ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին այցելեց Արցախ, ուր իր նախագահութեամբ հանդիսաւորապէս օծուեցաւ Ստեփանակերտի նորակառոյց Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նորին Սրբութեան Բակօ Սահակեանի հետ երէկ ունեցած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան պետութիւն-եկեղեցի կապերը, Արցախի պետականաշինութիւնը, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, հայկական աշխարհէ ներս միասնականութեան հարցերը եւ այլ խնդիրներ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը պետականաշինութեան, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019