ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։

«Զի կեանս յա­ւի­տե­նա­կան ետ մեզ Աս­տուած, եւ այս են կեանքն, որ յՈր­դին նո­րա են» (Ա Յով. Ե 11)։

­Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ,

Մեծ պահ­քի օ­րե­րու խո­կում­նե­րով ու խոր­հուր­դով, մեր Տի­րոջ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րու ու խա­չե­լու­թեան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ապ­րում­նե­րով այ­սօր հա­սած ենք Փրկչի հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան լու­սա­փայլ օ­րուան, զոր կը տօ­նենք հո­գիի բերկ­րան­քով ու խնդու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, ան­սահ­ման է ու­րա­խու­թիւ­նը մեր հո­գի­նե­րուն մէջ, քան­զի Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեամբ մա­հը խոր­տա­կուե­ցաւ եւ մար­դոց տրուե­ցաւ պար­գե­ւը յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի, եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան։ «Աս­տուած յա­ւի­տե­նա­կան կեանք տուաւ մե­զի. եւ այդ այն կեանքն է, որ Իր Որդ­ւոյ մէջ է»։ Յով­հան­նէս ա­ռա­քեա­լի այս խօս­քե­րով մեր պատ­գա­մը կը բե­րենք ձե­զի, սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, որ հա­ւա­քուած էք Մայր Տա­ճա­րի մէջ եւ հա­մայն մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ ի հայ­րե­նիս եւ ի սփիւռս։

Ար­դէն բա­ցուած են մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սուրբ խո­րան­նե­րու վա­րա­գոյր­նե­րը խորհր­դան­շե­լով, որ բաց են յա­ւի­տե­նու­թեան դռնե­րը։ Կը հնչէ ա­ւե­տի­սը Փրկչի Յա­րու­թեան՝ ազ­դա­րա­րե­լով, թէ ա­մէն ոք, որ ու­նի փա­փա­քը, քաղցն ու ծա­րա­ւը երկն­քի ար­քա­յու­թեան, կրնայ ժա­ռան­գել՝ ըն­դու­նե­լով այն կեան­քը, որ Քրիս­տո­սի մէջ է։

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեամբ մար­դուն տրուած է զօ­րու­թիւ­նը յա­րու­ցեալ կեան­քի, մեղքն ու չա­րի­քը վա­նե­լու, իր նմա­նին հան­դէպ սի­րով ու ո­ղոր­մու­թեամբ երկ­րա­յին կեան­քը լեց­նե­լու երկ­նա­յին օրհ­նու­թեամբ ու շնորհ­նե­րով, երկ­նա­յին ար­քա­յու­թեան պատ­կե­րը հաս­տա­տե­լու աշ­խար­հի մէջ, ուր կը թա­գա­ւո­րեն ար­դա­րու­թիւնն ու ճշմար­տու­թիւ­նը, կ՚ա­ռա­տա­նան խա­ղա­ղու­թիւնն ու խնդու­թիւ­նը։ Քրիս­տո­սի պար­գե­ւած յա­րու­ցեալ կեան­քի մէջ չկան տագ­նապ­ներ, չկան բռնու­թիւն ու պա­տե­րազմ­ներ, աղ­քա­տու­թիւն ու թշուա­ռու­թիւն­ներ, չկան տա­րաբ­նոյթ մո­լո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ցաւ ու տա­ռա­պանք կը պատ­ճա­ռեն մար­դոց, կ՚օ­տա­րաց­նեն ի­րա­րու, կը բե­ւե­ռաց­նեն հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը, կը ծնին ա­ղէտ­ներ։ Այս ա­մէ­նը, սա­կայն, կը շա­րու­նա­կեն մնալ աշ­խար­հի կեան­քին մէջ, քան­զի մարդ­կա­յին սրտե­րը յա­ճախ սէ­րէ պար­պուած, շա­հա­մո­լու­թե­նէ կարծ­րա­ցած ու անձ­նա­կեդ­րոն՝ ա­նար­ձա­գանգ կը մնան յա­րու­ցեալ նոր կեան­քի կո­չին։ Մինչ­դեռ խա­չե­լու­թիւն­նե­րը յա­րու­թեամբ պսա­կե­լու, դժուա­րու­թիւն­նե­րէն ու նե­ղու­թիւն­նե­րէն, վշտե­րէն ու չար­չա­րանք­նե­րէն յառ­նե­լու ու­ղին քրիս­տո­նէա­կեդ­րոն կեանքն է, որ խա­ղա­ղա­րար ո­գիով, բա­րի գոր­ծե­րով, բա­րե­պաշտ ըն­թաց­քով ա­ռա­քեա­լի խօս­քի հա­մա­ձայն՝ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի յա­ւի­տե­նու­թիւն։ «Աս­տուած յա­ւի­տե­նա­կան կեանք տուաւ մե­զի. եւ այդ այն կեանքն է, որ Իր Որդ­ւոյ մէջ է»։

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ, երկ­րա­յին այս կեան­քը տրուած է մե­զի որ­պէս ժա­մա­նակ Աս­տու­ծոյ փրկա­րար կեան­քին վկա­յու­թիւ­նը բե­րե­լու, Աս­տու­ծոյ պա­տուի­րան­ներն ու պատ­գամ­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն, մեր երկ­րին, մեզ շրջա­պա­տող աշ­խար­հին մէջ։ Մեր կեան­քը ար­ժէք ու բո­վան­դա­կու­թիւն կը ստա­նայ Քրիս­տո­սի մա­հուան ու Յա­րու­թեան խոր­հուր­դի լոյ­սին ներ­քեւ։ Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լը կ՚ու­սու­ցա­նէ ը­սե­լով. «Եւ ան մե­ռաւ բո­լո­րի հա­մար, որ­պէս­զի ա­նոնք, ո­րոնք կեն­դա­նի են, միայն ի­րենց հա­մար կեն­դա­նի չըլ­լան, այ­լեւ Ա­նոր հա­մար, որ մե­ռաւ եւ յա­րու­թիւն ա­ռաւ ի­րենց հա­մար» (Բ Կորնթ. Ե 15)։ Ապ­րիլ Քրիս­տո­սով եւ Քրիս­տո­սի հա­մար, ա­հա այս է փրկա­րար ու­ղին մեր կեան­քի, հիմ­քը, պայ­մանն ու ե­րաշ­խի­քը՝ թէ՛ որ­պէս ան­հատ եւ թէ որ­պէս հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, մեր հո­գե­ւոր ա­ճի ու զօ­րաց­ման, նաեւ՝ մեր հայ­րե­նի­քի յա­ռա­ջըն­թա­ցի ու զար­գաց­ման, աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան ու լու­սա­ւոր գա­լի­քին։

Այ­սօր բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած է մեր եր­կի­րը, մեր սահ­ման­նե­րուն ան­կա­յուն է խա­ղա­ղու­թիւ­նը, տա­կա­ւին յաղ­թա­հա­րուած չեն աղ­քա­տու­թիւնն ու գոր­ծազր­կու­թիւ­նը, հրա­մա­յա­կան է ար­տա­գաղ­թի կան­խու­մը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րու դար­ձը դէ­պի հայ­րե­նիք։ Յան­դի­ման այս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը ու­նի վսեմ յատ­կա­նիշ­նե­րը հայ­րե­նա­նուի­րու­մի, ազ­գա­սի­րու­թեան, ըն­տա­նի­քի նուի­րա­կա­նու­թեան, ծնո­ղի հան­դէպ սի­րոյ, ու­նի յանձ­նա­ռու­թիւն զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու՝ յա­նուն սրբա­զան ար­ժէք­նե­րու՝ եւ մենք ի զօ­րու ենք ա­նա­ռիկ պա­հե­լու հայ­րե­նի սահ­ման­նե­րը, բա­րօր ու բար­գա­ւաճ դարձ­նե­լու մեր եր­կի­րը, բա­ցա­ռե­լու ազ­գա­յին մեր կեան­քէն տագ­նապ­ներն ու ցնցում­նե­րը։ Մեր կեան­քի ըն­թաց­քը, մեր կեն­սա­կեր­պը մեզ ոչ թէ պի­տի ջլա­տեն, պա­ռակ­տեն, այլ՝ միա­ւո­րեն եւ դարձ­նեն հա­մա­խումբ՝ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար մեր կեան­քի մար­տահը-րա­ւէր­ներն ու փոր­ձու­թիւն­նե­րը եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու ազ­գա­յին մեր տե­սիլք­նե­րը։ Մենք Քրիս­տո­սի ժո­ղո­վուրդ ենք, մեր հա­ւա­տը, որ Քրիս­տոս յա­րու­թիւն ա­ռած է, ան­յու­սու­թիւ­նը կը փո­խէ յոյ­սի, տկա­րու­թիւ­նը՝ ու­ժի, ան­տար­բե­րու­թիւ­նը՝ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան, ար­ծա­թսի­րու­թիւ­նը՝ բա­րե­գոր­ծու­թեան եւ ծա­ռա­յու­թեան ու աշ­խա­տան­քին կը միա­խառ­նէ նուի­րու­մի ու յանձ­նա­ռու­թեան ո­գին։ Կո­չուած ենք այս փո­խա­կեր­պու­թեան, ո­րով միայն կրնանք ան­կո­րուստ պա­հել մեր եր­կիրն ու ազ­գա­յին կեան­քը եւ յաղ­թա­նակ­ներ ար­ձա­նագ­րել մեր ժո­ղո­վուր­դի ու հայ­րե­նի­քի բա­րօ­րու­թեան ու յա­ռա­ջըն­թա­ցի պայ­քա­րին մէջ։ Արդ, սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ, բո­լորս՝ պաշ­տօ­նեայ, աշ­խա­տա­ւոր, զի­նուոր, ձեռ­նար­կա­տէր, մտա­ւո­րա­կան, հո­գե­ւո­րա­կան, նո­րո­գած մեր մէջ քրիս­տո­նէա­կան ո­գին՝ ամ­րապն­դուած յոյ­սով քա­լենք այն ճա­նա­պար­հով, ապ­րինք այն ճշմար­տու­թեամբ, ըն­դու­նինք այն կեան­քը, որ Քրիս­տոսն է՝ յա­րու­ցեալ մեր Տէ­րը, որ­պէս­զի գրոյ յի­շա­տա­կի ար­ժա­նի գոր­ծե­րով պայ­ծա­ռա­կեր­պուի ազ­գիս կեան­քը ի Սփիւռս աշ­խար­հի եւ լցուի աս­տուա­ծա­յին պար­գեւ­նե­րով եւ երկ­նա­յին օրհ­նու­թեամբ։ Եւ մենք քա­ջա­լեր մեր Տի­րոջ պար­գե­ւած փրկու­թեան հա­ւա­տով եւ տո­գո­րուած բա­րի գոր­ծոց ջերմ ե­ռան­դով՝ ա­ռա­քեա­լի հետ վստա­հու­թեամբ ը­սենք. «Եւ մենք Ճշմար­տի՝ Իր Որդ­ւոյ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ ենք. ո­րով­հե­տեւ Ան է՝ ճշմա­րիտ Աս­տուած եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­ք» (Ա Յով. Ե 20)։

Մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան բերկ­րա­լի ա­ւե­տի­սով մեր ող­ջոյ­նը կը բե­րենք մեր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նին, Կ. Պոս­լոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղա­պահ Գե­րաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին, քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն եւ Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­բողջ հո­գե­ւոր դա­սուն։ Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ՚ող­ջու­նենք Սրբա­զան Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Տիար Սերժ Սարգ­սեա­նին՝ Ա­ռա­ջին տիկ­նոջ հետ, ող­ջոյն կը յղենք Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Տիար Բա­կօ Սա­հա­կեա­նին, հա­յոց պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին, նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն եւ կը մաղ­թենք, որ Տէ­րը զօ­րա­ցեալ պա­հէ առ ազգն ու հայ­րե­նին սի­րոյ մէջ՝ հայ­րե­նա­շէն ձեռք­բե­րում­նե­րով ար­դիւ­նա­ւո­րե­լու բարձր ու պա­տաս­խա­նա­տու ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Օրհ­նու­թեամբ եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րով կ՚ող­ջու­նենք Հա­յաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներն ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Հայ­րա­պե­տա­կան մեր սէրն ու օրհ­նու­թիւ­նը կը բե­րենք հա­ւա­տա­ւոր մեր ժո­ղո­վուր­դին ի հայ­րե­նիս եւ ի սփիւռս։

Կ՚ա­ղօ­թենք եւ հայց կը բարձ­րաց­նենք առ մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս, որ­պէս­զի հրա­շա­փառ իր Յա­րու­թեան շնորհ­նե­րը լու­սա­ւո­րեն մարդ­կու­թեան կեան­քը, խա­ղա­ղու­թիւն տի­րէ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տուի մեր հայ­րե­նի սահ­ման­նե­րուն։ Կ՚ա­ղօ­թենք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­տա­ւոր գոր­ծե­րու բա­րի ար­դիւնք­նե­րով հզօ­րա­նայ մեր հայ­րե­նի­քը, միշտ պայ­ծառ ըլ­լայ մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին եւ աշ­խար­հաս­փիւռ ազգս հաս­տա­տուն ըն­թաց­քով ա­ռաջ­նոր­դուի դէ­պի փրկու­թիւն ու յա­ւի­տե­նու­թիւն՝ այ­սօր եւ միշտ. ա­մէն։

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց։

Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017