ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզն ու իր ընկերները։ Խումբին հետ էին նաեւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Օրթագիւղցիները տեղեկացուցին, թէ յառաջիկայ Յունիսի 27-ին նախատեսուած է համալսարանականներու հաւաքի մը իրականացումը։ Ծրագրի մանրամասնութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելէ վերջ օրթագիւղցիները ձեռնարկի մասնակցելու հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ թաղի եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ներկայ կացութեան։
Ընդհանուր Փոխանորդը ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար՝ Օրթագիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։