ԱՅՍՕՐ ՄԻՋԻՆՔ Է

Այսօր, Չորեքշաբթի, մեր օրացոյցին համաձայն Միջինք է։ Իսկ ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։

Բուն բարեկենդանէն, աւելի ճիշդ Փակեալ խորանէն սկսեալ մինչեւ Աւագ շաբաթ օր (նկատի ունենալով, որ եկեղեցական օրէնքով Աւագ շաբթուան օրերն ալ պահքի օրեր են), քառասունութ օրերու վրայ երկարող պահքի շրջան մըն է, որուն երբեմն կ՚անգիտանանք, կարծելով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ըսենք, այդ Մած պահքը քառասուն օրեր են միայն, այսինքն Բուն բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ։ Խորքին մէջ սակայն, եթէ օրերը մէկ-մէկ հաշուենք, պիտի տեսնենք, որ Մեծ պահքը Աւագ շաբթուան օրերով միասին քառասունութ օրեր են եւ ոչ թէ քառասուն օր, որուն կէսը կ՚ընէ քսանչորս օր։ Հետեւաբար, այդ քառասունութ օրերուն կէսն է, որ կը կոչուի Միջինք եւ ոչ թէ Մեծ պահոց կէսը։ Եթէ Մեծ պահոց կէսը ըլլար, այդ պարագային քսանչորս օր պիտի չըլլար, այլ քսան օր պիտի ըլլար։ Այլ խօսքով՝ Միջինք ըսել է մէջտեղ։

Ուստի, Միջինքը մեզի ցոյց կու տայ կամ կ՚աւետէ, որ Մեծ պահքը Աւագ շաբաթով միասին իր կէսին հասած է ու տակաւին կէս շրջան մը եւս ունինք, որպէսզի Մեծ պահքը իր ամբողջական աւարտին հասնի։

Արդարեւ, Միջինքը եկեղեցական տօն մը չէ եւ ոչ ալ սուրբի մը նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը եւ կամ եկեղեցւոյ տօներուն հետ աղեր ունեցող տօնախմբութիւն մը։ Միջինքը տարուան երեք հարիւր վաթսունհինգ օրերուն մէջ օր մըն է, որ կը զուգադիպի Մեծ պահոց ճիշդ կէսին, ընդհանրապէս չորեքշաբթի, եւ այդ իսկ պատճառով կը կոչուի Միջինք։ Միջինքէն ետք, ուրբաթ երեկոյեան Խաղաղական ժամերգութեան աւարտին կը սկսի երգուիլ Ստեղի շարական, որուն կը յաջորդէ Հսկումի ժամերգութիւնը։

Մեր ժողովուրդի բարեպաշտական կեանքին մէջ Միջինքին կապուած են որոշ սովորութիւններ։ Այսպէս, Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրը որպէս Մեծ պահքի կէսը, որ ինչպէս ըսինք Միջինք կը կոչուի, նոյն իմաստն ու նշանակութիւնը ունեցող հաց մը կը պատրաստուէր, որ կարգ մը շրջաններու մէջ զայն կը թխէին Մեծ պահքի ճիշդ կէսին եւ այդ իսկ պատճառով հացը կը կոչուէր Միջինք։

Ժողովրդական տօներն ու ծէսերը (եկեղեցական ծէս կը կոչուին շարքը այն խօսքերուն, երգերուն եւ շարժումներուն, որոնք կ՚արտասանուին, կ՚երգուին եւ կը կատար-ւին եկեղեցւոյ անդամներուն կամ հաւատացեալներուն կողմէ զԱստուած պաշտելու համար միասնաբար) մեծ մասամբ պատշաճեցուած են առատ հիւրասիրութեան հետ, ուր իրենց տեղը ունեցած են նաեւ ծիսական-տօնական ուտեստեղէններն ու կերակուրները։ Հետեւաբար, ծիսական կերակուրները մեր ժողովուրդի կենցաղին մէջ ընդունուած են հնագոյն ժամանակներէ ի վեր, ուստի այդ կերակուրներուն անուանումներն ալ առընչուած են տուեալ տօնին հետ, որովհետեւ պատրաստուած են այդ տօներուն եւ ծէսերուն ժամանակ, ինչպէս՝ պահքի տոլմա, պահքի սարմա, պահքի գաթա, պահքի քէօֆթէ, ոսկէ պահք, եւ այլն։

Հայաստան աշխարհի կարգ մը շրջաններուն մէջ, Միջինքի կարկանդակը կը պատրաստուէր յատուկ ձեւով։ Այսպէս Միջինքի չորեքշաբթի երեկոյեան, եկեղեցւոյ մէջ ջուրով եւ ձէթով կոնք մը կը դնեն, որուն Լիճք անունը կու տան եւ եղէգով պատրաստուած խաչի մէջ պատրոյգ մը կը վառեն մինչեւ լոյս։ Առաւօտեան խառնելով՝ կը պատրաստեն նոյն օրուան բաղարջը (անխմոր հաց, լաւաշ)։ Բաղարջին մէջ կը դնեն նաեւ դրամ կամ ուլունք (մանեակի գնդաձեւ հատիկներ)։ Բաժին կը հանեն նաեւ անասուններուն եւ հողին։ Ուլունքը կամ դրամը որո՛ւ որ բաժին իյնայ, ան կ՚ըլլայ տարուան բախտաւորը։

Ուրիշ կարգ մը շրջաններու մէջ եւս կը գործադրուի բաղարջի մէջ «բախտ» դնելու սովորութիւնը, բայց այդ շրջանները բաղարջը կը թխեն դեկտեմբերի վերջին օրը եւ կը բաժնեն յունուար 4-ի երեկոյեան։

Լիճքը ծանօթ է նաեւ Արարատեան նահանգին մէջ, ուր քիչ մը տարբեր ձեւով կը կատարեն։ Այսպէս, կոնքին ջուրը չեն բաժներ եւ ջուրին մէջ փոխան մէկ պատրոյգի քառասուն պատրոյգ կը վառեն, ապա երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ քառասունական մանր քարեր կը հաւաքեն ի յիշատակ Քառասուն մանկանց եւ բարեկամի մը տունը հաւաքուելով ամէն մէկ քարի վրայ քառասուն անգամ ծունր դնելով կ՚ըսեն. «Քառսուն մանուկ, քառսուն կուս, քառսուն մանկան բարեխօս»։ Լիճքը եւ քառասուն պատրոյգները կապ ունին Քառասուն մանկանց հետ, որովհետեւ Միջինքէն անմիջապէս ետք Քառասուն մանկանց տօն է։

Արդարեւ, Միջինքի կապուած սովորութիւնները բաղարջ պատրաստելու, բախտ փորձելու, լիճք պատրաստելու, բացօթեայ պտոյտներ կազմակերպելու եւ փոխադարձ այցելութիւններ տալու մէջ կը կայանայ։

Հայրենական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մեզի համար կենսաւորման եւ ներշնչման աղբիւրներ են, որոնք պէտք է պահուին, ինչ որ ալ ըլլան մեր կեանքի ներկայի պայմաններն ու պարտաւորութիւնները։

Երանի՜ այն ժողովուրդին, որ գիտէ ամուր պահել այդ կապը իր անցեալին հետ ու տէր կանգնիլ այդ աւանդութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019