ՎԱՂԸ՝ ԱՂՕԹՔ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը եւ աշխարհի զանազան հոգեւոր առաջնորդներ վաղը միասնական աղօթք մը պիտի իրականացնեն յանուն խաղաղութեան։ Վատիկանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սրբազան Պապը վաղը մասնակցութիւն պիտի բերէ միջազգային խաղաղութեան աղօթքին, որու կարգախօսը պիտի ըլլայ՝ «Ոչ ոք կրնայ առանձին փրկուիլ. խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն»։ Միջազգային այս աղօթքը կազմակերպուած է Ս. Էճիտիօ միաբանութեան նախաձեռնութեամբ։ Հռոմի Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքը՝ քրիստոնէութեան բազմաթիւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Աղօթքին պիտի յաջորդէ միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որ նախատեսուած է Միքելանճելոյի հրապարակին վրայ։ Այս աղօթքը ուղիղ հեռարձակումով պիտի ցուցադրուի ութ լեզուներով՝ յիշեալ միաբանութեան զանազան ալիքներով կամ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Յանուն Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան՝ այս միջազգային աղօթքին ժամանակ պիտի վերյիշուին նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք պատերազմական իրավիճակներու մէջ կը գտնուին։
Միւս կողմէ, «Յանուն քրիստոնեաներու պաշտպանութեան» հասարակական կազմակերպութիւնն ալ արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին եւ շարժման անցնելու հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը։