ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՃԵԶՕ ԹԱՇԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց համայնքային յայտնի բարերար Ճեզօ Թաշը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց երկար տարիներէ ի վեր Ճեզօ Թաշին կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բերուած նպաստը։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ Ճեզօ Թաշի նման նուիրեալ բարերարներու աջակցութեան նշանակութիւնը կ՚արժեւորուի ժամանակներու ընթացքին։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Ճեզօ Թաշ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան համայնքային օրակարգի զանազան նիւթերու շուրջ։ Հուսկ, Ամեն Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց իր գնահատանքը յայտնի բարերարին նկատմամբ եւ անոր տուաւ իր օրհնութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022