ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԸՆԹՐԻՔ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ Ի ՆՊԱՍՏ
Պէյազըտի «Փրեզիտընթ» պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուան միջնակարգի շրջանաւարտներուն ի պատիւ ընթրիք մը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ երեկոյթը, որու ընթացքին Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ տղաքը խրախուսուեցան՝ իրենց կրթական կեանքի այս կարեւոր ճամբաբաժանին։
Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Գարապուլութ, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, ուսուցչաց կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Մինչ ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտներուն սրահ մուտք գործելը, տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ընթրիքի տեւողութեան հաճելի ժամանց ունեցան շրջանաւարտները, որոնց ի պատիւ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։
Տղաքը ամրան բարի արձակուրդի մը մաղթանքով հրաժեշտ առին իրարմէ՝ վերամուտին դպրոցի մէջ զիրար վերագտնելու համար։