«ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ԱՆԸՆԿԱԼԵԼԻ Է ԲԱՑ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄԸ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԵՏ»
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան շաբաթավերջին tert.am կայքէջին յայտարարութիւններ ըրաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ խնդիրներու լոյսին տակ։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ բաց նամակ մը ուղարկած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Սա այն յայտնի նամակն է, որով Նորին Սրբազնութիւնը Վեհափառ Հայրապետին միջամտութիւնը ակնկալած էր մեր Աթոռի իրադարձութիւններուն համար։ Որպէս տեղապահական փոխանորդ ու Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ այդ նամակը ստորագրած էր Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ այդ մէկը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկած՝ միեւնոյն ժամանակ հրապարակայնացնելով զայն։ Նամակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկուիլը համընկնած էր Վեհափառ Հայրապետի դէպի Ֆինլանտիա կատարած միջեկեղեցական այցելութեան օրերուն։ Այսինքն, նախքան Նորին Սրբութեան ընթերցելը կամ ընթերցելուն հետ նոյնաժամանակ հրապարակուած էր այդ նամակին բովանդակութիւնը՝ մամուլին եւ հանրային կարծիքին առջեւ։
Վեհափառ Հայրապետին բանբերը՝ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան վերոյիշեալ կայքէջին տուած յայտարարութեան մէջ հաստատեց, թէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նամակը՝ ուղղուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ստացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ «Այս կապակցութեամբ կ՚ուզեմ նշել, որ բացարձակ անընդունելի եւ անընկալելի է բաց նամակներու միջոցաւ եկեղեցականներու շփումը Հայոց Հայրապետին հետ», ըսաւ ան։
Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Ինչ կը վերաբերի նամակին, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օրերս վերադարձած է Ֆինլանտիա կատարած միջեկեղեցական այցէն։ Նամակը ընդունուած ընթացակարգով քննութեան կ՚առնուի։ Գիտէք, որ Մայր Աթոռը մշտական կապի մէջ է եւ կը հետեւի Պոլսոյ Պատրիարքկութեան զարգացումներուն։ Այս կապակցութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն մասին մեր հասարակութիւնը ամպայման կ՚իրազեկուի»։