ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՎԵՐՋ ԱՅԺՄ ԴԷՊԻ ՀՌՈՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ նշանակեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։

Երկար տասնամեակներէ ի վեր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնը կը վարէր այն եպիսկոպոսը, որ կը գտնուէր Փարիզի մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, որ վերջին տարիներուն կը վարէր այդ պաշտօնը, վերջերս հրաժարած էր։ Որպէս պատճառաբանութիւն ան նշած էր շարք մը գործնական պատճառներ, նաեւ առողջական հանգամանքներ։ Վեհափառ Հայրապետը վերջերս ընդունած է այդ հրաժարականը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ նշանակած է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը վերջերս արդէն փոխանցած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդի պաշտօնը։

Ներկայ կարգադրութիւններով Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի գրասենեակն ալ Փարիզէն կը փոխադրուի Հռոմ։ Առաջնորդական պաշտօնի աւարտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ալ այսպէսով Նիւ Եորքէն կ՚ուղղուի Հռոմ՝ լծուելու համար իր նոր առաքելութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018