ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքներու երեխաները։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացած խումբին ուղեկցեցաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Ճորճ Բարսեղեան։

Ողջունելով մանուկները՝ Վեհափառ Հայրապետը անոնց փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց անոնց ծնողները, նաեւ այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն։

Վեհափառ Հայրապետը ցաւով անդրադարձաւ այն իրադարձութիւններուն, որոնց հետեւանքով կը խաթարուի Սուրիոյ մէջ բնակող հայորդիներու բնականոն կեանքը եւ պատճառ կը հանդիսանայ անոնց հարկադրաբար տեղահանման։ Բայց եւ այնպէս, Վեհափառ Հայրապետը միեւնոյն ժամանակ կարեւորեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ սուրիահայութիւնը դէպի Մայր Հայաստան կ՚ուղղէ իր հայեացքն ու քայլերը եւ բնակութիւն կը հաստատէ հայրենի սրբազան հողին վրայ։

Հանդիպման տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը հարց ու պատասխանի միջոցաւ տեղեկութիւններ քաղեց երեխաներու առօրեային, իղձերուն եւ ապագայի վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ։ Ան վստահեցուց, թէ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին պատրաստակամ է օժանդակելու անոնց ազգային ոգիով ներշնչման, հոգեւոր եւ հասարակական կեանքի համարկման։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւոր հայորդիներուն փոխանցեց իր բարեմաղթանքը։ Ան հայցեց, որ Աստուծոյ Ս. Աջի հովանաւորութեան ներքեւ Սուրիոյ մէջ վերահաստատուի խաղաղութիւնը եւ Տիրոջ օրհնութիւնը մշտապէս ուղեկից ըլլայ ամբողջ սուրիահայութեան։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մայրավաքի համալիրի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020