ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ ԿՈԹՈՂԸ

Երեւանի մէջ արդէն եզրափակուած է Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը։ Շաբաթավերջին, Մատենադարանի երդիքին տակ հայ եւ օտար գիտնականներուն զեկուցումներով աշխատանքը ընթացաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ։ Շաբաթ երեկոյեան, յայտագրի գիտական բաժնի գործնական աւարտին, Մատենադարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական ցուցահանդէսի մը բացումը։ «1 տարուայ յաւերժութիւնը. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումները» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը համախմբեց թէ՛ քոնկրէսի մասնակից գիտնականները եւ թէ բազմաթիւ հիւրեր։ Աւելի վերջ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը Մատենադարանի դիմաց հանդէս եկաւ փառաշուք համերգով մը։ Երաժշտական կատարումներու համազօր ներկաները տպաւորուեցան՝ Մատենադարանի շէնքին ցոլացած լուսախաղերով։

Երէկ առաւօտեան գիտական նիստերէն վերջ, կէսօրին սկսաւ քոնկրէսի օրակարգի յաջորդ փուլը՝ ուղեւորութիւն դէպի Հայաստանի հարաւի Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերը՝ ներառեալ Տաթեւի պատմական վանական համալիրը։

Խումբը այսօր ալ կը շարունակէ շրջագայութիւնը եւ երեկոյեան կը վերադառնայ Երեւան։

Հայագիտական միջազգային քոնկրէսին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

*

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու համատեղ քննարկման վերաբերեալ հրապարակուած է յայտարարութիւն մը, զոր ստորագրուած է՝ Մատենադարանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Հայագիտական միջազգային քոնկրէսին ընդառաջ, 2024 թուականի յուլիսի 17-ին, Մաշտոցի Մատենադարանին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հանդիպում-քննարկում։

Հանդիպման մասնակիցները ներկայացուցին ձեռագիր հաւաքածոներու ներկայ վիճակը, վերականգնման ոլորտի առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ համատեղ ուսումնասիրութիւններու, անոնց մէջ բարձր թեքնոլոժիներու կիրառման, ցուցադրութիւններու եւ հրատարակութիւններու հնարաւորութիւնները։ Քննարկուեցան ձեռագրական կեդրոններու միջեւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու, ամրապնդելու եւ համընդգրկուն դարձնելու միջոցներն ու հեռանկարները։ Մասնակիցները ցանկութիւն յայտնեցին, շարունակել նշեալ ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը եւ նպաստել անոր խորացման։ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան ներկայացուց հայերէն գրաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ հայագիտութեան ոլորտներէ ներս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու ծրագրերը։ Նախարարը մեծապէս գնահատեց հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու համագործակցութիւնը եւ այդ գործին մէջ Մատենադարանի նախաձեռնողականութիւնը՝ զանոնք համարելով հայերէն գրաւոր մշակոյթի պահպանման կարեւոր նախապայման։

Բարձր գնահատելով հանդիպման կարեւորութիւնը՝ մասնակիցները ընդգծեցին Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի, որպէս համագործակցութեան ամրապնդման եւ առկայ խնդիրներու լուծման հարթակ դարձուելու անհրաժեշտութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024