ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՊԱՇՏՕՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս, Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րէն Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պուր­ճէ­քեան նշա­նա­կուե­ցաւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ծա­ռա­յու­թեան հա­մար Ա­րեւմ­տեան Թեմ հրա­ւի­րուած Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պուր­ճէ­քեան ար­դէն պա­տաս­խա­նա­տու, բարձր մա­կար­դա­կով պաշ­տօ­նի մը կո­չուած է Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան ի­րեն շնոր­հեց ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի աս­տի­ճան, թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ներ­կա­յու­թեամբ։ Ստո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ այս առ­թիւ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։

Հա­մա­ձայն Հայց. Ե­կե­ղե­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ «վար­դա­պե­տ­»ը սկզբնա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն սկսեալ, միշտ ու­նե­ցած է ե­կե­ղե­ցա­կան գլխա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն եւ պաշ­տօն մը՝ քա­րո­զել եւ ու­սու­ցա­նել: Եւ ան­շուշտ, այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կ­­՚ակն­կա­լէր շատ լուրջ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ու­սում­նա­կան եւ գի­տա­կան, նկա­րա­գիր եւ ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, հա­ւատ­քի կրա­կը դնե­լով ի­րենց ու­սու­մին եւ ամ­բա­րուած գի­տու­թեան մէջ: Այս­պէս ըն­դու­նուած է հայ «վար­դա­պե­տ­»ին ե­կե­ղե­ցա­կան տի­պա­րը:

Ե­կե­ղե­ցա­կան, քա­րոզ­չա­կան, գրա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քի եւ ու­սու­ցո­ղա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ծի­րով՝ «վար­դա­պե­տ­»ին կեան­քը ստա­ցած է իր իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը:

Հիմ­նա­կա­նին մէջ, ա՛յս է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ­նե­րուն ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ա­ռա­քե­լա­կան կեան­քին հիմ­նա­կան ու­ղե­գի­ծը, «վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­ն» եւ «վար­դա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­ն» ու­նե­ցող­նե­րուն նկա­րա­գի­րը, վար­քա­գի­ծը, ա­նոնց պաշ­տօ­նին նշա­նա­կու­թիւ­նը, դե­րը, կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժէ­քը:

Հա­մա­ձայն ե­կե­ղե­ցա­կան ծի­սա­կան դա­րա­ւոր մա­տեա­նին, այս կա­րե­ւոր պաշ­տօ­նը («վար­դա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­ն» կամ «վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­ն») շնոր­հո­ղը միայն «մեծ վար­դա­պե­տ»ն է: Միայն ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան ու­նե­ցո­ղը կրնայ վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան շնոր­հել ու­րի­շին: Բուն վար­դա­պե­տը ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետն է:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Մայր Տա­ճա­րի սար­կա­ւագ­նե­րու եւ թե­մի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու թա­փօ­րով գա­ւի­թէն «Հրա­շա­փա­ռ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ դէ­պի դա­ս եւ բազ­մե­ցաւ ա­թո­ռին վրայ: Ըն­ծա­յեա­լը կը ներ­կա­յաց­նէր Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան: Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պուր­ճէ­քեան Սրբա­զան Հօր ա­ռաջ ծնդրադ­րած էր՝ վար­դա­պե­տա­կան գա­ւա­զա­նը ի ձե­ռին եւ վե­ղա­րը հանգ­չե­ցու­ցած ու­սին վրայ:

Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան հե­տե­ւեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը. Տ. Վա­չէ Ար­ք. Յով­սէ­փեան, Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան, Ե­րու­սա­ղէ­մէն հիւ­րա­բար թեմ այ­ցե­լող Տ. Էմ­մա­նուէլ Վրդ. Ա­թա­ջա­նեան, Տքթ. Տ. Զա­ւէն Ա­. Քհնյ. Ար­զու­մա­նեան, ծու­խի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան, Տ. Ար­շակ Ա. Քհնյ. Խա­չա­տու­րեան, Տ. Սի­փան Ա­. Քհնյ. Մըխ­սեան, Տ. Մու­շեղ Ա. Քհնյ. Թաշ­ճեան, Տ. Յով­սէփ Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Մա­նուկ Ա­. Քհնյ. Մար­գա­րեան, Տ. Մամբ­րէ Ա­. Քհնյ. Քե­սա­պեան, Տ. Վազ­գէն Քհնյ. Մով­սէ­սեան, Տ. Սար­գիս Ա­. Քհնյ. Փե­թո­յեան, Տ. Զա­րեհ Քհնյ. Ման­սու­րեան, Տ. Յա­րու­թիւն Քհնյ. Թաշ­ճեան եւ Տ. Սե­րով­բէ Քհնյ. Էյ­լէն­ճեան:

Շա­րա­կան­նե­րուն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Տ. Ար­շակ Ա. Քհնյ. Խա­չա­տու­րեան: Սրբա­զան Հայ­րը յա­տուկ ա­ղօթք­նե­րու ըն­թեր­ցու­մով տա­սը նոր աս­տի­ճան­ներ շնոր­հեց Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պուր­ճէ­քեա­նին: Իսկ Ա­ւե­տա­րա­նի տա­սը ըն­թեր­ցում­նե­րը կա­տա­րե­ցին տա­սը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ի­րա­ւա­բան Ժո­զէֆ Կա­նի­մեան եւ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը իր պատ­գա­մին մէջ գո­հու­թիւն յայտ­նեց Բարձ­րեալն Աս­տու­ծոյ, որ հո­գե­պա­րար այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րած էր՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու եւ սար­կա­ւագ­նե­րու եւ ի ներ­կա­յու­թեան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու: Սրբա­զան Հայ­րը յայտ­նեց, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ եւ ար­տօ­նու­թեամբ Հայր Սուր­բը իր կող­մէ հրա­ւի­րուած էր ծա­ռա­յե­լու Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս: Յի­շեց, թէ Հայր Սուր­բը կը ճանչ­նար 1992 թուա­կա­նէն ի վեր, երբ ուխ­տա­ւո­րա­բար այ­ցե­լած էր Ե­րու­սա­ղէմ: Անդ­րա­դար­ձաւ Հայր Սուր­բին հա­ւատ­քի եւ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ո­գիին, ար­ժա­նա­ցած բարձ­րա­գոյն ուս­ման, վան­քէն ներս վա­րած կարգ մը պաշ­տօն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ըլ­լա­լով կա­լուա­ծոց տե­սու­չը: Հայր Սուր­բը ար­դէն չորս ա­միս­նե­րէ ի վեր թե­մէն ներս կը գտնուի եւ ի­րեն վստա­հուած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս կը կա­տա­րէ:

Սրբա­զան Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան տա­սը աս­տի­ճան­նե­րու հա­մար գրուած հիա­նա­լի ա­ղօթք­նե­րուն եւ ա­նոնց­մէ մի քա­նի մէջ­բե­րում­ներ կա­տա­րեց եւ մեկ­նա­բա­նեց՝ ը­սե­լով, թէ մեր ե­րա­նե­լի հայ­րա­պետ­նե­րը եւ այս պա­րա­գա­յին Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի Վար­դա­պե­տը գրած է հա­ւատք եւ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ո­գի ներշն­չող ա­ղօթք­ներ, ո­րոնք ե­կե­ղեց­ւոյ մնա­յուն գո­հար­ներն են:

Իր խօս­քի ա­ւար­տին Սրբա­զան Հայ­րը ան­ձամբ եւ թե­մի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ա­նու­նով ի սրտէ շնոր­հա­ւո­րեց Հայր Սուր­բը եւ յայ­տա­րա­րեց, որ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի հետ խորհր­դակ­ցա­բար զինք կը նշա­նա­կէ ա­ռաջ­նոր­դա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ, որ­պէս­զի այդ հան­գա­ման­քով իր լայ­նա­ծա­ւալ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը մա­տու­ցա­նէ թե­մէն ներս: Ա­պա քա­ջա­ռող­ջու­թեան եւ յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թանք­ներ կա­տա­րեց:

Իր կար­գին, Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պուր­ճէ­քեան իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ իր օրհ­նու­թեամբ եւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով իր ծա­ռա­յու­թեան բա­ժի­նը պի­տի բե­րէր տի­րախ­նամ այս թե­մէն ներս: Այ­նու­հե­տեւ յայտ­նեց իր հո­գե­կան եր­ջան­կու­թիւնն ու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը՝ ի­րեն շնոր­հուած ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­տա­նին հա­մար:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը, ա­պա հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը յա­ջոր­դա­բար շնոր­հա­ւո­րե­ցին Հայր Սուր­բը: Ապա Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը եւս մօ­տե­նա­լով շնոր­հա­ւո­րե­ցին զինք եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին:

Միւս կող­մէ, Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի նշա­նա­կու­մով, Հո­լի­վու­տի Ս. Յով­հան­նու Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Մա­նուկ Ա. Քհնյ. Մար­գա­րեան կը շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել որ­պէս Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիո­յ ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ, Տ. Ե­ղիա Ա. Քհնյ. Հայ­րա­պե­տեան՝ որ­պէս Կեդ­րո­նա­կան Գա­լի­ֆոր­նիոյ ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ եւ Տ. Տա­թեւ Ա. Քհնյ. Յա­րու­թիւ­նեան՝ որ­պէս Հիւ­սի­սա­յին Գա­լի­ֆոր­նիո­յ ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Ար­մէն Համ­բար» դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը դար­ձեալ ա­ռի­թն ու­նե­ցան շնոր­հա­ւո­րե­լու Հայր Սուր­բը եւ զրու­ցե­լու ի­րեն հետ:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ

Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պուր­ճէ­քեան ծնած է 11 Հոկ­տեմ­բեր, 1970-ին, Լի­բա­նան: Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քի Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նէն եւ ըն­ծա­յա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լէ ետք, 1991-ին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պա­տա­րիարք եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Տ. Թոր­գոմ Ար­ք. Մա­նու­կեա­նի ձե­ռամբ ձեռ­նադ­րուած եւ օ­ծուած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ:

Հայր Սուր­բը ներ­կա­յիս ա­տե­նա­պետն է Միա­բա­նա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին: Վան­քէն ներս վա­րած է զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ, ինչ­պէս՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան կա­լուա­ծոց տե­սուչ, Տնօ­րէն ժո­ղո­վի Բ. ա­տե­նա­պետ, Կրօ­նա­կան ա­տեա­նի ան­դամ, Ե­րու­սա­ղէ­մի Ժա­ռա­նա­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նի եւ ըն­ծա­յա­րա­նի Նոր Կտա­կա­րա­նի ու­սու­ցիչ, «Կան­թե­ղ» ամ­սա­թեր­թի­կի խմբա­գիր, Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նի եւ ըն­ծա­յա­րա­նի տե­սուչ:

Հայր Սուր­բը տի­րա­ցած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման: Իսկ ներ­կա­յիս տոք­թո­րա­կա­նի տիտ­ղո­սի ու­սա­նող է Ե­րու­սա­ղէ­մի Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան գի­տու­թիւն­նե­ր» բա­ժան­մուն­քին: Ցարդ կա­տա­րած է չորս հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ: Բա­ցի հա­յե­րէ­նէն, կը տի­րա­պե­տէ անգ­լե­րէն, ա­րա­բե­րէն, եբ­րա­յե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016