ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍՊԱՆԻԱՅԷՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սպա­նիոյ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցիէն խումբ մը ուխ­տա­ւոր­ներ։ Հիւ­րե­րու խում­բին մաս կը կազ­մէին Սպա­նիոյ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ զա­նա­զան թե­մե­րու մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ուխ­տա­ւոր­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Մատ­րի­տի կար­տի­նա­լի օգ­նա­կա­նը՝ Ե­պիս­կո­պոս Խուան Ան­թո­նիօ Մար­թի­նէզ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղարն է Մատ­րի­տի Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ժո­ղո­վին։

Այս ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Մատ­րի­տի հա­յոց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Սարգ­սեան, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յա­ցուց ուխ­տա­ւոր­նե­րը։ Ան նշեց, թէ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր է 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­պիս­կո­պոս Խուան Ան­թո­նիօ Մար­թի­նէզ, որ ըն­թեր­ցեց Մատ­րի­տի Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ժո­ղո­վին գրու­թիւ­նը։ Ան ընդգ­ծեց, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թեան օ­րը Սպա­նիոյ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար մշտա­պէս պի­տի ըլ­լայ յի­շար­ժան։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք հա­ղորդ դար­ձած են Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն, նաեւ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցած՝ Մայր Տա­ճա­րին մէջ։ Ան­մի­ջա­կան այս հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ալ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր գնա­հա­տանքն ու օրհ­նու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ շեշ­տեց այն հան­գա­ման­քը, որ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւո­րա­կան կամ աշ­խար­հա­կան ուխ­տա­ւոր­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի տե­սա­կէ­տէ նուի­րա­կան ներ­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին կ՚ո­րո­շեն ուխ­տի փու­թալ Հա­յաս­տան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին՝ ի­րենց յար­գան­քը մա­տու­ցե­լու սրբա­դա­սեալ հայ նա­հա­տակ­նե­րուն նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ այն բո­լոր ան­ձե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք ի սէր Քրիս­տո­սի կա­մա­ւոր յանձն ա­ռին մար­տի­րո­սու­թեան սուրբ պսա­կը։

Գո­հու­նակ սրտով վեր­յի­շե­լով Վա­տի­կա­նի մէջ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ ան­ցեալ Ապ­րի­լին մա­-տու­ցուած Սուրբ եւ ան­մահ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Սուրբ Նա­հա­տակ­նե­րը կը պատ­կա­նին բո­լո­րին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք հա­ւատ­քի վկա­ներն են ու կը պան­ծաց­նեն Յի­սուս Քրիս­տո­սի հի­ման վրայ կա­ռու­ցուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Վրդ. Ա­նա­նեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015