ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ
Աւագ շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ ուրբաթը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ՝ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը հռոմէացի կուսակալ Պիղատոսէն, հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով մահուան Անոր դատապարտումը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը:
Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը: Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը՝ ի նշան Յիսուսի թաղման: Ծնրադիր եւ արտասուալից կ՚երգուին «Սուրբ Աստուած… որ թաղեցար վասն մեր» եւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները:
Ժողովրդական բարեպաշտութիւն է, երբ հաւատացեալներ երեք անգամ ծունկերու վրայ կ՚անցնին Քրիստոսի դագաղին տակէն՝ ի նշան վերջին յարգանքի:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Աւագ ուրբաթը սուգի օր էր, այդ օրուան ուտելիքները կծու եւ թթու պէտք է ըլլային։ 0րինակ, մարաշցիները «քացխլա շովրօ» (քացախ ապուր) կ՚ուտէին։ Լոռեցիները բանջար կ՚եփէին «որպէսզի անոր ծակող զօրութիւնը ոչնչանայ, որովհետեւ Քրիստոսը բանջարով ծեծած են»։
Մուշի մէջ կաղամբի թթուաշ կը պատրաստէին, որ կը կոչուէր «օձի թթու»։
Աւագ Ուրբաթ օր լոռեցիներուն մօտ արգիլուած էին՝ ծունկի գալ, որովհետեւ Քրիստոսը խաչին է, խաչակնքելը, որովհետեւ Քրիստոսը խաչուած է, դրամ փոխ տալ կամ առնելը, որովհետեւ Քրիստոսը դրամի համար մատնուած է։
Ջաւախքի մէջ արգիլուած էին՝ մուրճ բարձրացնելը, որովհետեւ մուրճով գամած են Քրիստոսին անդամները, փայտ յղկելը, որովհետեւ Քրիստոսի խաչափայտը տաշուած էր։
Ուրբաթ գիշեր հաւատացեալները եկեղեցւոյ մէջ կ՚անցընէին սուգի, տառապանքի, լացի ու վշտի ժամեր։ Սակայն այդ ծանր ցաւով ու վիշտով լեցուն գիշերը վերջակէտ կը դնէր կենցաղային ու հոգեկան ինքնազսպումին ու ժուժկալութեան իրական եւ ծիսական շղթային՝ նոր աշխատանքով եւ ուրախութեամբ լեցուն կեանքի հերթական սկիզբը ազդարարելով։
Աւագ շաբաթ օրը կը յիշատակուի դժոխքի աւերումը: Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ մարգարէական ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք բոլորն ալ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս Աստուած կանուխ ժամանակներէն արդէն ծրագրած էր Իր Որդին աշխարհ ղրկել: Ընթերցումներուն կը յաջորդէ Ճրագալոյցի պատարագը: Այդ երեկոյ եկեղեցւոյ վառած մոմերէն կը վառուին բազմաթիւ մոմեր ու ճրագներ, եւ հաւատացեալները այդ մոմին լոյսը կը բերեն իրենց տուները՝ իբրեւ խորհրդանիշ Յիսուսի յարութեան ուրախ աւետիսին: Այդ երեկոյ վերջ կը գտնէ նաեւ Մեծ պահքը:
Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օր հաւատացեալները, ներկայ գտնուելով եւ մասնակից ըլլալով եկեղեցական արարողութիւններուն՝ աղօթքով եւ հաւատքի գործերով կը պատրաստուին Փրկչին գալստեան, յարութեան յոյսով կ՚անցնին Քրիստոսի չարչարանքներու եւ խաչի ճանապարհով:
Աւագ շաբթուան մասին Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը կ՚ըսէ. «Այդ շաբաթ տը-րորուեցաւ ու ոտնահարուեցաւ մահը, ջնջուեցաւ մեղքը, փշրուեցաւ երդումն ու դրախտի փականը, կտրուեցաւ երկնքի անմատչելիութիւնը, հեռացուեցաւ բաժանութեան պատնէշը, զաւթուեցան անջրպետող սահմանները, Աստուած աշխարհի մէջ հաշտեցուց երկնայինն ու երկրայինը»: