ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ՇՐՋԱՆԸ ԱՆՑԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ. ՀՐԱԺԵՇՏ ԴԱԴԻՎԱՆՔԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը դաշտի վրայ կը գործադրուի փուլ առ փուլ։ Երէկ, Քարվաճառի շրջանը վերջնականօրէն անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Այսպէս, Արցախի հիւսիս-արեւմտեան Շահումեանի շրջանը՝ Քարվաճառն ու միւս շրջանները թողուեցան Ատրպէյճանի բանակին, որու ստորաբաժանումները մուտք գործեցին՝ փոխարինելով տարածքէն ամբողջութեամբ հեռացած հայկական զօրքերը։ Աղտամէն վերջ Քարվաճառը կը հանդիսանայ Արցախի յարակից արդէն երկրորդ շրջանը, որ հրադադարով նախատեսուած ձեւով կը յանձնուի Ատրպէյճանին։ Երրորդը պիտի ըլլայ Լաչինը (Բերձոր), որու պարագային վերջնաժամկէտը դեկտեմբերի 1-ն է։

Երէկուան դրութեամբ Արցախի հիւսիսային հատուածով դէպի Հայաստան Վարդենիս մեկնելու ժամանակ հայկական վերջին բնակավայրը, որ կը գտնուի Մարտակերտի շրջանէն ներս ու կը մնայ Ստեփանակերտի իրաւազօրութեան ներքեւ Գետաւան գիւղն է։ Այս վերջինը արդէն դարձած է սահմանամերձ։

Այս յանձնումներով միեւնոյն ժամանակ անխուսափելիօրէն կ՚երկարի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտին եւ զուգահեռաբար կ՚երկարի այն սահմանագիծը, որ պէտք է պահպանուի հայկական զօրքերուն կողմէ։

Աղտամի նման, Քարվաճառի բնակիչներն ալ իրենց բնակարանները հրկիզեցին հրաժեշտ առնելէ առաջ։ Ներկայիս, արդէն գործնականօրէն Հայաստանէն Արցախ մուտք ու ելքը հնարաւոր է միայն Բերձոր-Ստեփանակերտ ճանապարհով։ Սոտք-Մարտակերտ ճանապարհը արդէն փակ է, որովհետեւ անոր անցած տարածքը արդէն անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։

Քարվաճառի շրջանին յանձնումը հայկական կողմին տեսակէտէ կը խորհրդանշուի պատմական Դադիվանքի կորուստով։ Օրերէ ի վեր ուխտաւորներ հրաժեշտի այցելութիւններ տուին այս պատմական սրբավայրը, ուր կատարեցին իրենց վերջին ուխտի աղօթքը եւ որու ապագան արդէն անորոշութեան կը մատնուի՝ որքան որ ալ ռուս խաղաղապահներ վերահսկողութիւն հաստատած ըլլան այդտեղ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտնեց, որ Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուի եւ պիտի բնակեցուի։ Ալիեւ երէկ տեղեկացուց նաեւ, որ անհրաժեշտ սկզբնական յանձնարարութիւնները տուած է նաեւ Նախիջեւանի հետ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման համար։ Պարտա-Աղտամ երկաթուղին ալ պիտի վերականգնուի եւ ըստ Ալիեւի, Շուշիի եւ Ֆիզուլիի միջեւ ալ մայրուղի մը պիտի կառուցուի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020