ քահանաները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚անցընեն իրենց քառասնօրեայ ապաշխարութեան եւ աղօթքի շրջանը, որմէ վերջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ ծառայութեան կը կոչուին զանազան թեմերէ կամ եկեղեցական կառոյցներէ ներս։

Միւս կողմէ, երէկ, Արցախի թեմէն ներս ալ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Գանձասարի վանքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ քահանայ օծուեցան երկու սարկաւագներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020