ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԿԱԽԵԱԼՈՒԹԻՒՆԸ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ

Ընկերային ցանցերը դարձած են գրեթէ բոլորի կախուածութիւնը։ Ընկերային ցանցերը, որոնց գործածութիւնը դեռ քանի մը տարի առաջ տարածում գտաւ, դարձան մեր կեանքի անբաժանելի մասը եւ ներկայիս անոնցմէ հրաժարիլ կամ հեռու մնալ անկարելի կը թուի։

Մենք այժմ հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր շատեր պարզապէս իրենց կեանքը կը ձեւաւորեն ընկերային ցանցերու մէջ երեւելի դառնալու եւ անոնց պարտադրած չափանիշներուն յարմարուելու համար։ Անոնք կ՚այցելեն ընկերային ցանցերու մէջ ամենասիրուած վայրեր, կը կրեն այդ ցանցերու մէջ ծանօթացուած հագուստներ եւ կը փորձեն համացանցէն հետեւիլ նորաձեւութիւններու, որպէսզի ուշադրութիւն գրաւեն։

Ինչպէս ծանօթ է, ընկերային ցանցերը դարձած են նաեւ մեր առօրեայ կեանքի մէկ մասը։ Մենք մեր ժամանակի մեծամասնութիւնը կը յատկացնենք ընկերային ցանցերու՝ փորձելով հետեւիլ անոնց ներկայացուցած ուղղութիւններուն։ Թէեւ ընկերային ցանցերը ձեւով մը դիւրացուցին մարդկային յարաբերութիւնները, սակայն սկսան գերեվարել մարդկութիւնը եւ փոխել զանգուածներու աւանդութիւնները։

Ներկայ դարաշրջանին փորձագիտութեան զարգացմամբ եւ համացանցի գործածութեան ընդհանրացմամբ մեր կեանքերուն մուտք գործած ընկերային ցանցերը՝ հակառակ հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան տեսանկիւնէ իրենց օգտակարութեան, ունին նաեւ անդառնալի վտանգներ։ «Netflix»ի «Ընկերային երկսայրաբանութիւն» վաւերագրական ժապաւէնը կը վերաբերի ճիշդ այս խնդրին։ Նշեալ վաւերագրականը դիտողները կը մղէ փոխել իրենց հայեացքը ընկերային ցանցերու նկատմամբ՝ կեդրոնանալով անոնց անհատներու, նոյնիսկ զանգուածներու վրայ ունեցած բացասական ազդեցութիւններուն վրայ։

Սոյն վաւերագրականի մէջ ներկայացուած են մանրամասնութիւններ՝ ներառեալ այն հանգամանքը, թէ ընկերային ցանցերը ինչպէ՛ս մարդիկը կը դարձնեն խամաճիկներ եւ կը պատճառեն կախեալութիւն։ Աւելի՛ն, այս բոլորը կը բացատրուին ընկերային ցանցերէ եւ զանազան մետիայի հարթակներէ ներս բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած մարդոց կողմէ։ Անոնք լոյս սփռած են ընկերային ցանցերու վերաբերեալ զանազան հարցականներու. ինչպէ՛ս ընկերային ցանցերը կը հիմնաւորեն մարդոց վարքն ու բարքը՝ անոնց պարտադրելով պահպանել որոշ կանոններ, ինչպէ՛ս կ՚որոշեն մեր էջերուն վրայ յայտնուած ազդերը, անոնց ալկորիթմները…

Փաստավաւերագրական ժապաւէնի ամենաուշագրաւ բաժինը այն է, թէ այս բոլորը անձամբ կը հաղորդուին ընկերային ցանցերու եւ զանազան համացանցային հարթակներու մէջ նախապէս աշխատակցած մարդոց կողմէ։ Նոյնիսկ այն փորձագիտական հանճարները, որոնք աջակցած են այդ ծառայութիւններու զարգացման, ունեցած են նաեւ կախեալութիւն։ Յամենայնդէպս, անոնք ներկայիս իրենց երեխաներուն թոյլ չեն տար օգտագործել այդ ցանցերը մինչեւ հասնին որոշ տարիքի մը։

Սթենֆորտի համալսարանի հետազօտող տքթ. Միխալ Քոզինսքի 2015 թուականին կատարած արհեստական բանականութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակեց՝ յայտնելով հետեւեալը. «Այժմ ալկորիթմներ աւելի լաւ կ՚ընկալեն ձեր անհատականութեան գիծերը՝ քան ձեր ընկերները»։ Ըստ Քոզինսքիի հետազօտութեան արդիւնքին, արհեստական բանականութիւնը կրնայ աւելի ճշգրիտ եզրակացութիւններու յանգիլ մեր մասին՝ քան մեր ամենամտերիմները։

Քոզինսքի յանգած է նաեւ այս եզրակացութեան, թէ համակարգչային ալկորիթմներ կրնան մանրամասն վերլուծութիւն կատարել՝ զննելով ընկերային ցանցերու մէջ մեր հետաքրքրուած լրատուութիւնները, էջերը, ազդերը կամ մեկնաբանութիւնները։ Արհեստական բանականութեան օր ըստ օրէ զարգացման զուգահեռ, համակարգիչները այժմ բացարձակ առաւելութիւն ունին անոնցմէ օգտուողներու անհատականութեան վերլուծութեան կապակցութեամբ։ Նոր արտադրուած համակարգիչները ճի՛շդ ալկորիթմներով կ՚ուսումնասիրեն մեծ քանակութեամբ տուեալներ՝ վերլուծելու համար անձի մը հոգեբանութիւնը, որ յաճախ չ՚արտայայտեր իր շուրջիններուն։ Այստեղ հարկ է նշել, որ վերլուծութիւնը կը կատարուի՝ հաշուի առնելով անձի մը թուային հետքերը. օրինակ՝ համացանցի վրայ բոլոր հրապարակումները, ժողովրդագրական տուեալները, ընկերները, հետեւած էջերը, բաժանորդագրութիւնները… Այսինքն՝ զարգացող արհեստական բանականութիւնը տուեալներու մեծ հաւաքածոյ մը կ՚ուսումնասիրէ եւ վերլուծութիւն կ՚ընէ ու զայն կ՚առաջնորդէ յօգուտ այդ համակարգի շահերուն։

«Եթէ ապրանքի մը չէք վճարեր, ուրեմն ապրանքը դուք էք», կ՚ըսէ Քոզինսքի։ Ընկերային ցանցերու գրեթէ բոլորի աշխատանքային մոտելը հիմնուած է անձը հեռաձայնի պաստառին դիմաց աւելի երկար պահելու վրայ։ Ուստի, պէտք է աւելի լուրջ դիտարկել փորձագիտութեան ընկերային եւ հասարակական ազդեցութիւնները, մինչ փորձագիտութիւնը հետզհետէ աւելի կը մտերմանայ մեր առօրեայ կեանքի հետ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024