ՊԷԶՃԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Գումգաբուի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները զիրար վերագտան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Առաւօտուն կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին մասնակցելէ վերջ բոլորը համախմբուեցան «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։ Սիրոյ սեղաններու շուրջ համախմբուած պէզճեանցիները բարձր տրամադրութեամբ զրուցեցին իրարու հետ եւ հետեւեցան օրուան յայտագրին։ Բաժակի պահուն խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին՝ մինչ յոբելեար շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Պէզճեանցիները առիթն ունեցան նաեւ դպրոցին մէջ շրջայց կատարելու եւ իրենց աշակերտական շրջանը վերյիշելու։

Ձեռնարկի աւարիին օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023