ԳԻՏԱԿԱՆ ՀՍԿԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ «Արարատ» ամսագրի 150-ամեակին նուիրուած գիտական նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը։ «Մայր Աթոռի գիտական հսկան» խորագրին ներքեւ կազմակերպուած գիտաժողովը տեղի ունեցաւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր երդիքին տակ։ «Արարատ» ամսագիրը հիմնադրուած էր 1868 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաջին պաշտօնական հայագիտական պարբերականն էր Կովկասէ ներս ու մեծապէս նպաստած էր գիտութեան զարգացման։

Յոբելենական գիտաժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով մը։ Ան նշեց, որ «Արարատ» ամսագիրը ունեցած է երկար, բարդ եւ դժուար ճանապարհ մը, դիմագրաւած է 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի մարտա-հըրաւէրները, դիմակայած է, յառաջ քաշած է ինքզինքը եւ ապացուցանած իր ժամանակին ու գալիք դարերուն, որ ինքը բացառիկ է, լաւագոյններէն մին է թէ՛ որպէս հայ կրօնական մամուլ եւ թէ որպէս լրագրութեան պատմութեան մէջ բովանդակալից, իսկ աւանդութիւնով՝ երկարակեաց։ Տէր հայրը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնաթերթը կարեւոր դեր խաղացած է Հայ Եկեղեցւոյ, կրօնի, բարոյագիտութեան եւ այլ յարակից խնդիրներու ուսումնասիրման գործընթացին մէջ՝ խոշոր աւանդ ունենալով հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ։

Աւելի վերջ գիտաժողովի մասնակիցներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ ըսաւ. «Դուք այսօր համախմբուած էք ձեր զեկուցումներով ու քննարկումներով վերարժեւորելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ամսագրի նշանակելի վաստակն ու ժառանգութիւնը։ Երջանկայիշատակ Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրով եւ անոր խրախուսմամբ հիմնուած «Արարատ» ամսագիրը 150 տարիներ առաջ կարեւոր առաքելութեան լծուեցաւ ազգային-եկեղեցական մեր անդաստանին մէջ։ Ինչպէս կը նշուի ամսագրի առաջին համարի նախաբանին, «Արարատ»ի յանձնառութիւնն էր կրօնական գիտելիքներու մատուցումով, ներկայացուող ուսումնասիրութիւններով ու յօդուածներով նպաստել ազգի բարոյական ու հոգեւոր դաստիարակութեան։ Ամսագիրը կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ աստուածաբանական մտքի, հայագիտութեան ու պատմաբանութեան զարգացման գործին մէջ։ Մեծանուն հոգեւորականներէն Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի գլխաւորութեամբ նոր սերունդի հոգեւորականները, Եւրոպայի մէջ կրթութիւն ստացած երիտասարդ եկեղեցականները հանդէս եկան դաւանաբանութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր աստուածաբանութեան վերաբերեալ գիտական լուրջ յօդուածներով, նշանաւոր աստուածաբաններու աշխատութիւններու թարգմանութիւններով։ «Արարատ»ի էջերուն յիշարժան վաստակ թողեցին նաեւ նշանաւոր հայագէտներ։ Ամսագրի մեծարժէք նիւթերու ցանկը հարստացուցած են ձեռագրագիտութեան, մանրանկարչութեան, համեմատական բնագրերու, արուեստի եւ մշակոյթի վերաբերեալ հրապարակումները»։

Գիտաժողովի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յատկանշական համարեց, որ «Արարատ» ամսագիրը լոյս կը տեսնէր երախտաշատ հոգեւորականներու խմբագրութեամբ։ Ան շարունակեց. «Մեր խորին յարգանքն ու խոնարհումը կը բերենք երանաշնորհ Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ամսագրի վաստակաշատ խմբագիրներու եւ «Արարատ»ի բոլոր երախտաւորներու լոյս յիշատակին առջեւ։ Գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ հրատարակ-ւող նիւթերու հարուստ ընտրութեամբ «Արարատ» ամսագիրը դարձաւ այդ ժամանակաշրջանի Կովկասի առաջին գիտական լուրջ հանդէսը, որու շուրջ համախմբուած հայ աստուածաբան հոգեւորականները, գիտնականները, գրողները կարեւոր աւանդ բերին գիտութեան ճիւղերու զարգացման։ Այսօր ալ «Արարատ» ամսագրի հարուստ գիտական նիւթերը, նաեւ կաթողիկոսական կոնդակներու եւ կարգադրութիւններու, Սինոդի գրագրութիւններու, թեմերու, գաղթավայրերու, ազգագրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները օգտաշատ գիտելիքներու աղբիւր են ընթերցողներու եւ ուսումնասիրողներու համար»։

Նորին Սրբութեան պատգամէն վերջ գիտաժողովի նիստերով նախատեսուած զեկուցումները ներկայացուեցան հեղինակաւոր գիտնականներու կողմէ։

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019