«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը ներկայիս հաւատացեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գործ մը, որ կը կոչուի «Աստուածաշունչէն»։ Գեղատիպ ու մեծածաւալ այս հատորը հրատարակութեան պատրաստուած է Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ։ Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ օրերուն Գումգաբուի մէջ շնորհանդէս մըն ալ նախատեսուած է այս գիրքի ծանօթացման նպատակով։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի օրերուն սկսած էր հատորի մը պատրաստութիւնը, որ տպագրուեցաւ քորոնաժահրի համավարակի շրջանին։

Պատրիարքական Աթոռոյ այս նոր ու հսկայ հատորը լոյս տեսաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ ձօնուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։

Գեղատիպ ու մեծածաւալ հատորը պատրաստուած է Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ, հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն։

Հատորի իւրայատուկ նկարներէն է Երուանդ Քոչարի նկարած Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի մեծադիր դիմանկարը, ապա կան Ոսկան Վարդապետի գործածած տառերու կաղապարներէն նմոյշներ։ Ոսկան Վրդ. Երեւանցի հակիրճ կենսագրականէն ետք, տեղադրուած է հեղինակ հայր սուրբին ուսումնասիրութիւնը «Նկարներով յիշել Ոսկան Եպիսկոպոսն ու նշել Աստուածաշունչի տպագրութեան 350-ամեակը» խորագիրով։

Հատորին բուն մասը կը կազմեն Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի տպագրած Աստուածաշունչի սրբանկարներով էջերը, ուր իւրաքանչիւր նկարին քովն ի վեր տեղադրուած է նկարի մասին աստուածաշնչական նախադասութիւն մը, գրաբար ու աշխարհաբար հայերէնով, թրքերէնով ու անգլերէնով։ Աւելի քան հարիւրյիսուն նկարներ այսպէս կը տողանցեն՝ մաքուր տպագրութեամբ։

Նկարազարդ էջերէն առաջ եւ յետոյ տեղադրուած են նաեւ Աստուածաշունչ մատեանի տպագրութեան առթիւ Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի ուղղեալ ուղերձը, ընթերցողներու ուղղեալ խօսքը եւ «Յիշատակարան»ը։

Հատորը կ՚աւարտի Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ հրատարակուած յիշատակի մասնաւոր դրոշմաթուղթով։

Հատորի բոլոր գրութիւնները տրուած են եռալեզու։

Գեղատիպ հատորը, որ կը բաղկանայ 26x28 սմ. չափերով 222 մեծադիր էջերէ, «Տպագրութեան մարգարիտ» կոչուած Ոսկանեան Աստուածաշունչի նկարներու ի մի հաւաքելով վերհրատարակութիւն մը ըլլալէ շատ աւելի է իր բազմալեզու բնոյթով ու բովանդակութեամբ։

Պատրիարքական Աթոռի սոյն եզակի հրատարակութիւնը կատարուած է Սուրբ Գրոց ընկերութեան մեկենասութեամբ, իսկ ոսկեդրուագ գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արուսեակ Սաֆա-Ճեմիլապատի թարգմանեցին եւ խմբագրեցին հատորի անգլերէն մասը։ Հատորը ունի նաեւ լուռ աշխատակիցներ. ինչպէս՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Սարվէն Դպիր Տանէ եւ ուրիշներ։

Այս շաբաթավերջին, օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, պիտի կազմակերպուի շնորհանդէս մը, որմէ ետք փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021