ՀԱՅՃԱՐ-Ի 9-ՐԴ ՏԱՐԻՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի պատշ­գա­մին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­ճար»ի հիմ­նադ­րու­թեան 9-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Իս­կա­պէս փայ­լուն հան­դի­սու­թիւն մըն էր այս մէ­կը՝ մա­նա­ւանդ, որ ան­մի­ջա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ ե­րե­կոյ­թի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ, ո­րոնք միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը ա­ռիթ նկա­տե­ցին դրուա­տի­քով անդ­րա­դառ­նա­լու «Հայ­ճար»ի կող­մէ ցարդ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան, ար­ժե­ւո­րե­լու աշ­խա­տան­քին նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ խրա­խու­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու ա­պա­գա­յի հա­մար։ 

«Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօֆ եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ամ­րան շրջա­նի այս ա­ւան­դա­կան ընթ­րի­քին մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք փու­թա­ցած էին բաժ­նել տա­րե­դար­ձի ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ժան Կավ­րի­լօֆ, միու­թեան վար­չա­յին­նե­րէն Նա­զար Պի­նաթ­լը, ինչ­պէս նաեւ նախ­կին սկիւ­տա­րաբ­նակ այժմ ֆրան­սա­հայ բա­րե­րար Հրաչ Քըր­մը­զեան։ Ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ Ա­րա Համ­բա­րեա­նի, Հրանդ Քա­րա­հա­նի, Սե­րէն Քու­լօղ­լուի եւ Այ­չա Ի­չէ­նի կող­մէ գոր­ծադ­րուած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րով։ Մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ հա­տուե­ցաւ նաեւ «Հայ­ճար»ի 9-րդ տա­րե­դար­ձին կար­կան­դա­կը։

Ձեռ­նար­կին տե­ւո­ղու­թեան ներ­կա­նե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու «Հայ­ճար»ի յա­ռա­ջի­կայ կարգ մը ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Այս­պէս, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած, ե­րի­տա­սարդ տար­րե­րէ բաղ­կա­ցեալ այժ­մու վար­չու­թիւ­նը, որ կը գլխա­ւո­րուի Ժան Կավ­րի­լօ­ֆի կող­մէ, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս կա­րե­ւոր ծրագ­րի մը ձեռ­նա­մուխ պի­տի ըլ­լայ՝ Հրաչ Քըր­մը­զեա­նի բա­րե­րա­րու­թեամբ։ Պի­տի վե­րա­նո­րո­գուի ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի շի­րի­մը։ Հրաչ Քըր­մը­զեան, որ­պէս նախ­կին թա­ղե­ցի գե­րեզ­մա­նա­տուն այ­ցե­լե­լու ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձած է, որ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի շի­րի­մը պէտք է բա­րե­կար­գուի։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ շփման մէջ ան­ցած է Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հետ, որ գա­ղա­փա­րը ող­ջու­նե­լով յանձ­նա­րա­րած է աշ­խա­տիլ «Հայ­ճար»ի հետ։ Այս­պէ­սով ծնունդ ա­ռած է այս խորհր­դան­շա­կան ծրա­գի­րը, որ կեան­քի պի­տի կո­չուի յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Միւս կող­մէ, ե­րէկ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան շրջա­նին «Հայ­ճար» ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ դէ­պի Հա­յաս­տան։ Ուս­տի, միու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­ներ փու­թով ի­րենց մօտ ար­ձա­նագ­րել տան ա­նուն­նե­րը՝ որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ անհ­րա­ժեշտ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նել։

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015