ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց վերջերս քահանայ ձեռնադրուած միաբանները, որոնք աւարտած են իրենց քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը։ Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ եօթ եկեղեցականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ անոնք ըլլան ազնիւ, քաջ ու նուիրեալ հովիւներ, իրենց անմնացորդ սէրն ու մշտական հայրական խնամքը ցուցաբերեն հաւատացեալներուն նկատմամբ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ եկեղեցականները անձնդիր ու անսակարկ ծառայութեամբ կը նպաստեն Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց, որ նորաօծները պատասխանատուութեան մեծ գիտակցումով իրականացնեն հոգեփրկչական իրենց առաքելութիւնը, ըստ Աւետարանի եւ սուրբ հայրերու պատգամներուն՝ հայորդիներու մէջ հաստատեն ու զօրացնեն սէրը եկեղեցւոյ եւ Մայր Հայաստանի նկատմամբ։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց եկեղեցականները, որոնց ընծայեց ձեռաց խաչեր եւ Ս. Հաղորդութեան մասնատուփեր։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի պատասխանատու Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2024