ԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հայեցակարգային գրասենեակի ղեկավար Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան յայտարարեց, որ խօսքի ազատութեան իրաւունքը որպէս պա-տըրւակ կը ծառայեցուի հոգեորսութեան համար։ Ան համոզուած է, թէ խօսքի ազատութեան եւ հոգեորսութեան ընկալումներուն մէջ գոյութիւն ունի բախում մը։ Արդարեւ, խօսքի ազատութեան իրաւունքին ներքեւ շատ յաճախ կը կատարուի հոգեորսութիւն եւ այս պատճառով անհրաժեշտ է յստակօրէն սահմանել հոգեորսութիւնը։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր անվտանգութիւն. մարտահրաւէրներ, խնդիրներ» նիւթին ձօնուած կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում մը։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան յայտնեց, որ կրօնական շարժումներու այս կամ այն երկիր ներթափանցումը մեծամասնութեամբ ուղղուած է համակարգերը խարխլելու, ինչ որ տեսանելի է նաեւ պատմութեան փորձառութեամբ։ «Վաղուց՝ նախամարդու հետ եկած ընկալում կայ, թէ տիրապետութեան համար պէտք են ո՛չ միայն քաղաքական համակարգերն ու զէնքերը, այլ մարդիկ կրնան գերեվարուիլ այլ հոգեւոր տարբեր համակարգերու անոնց մէջ ներդրումով», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի մէջ կրօնական շարժումներուն մեծամասնութիւնը ուղղուած է համակարգերու խարխլման։ Իր կարծիքով, Հայաստանի կրօնական շարժումներու գործունէութեան դաշտը կարիք ունի կանոնակարգման։ Կրօնական կազմակերպութիւնները օրէնքի մէջ նոյն հարթութեան վրայ են՝ անկախ հասարակական կեանքի մէջ իրենց ունեցած ներդրումէն՝ պատմական ժամանակաշրջանէն, գործունէութեան վաղեմութեան շրջանէն։ «Դաշտը կարգաւորուած չէ, այս պատճառով ալ կը յառաջանան խըն-դիրներ։ Պատշաճ դրութիւններ չկան, ժամանակին, կը յիշեմ, հնչեցին կոչեր կրօնական ոստիկանութիւն ստեղծելու վերաբերեալ, մեկնաբանութիւնները եղան տարբեր։ Կը կարծեմ, որ սա կը նշանակէր ոստիկանական համակարգի մէջ գոյութիւնը այնպիսի բաժնի մը, որ որոշ չափով կարգաւորիչ ու վերահսկող դեր պիտի ունենար կրօնական շարժումներու գործունէութեան առումով», շարունակեց ան եւ ընդգծեց, որ նախկին խորհրդային երկիրներէն ներս կրօնական շարժումներու հարցը կը մնայ անլոյծ, ներառեալ Հայաստանը։ Միեւնոյն ժամանակ ան դիտել տուաւ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին չի գործեր ընդդէմ կրօնական շարժման, այլ կ՚իրականացնէ հոգեւոր քարոզչութեան ընդլայնման գործունէութիւն։
Նոյն հաւաքոյթին ընթացքին Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ապացուցանեց, թէ մարդիկ որքան որ կ՚անդամակցին զանազան կրօնական կազմակերպութիւններու, կը մասնակցին աղանդաւորական շարժումներու, նոյնքանով դուրս կու գան անոնցմէ։ «Ինչո՞ւ կը մտնեն՝ բազմաթիւ պատճառներով՝ տնտեսական, քաղաքական ու բնականաբար նաեւ հոգեւոր պատճառներով», դիտել տուաւ Սրբազանը եւ աւելցուց, թէ Հայ Եկեղեցին բազմաշերկ յարձակումներու ենթակայ է, ինչ որ բոլոր հասարակութիւններուն բնորոշ երեւոյթ մըն է։ «Հասարակութիւններու մէջ հոգեւոր ամրոցը ունի կարեւոր դերակատարութիւն եւ այս պատճառով ալ մեծ չափով կ՚իրականացուի այդ ամրոցին խարխլումը», ընդգծեց Նորին Սրբազնութիւնը կլոր սեղանի ընթացքին։
Նոյն հաւաքոյթի միւս ատենախօսներն ալ դիտել տուին, թէ Հայաստանի մէջ ուղիներ կը փնտռուին հոգեւոր ան-վըտանգութեան խնդիրներու լուծման համար։