ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՊԱՏԳԱՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէպի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Այս ուղեւորութիւնը յատկանշական էր բազում երեսակներով։ Բայց եւ այնպէս, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ այցելութեան օրերուն կատարուած յայտարարութիւններէն մին եկած է բնորոշել այդ ուղեւորութեան ամբողջ իմաստն ու խորքը։ «Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է, կարելի չէ կերտել ազգային կեանքի միութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին ձօնուած հանդիսութիւններուն ընթացքին։ Այս պատգամը զուգադիպած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ յարաբերութիւնները լրջօրէն մեղմացած են, զգալի է համագործակցութեան պատրաստակամութիւն մը, սակայն գործնականին մէջ արդիւնք մը չկայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միութեան հիմնախնդրի միանգամընդմիշտ լուծման առումով։ Այս ուղղութեամբ դրական սպասումները, բարեացակամ ակնկալութիւնները շատ են, սակայն հորիզոնին վրայ շօշափելի հեռանկար մը չէ ուրուագծուած։ Նման իրավիճակի մը մէջ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հնչեցուած այս տեսակէտը եղած է ուշագրաւ եւ ազգային-եկեղեցական շրջանակներէն ներս կան սպասումներ, թէ յառաջիկայ շրջանին գուցէ կրնան նոր զարգացումներ ակնկալուիլ։
Ամենայն Հայոց Հայրապետի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտած է նաեւ սփիւռքեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Վերջերս Պոսթոնի «Պայքար»ն ալ խմբագրականին մէջ անդրադարձած է այս նիւթին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Պայքար»ի խմբագրականը։
*
Ամենայն Հայոց Հայրապետին հովուապետական օրհնաբեր այցը Ամերիկայի Արեւմտեան ափի իր հօտին հասաւ իր աւարտին: Սակայն, անոր պատգամին արձագանգները կը շարունակեն ծփալ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ եւ հնչել հոգիներէ ներս:
Հովուապետի այցին ստեղծած ոգեւորութիւնը հասկնալի էր, սակայն այդ ոգեւորութեան մէջ նաեւ արձագանգ գտան ցաւն ու վիրաւորանքը Հայ Եկեղեցւոյ պառակտեալ վիճակին:
Վերեւի վերնագիրը վերցուած է Հայրապետին պատգամէն. սակայն, լիամբողջ կերպով հասկնալի դարձնելու համար զայն հարկ է լրացնել հայրապետին խօսքը, որ կ՚ըսէր. «Երբ եկեղեցական կեանքը պառակ-տըւած է, չի կարող կերտուել միութիւնը ազգային կեանքի»։
Ոեւէ սրտցաւ հայու համար Հայ Եկեղեցւոյ բաժանման մասին խօսիլը մեր ժողովուրդի տխուր ճակատագրին վրայ խոկալու համապատասխան է: Սակայն, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին կատարուած իրողութիւն տեսնել այդ բաժանման մէջ՝ կացութիւնը շահագործողներն են ի հաշիւ եւ ի վնաս մեր ազգի ապագային: Իսկ անոնք, որոնք դատարկուած են սկզբունքներէ եւ պիտի ուզէին լռութեամբ անցնիլ այս անբուժելի վէրքին վրայէն՝ պարզապէս բարոյական քսակահատներ են, որոնք կը սնանին գաղափարի ճամբուն վրայ ինկած մարտիկներու աճիւնով:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր վերոյիշեալ պատգամին մէջ դեռ տարտամ յոյս մըն ալ կը սնուցանէ եկեղեցւոյ հաւանական միացման հեռանկարին մասին՝ ըսելով. «Լիայոյս ենք, որ մեր հոգեւոր եղբօր՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ պիտի կարողանանք յաղթահարել այս կացութիւնը եւ նոր էջ բացել մեր սուրբ եկեղեցու նորագոյն պատմութեան մէջ»:
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ ի՞նչ հաւաստի աղբիւրէ կը բխի այս ողջունելի լաւատեսութիւնը: Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ ապրած էր այդ ամբողջ յորձանուտ ժամանակաշրջանը եկեղեցական պայքարին, բարձրանալէ ետք Ս. Էջմիածնի գահին վրայ զարմանքով հարց կու տար մտերիմներու «Ես ալ մասնակցած եմ Էջմիածնի դէմ պայքարին, որովհետեւ ան կը գտնուէր սովետի լուծին տակ. հիմա, որ սովետը չկայ՝ ի՞նչ իմաստ ունի դեռ այս պայքարը»:
Բնականաբար երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. շատ լաւ գիտէր իր հարցումին պատասխանը, մանաւանդ՝ «իմաստը» շարունակուող այդ պայքարին: Ի հարկէ, աւելի լաւ ծանօթ է այդ «իմաստ»ը մասնաւորաբար պայքարն ու պառակտումը շարունակողներուն:
Եթէ սովետը բաժին մը ունէր այդ պառակտումին յառաջացման մէջ, նոյնքան եւ աւելի բաժին ունէին այն ուժերը, որոնք իրենց քաղաքական պայքարը փոխադրեցին - աւելի փոխադրել տուին հայանուն մարդոց - մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:
Սովետը փլաւ եւ ցուրտ պատերազմը աւարտեցաւ, սակայն իբրեւ ցուրտ պատերազմի ժառանգ, կը շարունակէ մնալ եկեղեցւոյ բաժանումը. եւ իրօք, ինչպէ՞ս կարելի է ազգը միացնել երբ եկեղեցին բաժնուած է հակընդդէմ ուժերու միջեւ:
Եկեղեցւոյ բաժանումը առաջին հերթին ուժերու եւ միջոցներու անմիտ վատնում է ներազգային կեանքին մէջ, մանաւանդ՝ Արեւմուտքի մէջ: Հոն, ուր Էջմիածինը պատմականօրէն թեմ մը ունի, մրցակից նոր թեմ մը կը բանայ Անթիլիասը՝ հանդերձ եպիսկոպոսով ու եկեղեցիով. հոն ուր ծուխ մը սկսի՝ չ՚ուշանար մրցակից ծուխը:
Դեռ այսքանը մեր ներքին ամօթն է, որ դժբախտաբար կը ծաւալի նաեւ ազգային կեանքէն դուրս՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային բեմէն ներս, քաղաքական հրապարակներու վրայ, եւ՝ ամէնուր:
Այն աշխարհամասը, ուր կ՚այցելէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ կրկնակոխ անոր կը հետեւի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը, կամ կը կանխէ զայն:
Ամենէն ամօթալի երեւոյթը պատահեցաւ 2015-ի Ապրիլին, Վատիկանի մէջ, երբ բովանդակ հայութիւնը - ու նաեւ՝ հայութեան թշնամիները - իրենց շունչը բռնած կը սպասէին Հռոմի Պապին պատմական արտայայտութեան: Ազգային իմաստով՝ յաղթանակ մըն էր, որ միջազգային քաղաքական տարողութիւն զգեցաւ: Հայութիւնը չկրցաւ այնտեղ իր նանրամտութիւնը զսպել եւ արժանավայել կերպով ներկայանալ մէկ գլուխով:
Արդար չէ այս պառակտումին մէջ մեղադրել Արամ Ա. կաթողիկոսի անձը, որ այս կացութիւնը ժառանգեց անցեալէն. սակայն, այդ մեղքին բաժնեկից պիտի դառնայ, եթէ իր օրով չփորձէ մերձեցման փորձ կատարել:
Շնորհիւ Արամ կաթողիկոսին հայագիտութեան, ազգային արժէքներու եւ զրահուած հայկականութեան բերդ մը դարձած է Անթիլիասի Աթոռը: Սակայն, անգամ մը, որ դուրս գայ ան այդ բերդէն, Էջմիածնը նսեմացնելու ազգն ու եկեղեցին պառակտելու ցաւալի ազդակ մը կը դառնայ ան:
Զարմանալի բարեխառնութիւն մը ունի մեր ժողովուրդը. եկեղեցւոյ տէրը՝ փաստօրէն կը մնայ սփիւռքահայութիւնը, հետեւաբար բաժանման կռուադաշտն ալ դարձած է նոյն սփիւռքահայութիւնը, որ այնքան կարիքն ունի միութեան եւ համադրուած աշխատանքի:
Հայաստանի ժողովուրդը եօթանասուն տարի անաստուած վարչակարգի տակ ապրելով կորսնցուցած է եկեղեցւոյ դերին նշանակութիւնը, եթէ ոչ հաւատքը:
Միեւնոյն անգիտութիւնը ժողովրդային խաւերէն կը բարձրանայ մինչեւ գերագոյն իշխանութիւնները: Բարացուցական օրինակ մըն էր նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական միամտութիւնը՝ Անթիլիասի կաթողիկոսը Էջմիածին բերելով Գորդեան հանգոյցը լուծած ըլլալու յաւակնութեամբ:
Այսօրուան իշխանութիւնները, իրենց կարգին, դեռ չեն տուած ապացոյցը, թէ հասկցած են դերը եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն: Անոնք նախ փորձ չեն կատարած եկեղեցին միացնելու: Առաւել - որ ամենէն վտանգաւորն է - հաւասարութեան նշան դնելը երկու կաթողիկոսներուն միջեւ անգիտակից քաղաքականութիւն մըն է պառակտումը տեւականացնելու. միամիտ այդ քաղաքականութիւնը անաչառութենէ աւելի կը բխի ժամանակաւոր ու շուտիկ մարտավարական հաշիւներէ՝ անտեսելով ապագայի աղէտը:
Պատասխանատուութեան լուրջ բաժին մըն ալ ունին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ իրապաշտ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու՝ եկեղեցին միացնելու հեռանկարով:
Իսկ անոնք, որ 1956-ին պառակտեցին եկեղեցին, Անթիլիասի Աթոռը կուսակցականացնելով՝ իրենց արարքներն ու քաղաքականութիւնը արդարացնելու պատրուակ մը ունէին - ատիկա համայնավարութեան դէմ պայքարն էր: Երբ համայնավարութիւնը տապալեցաւ՝ մնացին հողմաղացները, իբրեւ կռուի թիրախ: Այսօր կուսակցականացած եկեղեցին այլեւս չունի իր պայքարի արդարացումը. սակայն, բացայայտ է, որ այդ քաղաքական փուչիկին պայթումէն ետք պարպուած է մերկապարանոց իրականութիւնը՝ եկեղեցին իբրեւ զօրութեան խարիսխ եւ եկամուտի աղբիւր գործածելու: Եկեղեցւոյ միութեամբ անխուսափելիօրէն կը փակուին շահաբեր այդ կեդրոնները եւ եկեղեցին կը վերադառնայ իր հոգեւոր ազգային դերին:
Երբ ժամանակը կ՚անցնի, իրավիճակները կը կարծրանան եւ միութեան հեռանկարները աւելի եւս կ՚աղօտին: Իսկ նոր սերունդը փոխանակ պատմութիւնը ուսումնասիրելու՝ աւելի հեշտութեամբ այդ պայքարները կը վերագրէ հին մարդոց ժամանակավրէպ գզվըտուքներուն ու կը փակէ իրական միութեան ճանապարհը:
Եկեղեցւոյ միութեան հարցին առընչութեամբ պատասխանատուութեան բաժին մըն ալ ունին մեր եկեղեցական իշխանաւորները, մասնաւորաբար Էջմիածնի ենթակայ թեմերէն ներս. որովհետեւ դաստիարակութիւն չի տրուիր այնտեղ նոր սերունդներուն, որոնք, եթէ գիտակցութիւնը չունին պառակտումի պատճառներուն, զրկուած պիտի ըլլան նաեւ զայն դարմանելու հնարաւորութենէն: Միւս կողմէ, Անթիլիասի ծուխերէն ներս հեքիաթներ հիւսուած են եկեղեցւոյ բաժանումը պատճառաբանելու եւ նոյնիսկ մեղքը վերագրելու Էջմիածնի հաւատաւոր հօտին, զոր ժամանակին կը կոչէին Մարթինիքեան թեմ: Երբ Դուրեան Սրբազանի սպանութեամբ պառակտուեցաւ եկեղեցին, Էջմիածնի հաւատարիմ թեմը այդ տարուան իր եկեղեցական համագումարը կայացուցած էր Նիւ Եորքի Մարթինիք պանդոկին մէջ:
Գարեգին Վեհափառը արդարացի է. չի կրնար ազգը միանալ՝ երբ եկեղեցին պառակտուած է:
Եթէ բաժանումը տեւականացնելու նպատակով մարտչնողներ կան, ուրեմն, եկեղեցւոյ միութեան - եւ ազգին - հաւատացողները պարտադիր գոյամարտի մէջ կը մնան՝ կաթողիկոսով, առաջնորդներով, վարդապետներով, քահանաներով եւ հաւատացեալ ծխականներով:
Իցիւ թէ Վեհափառին լաւատեսութիւնը արդարանայ: Այլապէս՝ «կռիւը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ վերջանան կռուողները», ինչպէս ըսած է ֆրանսացի թատերագիր Քորնէյ: