ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանը։ Զրոյցի ընթացքին թեմակալ առաջնորդը իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ տակաւին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագութեան տարիներէն սկսեալ իրեն նկատմամբ մշտապէս ցուցաբերուած հայրական խնամքի ու վստահութեան համար։ Ան պատիւ նկատեց առաջնորդի հանգամանքով իր ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ Արեւելեան թեմի եւ ամերիկահայ համայնքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Ան նշեց, որ իր ամբողջ ուժն ու կարողութիւնը պիտի ծառայեցնէ Արեւելեան թեմի պայծառութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդի բարօրութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ զօրակցութիւնը եւ յաջողութիւնը մաղթեց Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանին՝ առաջնորդական իր առաքելութեան մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019