ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի յատուկ խնամքի կարօտ երախաներու յանձնախումբի՝ ZİBEÇ-ի տարեվերջի հանդիսութիւնը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ընտանեկան խրախճանքի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներէն Կարպիս Փոլատ, հոգաբարձութեան նախկին փոխ-ատենապետ Գրիգոր Տէօշէմէճեան, ZİBEÇ-ի վարչութեան ատենապետ Տիգրան Տիւլկէրեան, ընդհանուր համակարգող Կիւլֆիտան Էօվիւնչ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, իսթանպուլահայ վարժարաններէն ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ ծնողներ։
ZİBEÇ-ի տարեվերջի հանդիսութեան զուգահեռ կազմակերպուած էր նաեւ քէրմէս մը։ Հաստատութեան տիկնանց կազմին ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ նախորդեց տարեվերջի հանդիսութեան։ Այս քէրմէսի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ վաճառքի դրուած խճանկարներն ու յախճապակիները ստեղծագործուած էին ZİBEÇ-ի տղոց կողմէ։ Այս երեւոյթը խոր իմաստ մը վերագրած էր քէրմէսին, որու այցելուները իսկապէս զմայլանքով ականատես եղան տղոց կողմէ տարուած աշխատանքի արդիւնքին։
Քէրմէսէն վերջ սկսաւ տարեվերջի հանդիսութիւնը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ հինգերորդ անգամ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ վաստակաւոր դերասան Հերման Օզինեանի հանդիսավարութեամբ։ Ծանօթ է, որ Հերման Օզինեան ZİBEÇ-ի հիմնադրութենէն ի վեր իր անփոխարինելի զօրակցութիւնը կը բերէ անոր։ Ձեռնարկի տեւողութեան տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ներկայացուցած երգերով ու պարերով։ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթն ալ հանդիսութեան վերջընթեր հանգրուանին միացաւ ZİBEÇ-ի տղոց եւ համատեղ այս ելոյթը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլոր հանդիսատեսներուն վրայ։ Այս համատեղ պարը միասնական ջանքերով կազմակերպած էին Կիւլֆիտան Էօվիւնչ եւ «Մարալ»ի պարուսոյց Կարպիս Չափքան։
Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին բեմ բարձրացաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բոլորը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ լիուլի ապրեցան՝ միասնաբար նոր ամառնամուտ մը ողջունելու ուրախութիւնը։
Տարեվերջի հանդիսութեան առթիւ ZİBEÇ-ի պատասխանատուները մեզի յայտնեցին, թէ առանձնապէս ոգեւորուած էին երէկուան ձեռնարկին իսթանպուլահայ վարժարաններու աշակերտներուն կողմէ բերուած մասնակցութեամբ, որովհետեւ իրենց գլխաւոր նպատակն է ZİBEÇ-ի տղոց գիրկընդխառնուիլը միւս երախաներուն, իրենց տարեկիցներուն հետ։