ԼՈՅՍ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ

Հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան սիր­տը այս շա­բա­թա­վեր­ջին ան­գամ մը եւս կը տրո­փէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ գե­րա­կայ, ընդ­հան­րա­կան կեդ­րո­նին մէջ ստեղ­ծուած է տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան սրբազ­նա­սուրբ ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ թէ՛ բո­վան­դակ հայաշ­խար­հի եւ թէ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վրայ։ Սա Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նի եր­րորդ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւնն է եւ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կազ­մա­կերպուած չոր­րոր­դը։ Յատ­կա-նը­շա­կան կը հա­մա­րուի նաեւ, որ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 2015 խորհր­դա­ւոր թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ զու­գա­դի­պե­լով Վա­րա­գայ Ս. Խա­չի տօ­նին։

*

Ար­տա­սո­վոր ըլ­լա­լէ ան­դին, իւ­րա­քան­չիւր Միւ­ռո­նօր­հու­թիւն պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ներս։ Կրօ­նա­կան խտա­ցեալ զգա­ցում­նե­րու, հա­ւա­տի ան­նա­խըն­թաց ապ­րում­նե­րու, հո­գե­ւոր հրճուան­քի ա­ռիթ մըն է Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դուն հա­մար։ Ե­թէ միւ­ռո­նը դա­րե­րու խոր­քէն հա­սած խոր­հուրդ մը, յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն մը կը խորհր­դան­շէ, ա­պա հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դը այդ բո­լո­րի այ­սօ­րուան կրողն է, այդ խորհր­դան­շա­կան ժա­ռան­գու­թեան մե­րօ­րեայ ժա­ռան­գոր­դը, որ իր այ­սօ­րուան ըն­թաց­քով ար­թուն կը պա­հէ մեր հայ­րե­րու լոյս հա­ւատ­քը։ Աշ­խար­հի որ ան­կիւնն ալ ապ­րի, հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լը այ­սօր իր ժա­ռան­գած մաք­րա­մա­քուր նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը նոյն ա­նա­ղար­տու­թեամբ պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ նա­խան­ձախն­դիր է ծայր աս­տի­ճան։ Հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դը, կար­ծես ըլ­լայ բնազ­դա­բար, կը զգայ, թէ իր ճա­կա­տը դրոշ­մուած է սրբա­լոյս միւ­ռո­նով, ո­րու լոյ­սը կը ճա­ռա­գայ­թէ իր կեան­քի ճա­նա­պար­հին եւ այդ լոյ­սի ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ՝ իր քայ­լե­րը զինք կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցի։ Հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դը լաւ գի­տէ, որ երբ կը մաս­նակ­ցի Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին, իր անձ­նա­կան օ­րի­նա­կով ար­դէն իր յա­ջորդ­նե­րուն լուռ, բայց ազ­դու կը պատ­գա­մէ՝ հե­տե­ւե­լու իր քայ­լե­րուն եւ չզրկուիլ կեան­քի ողջ տե­ւո­ղու­թեան իր մկրտուած սուրբ ա­ւա­զա­նի նա­խախ­նա­մա­կան հո­գա­ծու­թե­նէն եւ աս­տուա­ծա­յին հո­վա­նիէն, որ հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քէն ներս կը դրսե­ւո­րուի, երբ ար­ծար­ծուած կը պա­հուի հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին։ Եւ վեր­ջա­պէս, այն վեհ գա­ղա­փա­րին վրայ խարս­խուե­լով հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դը կը գի­տակ­ցի, որ այս բո­լո­րը իր կեան­քին մէջ ա­մե­նա­շօ­շա­փե­լի ձե­ւով պի­տի ի­մաս­տա­ւո­րուին, զգա­լի պի­տի դառ­նան, երբ որ­դիա­կան կա­պուա­ծու­թեամբ, հաս­տա­տա­կամ հա­ւա­տար­մու­թեամբ կը մնայ հա­մախմ­բուած՝ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­բե­ւեռ կեդ­րո­նին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի շուրջ։

Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան պատ­մա­կան փու­լին, հայ ժո­ղո­վուր­դը հա­յեաց­քը ուղ­ղած է դէ­պի Սուրբ Էջ­միա­ծին, բո­լո­րի սրտին մէջ ար­ձա­գանգ կը գտնեն Մայր Տա­ճա­րի զան­գակ­նե­րուն զուարթ ղօ­ղան­ջը, բո­լո­րը ա­կանջ կու տան սրբա­զան եր­գե­ցո­ղու­թեան, բո­լո­րի մտքին մէջ են սրբա­լոյս միւ­ռո­նի կաթ­սա­յի փայ­լուն շո­ղե­րը, նաեւ ա­մէն մարդ հո­գե­ւոր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ կը զգայ ինք­զինք իր պա­տուա­կան հայ­րա­պե­տին հետ։ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը այն­պի­սի հանգ­րուան մըն է, որ հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դու յի­շո­ղու­թեան մէջ կը թար­մա­նայ, թէ իր Ե­կե­ղե­ցին ան­ժա­մա­նակ հաս­տա­տու­թիւն մըն է, այդ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան հո­լո­վոյ­թին մէջ ա­կա­մայ կա­պը կ՚ամ­րապն­դուի բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գին, խղճի ա­զա­տու­թեան յանձ­նա­ռու­թեան, հա­ւա­տի ու­ժին եւ այդ ու­ժէն բխած բո­լոր դրա­կան ար­գա­սիք­նե­րուն, եւ նոյն­պէս այդ ու­ժէն ծնած ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան հետ։

*

Հա­յոց Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սին եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Սրբազ­նա­գոյն Վե­հա­փառ Կա­թո­ղի­կո­սի, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Իր գա­հա­կա­լու­թեան ան­ցեալ շուրջ ի­նը տա­րուան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին երկ­րորդ միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւնն է այս մէ­կը։ 2008 թուա­կա­նէն եօթ տա­րի­ներ վերջ, ա­հա վերս­տին Մայր Տա­ճա­րի բե­մին վրայ է սրբա­լոյս միւ­ռո­նի կաթ­սան։ Եւ այս միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պի այն­պի­սի շրջա­նի մը, երբ միւ­ռո­նի օգ­տա­գոր­ծու­մը, «սպա­ռու­մը», ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւել­ցած է մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս։ Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներն ու ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րե­լով՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այն­պի­սի հար­թու­թեան մը վրայ ե­կած է, որ ար­դէն ան հետզ­հե­տէ հա­նա­պա­զօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւն կը դառ­նայ հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դու կեան­քէն ներս։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն այդ բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թեան, միւ­ռո­նի «սպա­ռումն» ալ թափ ստա­ցած է շնոր­հիւ ա­մէն տա­րի կա­տա­րուած բազ­մա­տաս­նեակ ձեռ­նադ­րու­թիւն­նե­րուն, դէ­պի եր­կինք յա­րող ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ բնա­կա­նա­բար մկրտու­թիւն­նե­րուն։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը ու­ղար­կուած սրբա­լոյս միւ­ռո­նը ար­դէն կ՚ա­պա­հո­վէ բո­լո­րի հո­գե­ւոր կա­պը՝ ա­մուր ու ան­քակ­տե­լի։ Սա Սուրբ Էջ­միած­նի ներ­գոր­ծու­թեան կնիքն է՝ հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կեան­քէն, ապ­րում­նե­րէն ներս։ Եւ այ­սօր, միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան վե­հա­խոր­հուրդ պա­հուն, Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը կը կան­չէ իր զա­ւակ­նե­րը հա­մախմ­բուե­լու իր պատ­մա­կան կա­մար­նե­րուն, իր նուի­րա­կան բազ­մա­դա­րեան յար­կին ներ­քեւ։ Սա Սուրբ Էջ­միած­նի աշ­խար­հաց­րիւ «ուխ­տի մա­նուկ­նե­րուն», Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի հօ­տին հա­ւա­տա­րիմ ու հա­րա­զատ ան­դամ­նե­րուն հա­մա­հա­ւաքն է, հոգ չէ թէ բո­լո­րը ֆի­զի­քա­պէս ներ­կայ չըլ­լան այն­տեղ։ Մայր Ա­թո­ռի կո­չը, Սուրբ Էջ­միած­նի կան­չը այ­սօր նկա­տե­լի են բո­լո­րի խոր­հուրդ­նե­րուն, բո­լո­րի բազ­կի զար­կին մէջ։ Այ­սօր, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վեր­ջին տա­րի­նե­րու պատ­կա­ռազ­դու վե­րել­քին, մեծ ոս­տում­նե­րուն, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան վիթ­խա­րի ձեռք­բե­րում­նե­րուն, նուա­ճում­նե­րուն լոյ­սին տակ, բո­լո­րին հա­մար հասկ­նա­լի է, թէ որ­քան որ ա­ւել­նայ միւ­ռո­նի «սպա­ռու­մը», այն­քան կը սպիա­նան մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին վէր­քե­րը, այն­քան կը նուա­զին մեր ի­րա­կա­նու­թեան բա­ցա­սա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

*

Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ժա­մադ­րուած են քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ որ վառ ա­պա­ցոյցն է Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հե­ղի­նա­կու­թեան, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան վար­կին եւ է­քիւ­մե­նիք շարժ­ման գծով ու­նե­ցած աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թեան։ Յա­նուն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, ա­նոնք Մայր Ա­թո­ռի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուին պատ­շա­ճօ­րէն եւ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ կու գան վկա­յել, թէ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քը մաս­նա­կից է հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր հրճուան­քին, եղ­բայ­րա­կան ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ։

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նա­կից ե­կե­ղե­ցի­ներն ալ, ան­շուշտ, կը ներ­կա­յա­ցուին ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դին եւ այլ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կը մաս­նակ­ցին ա­րա­րո­ղու­թեան։

Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ըն­թաց­քին կը ներ­կա­յա­ցուին նաեւ Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րը։ Բաց աս­տի, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն մեր ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան, Սփիւռ­քէն հիւ­րե­րով եւ հա­զա­րա­ւոր ուխ­տա­ւոր­նե­րով հան­դեր­ձ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015