ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքը այս տարի եւս համայնքային շրջանակներէն ներս արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի կողմէ գլխաւորուած միջմիութենական յանձնախումբը կազմակերպած էր ձեռնարկը։ Աւարտական փուլին հանդէս եկան Եշիլգիւղն ու Սէմէրճեանը։ Արդիւնքին ախոյեանի տիտղոսը նուաճեցին եշիլգիւղցիները։ Դափնեկիրներու շարքին էին նաեւ Կեդրոնականն ու Գարակէօզեանը։ Խաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022