ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ԱՄԷՆ ՕՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ Է…
Մարտէն մայիս տարբեր օրերու Մայրերու օրը կը տօնուի աշխարհի չորս ծագերուն։
Տղուս ծնունդէն ասդին ինծի համար ամէն օր Մայրերու օր է… Այսօր ժպտաց… Այսօր տարբեր ձայն մը հանեց… Մամա ըսաւ… Առաջին քայլը նետեց… Եւ ինչու չէ, չարութիւն ըրաւ… Անհնազանդ գտնուեցաւ… Այո՛, ամէն օր Մայրերու օր է եւ ես ամէն օր վայելած եմ այդ փառք տալով Աստուծոյ։ Ծնունդէն ետք առաջին աղօթքս իրեն համար եղած է… Եւ դեռ այդպէս է…
Միայն մէկուկէս ամսուան էր մանչուկս, երբ դարձայ հօրս տունը... Մանկութեանս ննջասենեակը... ուրկէ հեռացած էի փոքրիկ աղջիկ մը մեծ երազով ու կը դառնայի փոքրիկով մը ու առանց երազի...
Կեանքիս աստիճաններուն դարձուածքին այդ մէկ քարը շուտ գլտորած էր, ու միակ շողը կապուտաչեայ մանչուկս էր, որ դեռ աշխարհ չեկած ալեկոծած էր իմ աշխարհս...: Իր ծնունդէն քանի մը օր առաջ գրած էի.
Ինչպէս քեզ յանձնել
Բարի հրեշտակ՝
Աշխարհին այս չար...
Ու մանչուկս բարձրացաւ ու իջաւ այն նոյն աստիճաններէն, ուր իմ մանկութիւնը անցած էր, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ վանքին մէջ։ Արթնցաւ նոյն խնկաբոյրով, խաղաց նոյն քարերուն վրայ ու խաչակնքեց ամէն անգամ որ անցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին առջեւէն։
Չարաճճի էր եւ շատ համովիկ։ Երբեմն երբ ալ ուժաթափ կ՚ըլլայի առանց մտածելու խօսքիս ազդեցութեանը վրայ կ՚ըսէի. «Մեռայ, մեռցուցիր»։ Էհ, ես ալ երիտասարդ էի եւ անփորձ։
Տղաս արդէն եօթներորդ դասարան էր։
Մարտ ամիսն էր։
Մարտի 14-ը Շիրազի մահուան թուականն է եւ որպէս մօր գովերգող բանաստեղծ՝ այդ շաբաթը կը նուիրէի Շիրազին, նկարներ կը բերէի, կեանքէն կը պատմէի եւ հարցումներու տարափը կը սկսէր.
-Տիկին, իսկապէս Շիրազին հանդիպած էք։
-Զաւակներո՞ւն ալ։
-Ինչո՞ւ բաժնուեցան ինքն ու Կապուտիկեանը։
-Այդ բանաստեղծութիւնները իրարու համար գրա՞ծ էին։
-Մաման շատ կը սիրէր:
-Ես ալ իրեն չափ կը սիրեմ։
-Ինչո՞ւ շուտ մեռաւ։
Կը տխրէին, որ ինչու մեռաւ։
-Ուրեմն սիրելիներս, բանաստեղծները չեն մեռնիր, անոնք անմահ են իրենց գործերով։ Դուք այսօր իրենց բանաստեղծութիւնները կը սորվիք, ուրեմն ձեր մէջ եւ ձեր միջոցով կ՚ապրին։
Եւ մարտի 21-ին, այսինքն մեր Մայրերու օրուան, շարադրութեան նիւթը բնականաբար «Մայրս» էր։ Տղաս գրած էր.
«Շատ կը սիրեմ մօրս եւ շատ ուրախ եմ, որ բանաստեղծ է, այլեւս ուզածիս չափ չարութիւն կ՚ընեմ, չէ՞ որ բանաստեղծները չեն մեռնիր»։
ՄԻԱՅՆ ՔԵԶ ՀԱՄԱՐ...
Մայրերու օր... Մայրերու օր...
Երգի մը ձայները քունս կը խանգարեն...
Աչքերս կը բանամ, տղաս կը փնտռեմ, մարտի 21 է՝ Մայրերու օր, իր ձայնն էր բայց ինք չկայ, ժամանակ կ՚ուզէ մինչեւ անդրադառնալս որ վերջերս յաճախ կրկնուող անուշ երազ մըն է դարձեալ. ինք համալսարանական է արդէն, ինձմէ հեռու, սակայն մանկական ձայնը անընդհատ ականջներուս մէջ... եւ ինք մանուկ՝ երազներուս մէջ...
Շատ ժամանակ չ՚անցնիր ու հեռաձայնս կը հնչէ, եւ... երիտասարդի մը ձայնը կը շնորհաւորէ մայրերու օրս... կ՚արթննամ:
Կը նստիմ այն արձանին դիմաց, որ աւարտական տարին նուիրած էր տղաս Մայրերու օրուան առիթով. կը շօշափեմ ձախ ձեռքիս մատնեմատին դրուած թելի նման բարակ ոսկեայ մատանին...
Տարիներ անցած են այդ օրէն, եօթը տարեկան էր տղաս, երբ գանձանակէն հանած ամբողջ դրամով կ՚երթայ մեզի ծանօթ ոսկերիչին ու կը հարցնէ.
-Ամմօ, այսքան դրամով ինչ ոսկի կրնամ առնել մամայիս համար...
-Գնա՛, անոր չափ նորէն բեր ու քեզի այս մատանին կու տամ:
Տղաս տուն կու գայ մօրմէս կ՚առնէ պահանջուածը. «Մամաս թող չգիտնայ, հա՞ մամի», կ՚ըսէ ու կը վազէ ոսկերիչին:
Իրիկունը երբ գործէս տուն եկայ մայրս փսփսաց. «Շուտ սենեակդ գնա, տղադ երկու ժամէ ի վեր գրասեղանիդ տակ պահուըտած քեզի կը սպասէ, յայտնի չընես»: Անկողինիս վրայ փունջ մը ծաղիկ ու սրտիկէ կարմիր տուփիկ մը գտայ, երբ տուփիկը բացի, տղաս դուրս եկաւ գրասեղանիս տակէն օղակեց վիզս իր պճըլիկ թեւերով... այդ մատանին երբեք չեմ հանած մատէս, աշխարհը տան այդ չեմ տար... այդ իմ աշխարհս է որ այդպէս կլոր ինն ամիս պահեցի արգանդիս մէջ ու մեզ միացնող պորտալարը՝ այդ օրը մանչուկս օղակեց մատիս... Իր առաջին առանձին մտածած նուէրն էր ինծի...
Եւ այլեւս ամէն տարի փունջ մը ծաղիկն ու նուէրը կը գտնէի անկողինիս վրայ:
Դարձեալ Մայրերու օր էր, տղուս դպրոցի աւարտական տարին։ Գործէն եկայ տուն, է՛հ, ոչ միայն զաւակները այլեւ մայրերն ալ գիտեն վարժուիլ ու շփանալ: Սենեակիս դուռը բացի ու անկողինիս վրայ բան չկար, վայրկեանի մը համար տխրեցայ. մայրս ու տղաս հիւրանոցն էին, ես մօրս համար առած նուէրովս մտայ ներս, եւ...
...Սեղանին մէջտեղը արձան մը դրուած էր, մայր մը զաւակը գրկած, վրան արձանագրութիւն մը. «Մամայիս՝ երջանիկ մայրութիւն»: Ուզեցի գրկել զինք այնպէս ինչպէս արձանին մայրը իր զաւակը, բայց տղաս հասակս անցած էր արդէն: Յիշեցի իրեն նուիրած տողերս… Հազիւ երկու ամսու էր, այդպէս գրկած զինք ծնողքիս տունը դարձայ, աշխարհէն յուսահատ, սէրէն՝ յուսախաբ, հաւատքս կորսնցուցած, ապրելու տենչս՝ մարած, ու անլեզու մանկիկիս ճիչերն ու պտըլիկ թաթիկներով փաթթուկները ետ աշխարհ դարձուցին՝ մայրութեան աշխարհը, մայրական սիրոյ անհուն աշխարհը.
Ես չէի գիտեր,
Որ աշխարհն ամբողջ
Չորս հնչիւն է լոկ,
Ըսուած շրթներով
Մանկիկիս թոթով։
Ու չէի գիտեր,
Որ կեանքս տխուր՝
Պիտ՚ ժպտար նորէն
Անմեղ մանկիկիս
Շրթներուն մէջէն…
Կը նայիս ինծի
Աչքերուդ մէջ ես
Կեանքս կը տեսնեմ,
Միայն քեզ համար
Ապրիլը կ՚արժէ…
Ինն ամիս քեզի
Գրկելուս փոխան,
Կեանքս բովանդակ
Սիրով լեցուցիր
Անգի՛ն հրեշտակ...
Պարգեւ երկնային,
Ի՜նչ հրաշք ես դուն,
Տխո՜ւր, միայնակ,
Այս ցուրտ օրերուս՝
Դուն՝ ծաղկած գարուն...
Ու ճիշդ էի երբ գրեցի.
Միայն քեզ համար
Ապրիլը կ՚արժէ...
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024